կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-08-22 11:30
Աշխարհ

Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Յայտարարութիւնը Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Աշխատանքներու Վերաբերեալ

Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Յայտարարութիւնը Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Աշխատանքներու Վերաբերեալ

Օգոստոս 4-ին, Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած աղիտալի պայթումէն ետք, Գանատահայ գաղութը միասնականօրէն լծուեցաւ Լիբանանահայութեան օժանդակելու անյետաձգելի աշխատանքին:

Այս ուղղութեամբ, ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը առաջին իսկ օրէն հետեւողական ձեւով կապի մէջ մտած է Գանատայի պետութեան համապատասխան բաժանմունքներուն հետ եւ ջերմօրէն ուղջունած է Լիբանանի համար նախատեսուած Գանատայի աւելի քան 30 Միլիոն տոլարի օժանդակութեան ծրագրի յայտարարութիւնը:

Պետութիւնը նաեւ յայտարարած է, որ պատրաստ է Լիբանանի մէջ գտնուող գանատացի հպատակներուն տունդարձը ապահովել հնարաւոր բոլոր միջոցներով, ինչպէս նաեւ խոստացած է ձրիաբար երկարաձգել լիբանանեան հպատակաութիւն ունեցող անձերու ժամանակաւոր կեցութիւնը Գանատայի մէջ, որոնք այժմ կը գտնուին Գանատա աշխատանքային կամ զբօսաշրջային արտօնագիր-վիզայով:

Հարկ է նշել, որ հակառակ տարածուած որոշ տարաձայնութիւններու, առայժմ չկան յատուկ ծրագրեր, որոնք կը միտին լիբանանցիներու համար ներգաղթի դռները բանալ դէպի Գանատա:

ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը նոյն թափով պիտի շարունակէ իր աշխատանքները Գանատայի կառավարական օղակներուն հետ, ձգտելով ապահովել օժանդակութեան ու նպաստի ամէն միջոց, որմով կարելի պիտի ըլլայ նեցուկ կանգնիլ Լիբանանահայութեան վերականգնման կարեւոր աշախատանքին:

ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբ