Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Հայ Օգնութեան Միութիւնը մեծ յուզմունքով կը հետեւի Փետրուար 6, 2023ին, վաղ առաւօտեան Սուրիոյ եւ տարածաշրջանին մէջ պատահած 7.8 ուժգնութեամբ ցնցած երկրաշարժին աղէտալի հետեւանքներուն: Հիւսիսային Սուրիոյ քաղաքները մանաւանդ Հալէպը մեծապէս ցնցուած են եւ անգամ մը եւս մեր զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը կը յայտնենք Սուրիահայ գաղութին, որոնք կրկին անգամ կը գտնուին ծանր պայմաններու մէջ:
Ցնցումներու հետեւանքով կան մարդկային զոհեր, վիրաւորներ, քար ու քանդ եղած փլատակ շէնքեր. Մինչ այդ փրկարար աշխատանքները տակաւին կը շարունակուին: Նախնական տուեալներով կան երկու հայ զոհեր՝ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի անդամ ընկերուհի Միրնա Մինասեան Թէնէքէճեան եւ իր որդին:
Մեր խորհին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք զոհուածներու հարազատներուն եւ ՍՕԽաչի սգակիր ընկերուհիներուն, մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում բոլոր վիրաւորներուն:
Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր առաքելութեան ընդմէջէն եղած է ու միշտ կը մնայ առաջնագիծի վրայ, մանաւանդ այն պահուն երբ որեւէ աղէտ կը սպառնայ մեր ազգին։ Այսօր, դարձեալ կոչ կ՛ուղենք ՀՕՄի աշխարհասփիւռ միաւորներուն, եւ բոլո՛ր հայրենակիցներուն, անմիջապէս հարկ եղած քայլերը առնելու եւ օգնութեան ձեռք մեկնելու այս ծանր երկրաշարժէն տուժած մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
Ձեռք ձեռքի մեր հայրենակիցներու կողքին
Ժողովուրդիս հետ Ժողովուրդիս համար
Նուիրատուութեան համար այցելել www.ars1910.org/sar