կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-09-28 23:05
Հասարակություն

Հայ Օգնութեան Միութեան Մարդասիրական Ծրագիրները Արցախի եւ Հայաստանի մէջ

Հայ Օգնութեան Միութեան Մարդասիրական Ծրագիրները Արցախի եւ Հայաստանի մէջ

Այսօր, ազգովին կը նշենք Ադրպէյճանի վարչակարգին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ մեծ մաշտաբով պատերազմական գործողութիւններու առաջին տարելիցը: Ինչպէս միշտ, այսօր ե՛ւս, յանուն Հայրենիքի պաշտպանութեան մարտնչած մեր բոլո՛ր հայ զինուորներուն ու անոնց ընտանիքներուն կողքին ենք: Ինչպէս նաեւ կողքին ենք բոլոր անոնց, որոնք Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով կորսնցուցին իրենց սիրելի զաւակը, հայրը, ամուսինը, զոհաբերեցին իրենց առողջութիւնը, լքեցին իրենց պապենական տունն ու հողը եւ տակաւին կը դիմագրաւեն պատերազմի հետեւանքով իրենց առաջ դրուած բազմազան խոչընդոտներ: Ինչպէս անցեալին, ներկայիս եւս կը շարունակենք թիկունք կանգնիլ կարիքաւոր մեր հայրենակիցներուն: Աւելի ե՛ւս, կը շարունակենք սատարել մեր սահմանները պաշտպանող Հայ զինուորին:

Անցնող մէկ տարուան ընթացքին ազգովին ապրեցանք մեծ վիշտ, ցաւ ու կորուստներ, որոնք այսօր եւս զգալի են, երբ համայն հայութեան գոյութեան սպառնացող դարաւոր թշնամիին հետ, նոր համաձայնագրեր ստորագրելու փորձերը կը շարունակուին:

Կառչած մնալով Հայ Օգնութեան Միութեան առաքելութեան եւ յատկապէս անոր գործունէութեանց “Յատուկ յատկացումներ կատարել՝ սնունդ, դեղորայք եւ հագուստեղէն հայթայթելու պատերազմներու, համաճարակներու եւ բնական աղէտներու ժամանակ եւ օգնել հաշմանդամներու, հիւանդներու, կարօտեալներու, ռազմագերիներու եւ տեղահանուածներու” կէտին, Սեպտեմբեր 27, 2020-ին սկիզբ առած Արցախի պատերազմին առաջին իսկ օրէն, ՀՕՄ-ը իր ամբողջ ներուժը օգտագործեց, որպէսզի անմիջական օժանդակութեան աշխատանքները ի գործ դնելով ձեռք երկարէ վիրաւոր Արցախին ու մեր հայրենակիցներուն։

ՀՕՄ-ի ներկայութիւնը Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ անոր իրագործած ծրագիրները զանազան ոլորտներու մէջ վերջին 30 տարիներուն ընթացքին կու գան փաստելու ՀՕՄ-ի հաւատքն ու սէրը հայրենիքի բարօրութեան նկատմամբ։ Այսօր, կը գտնուինք տխուր իրականութեան դէմ հանդիպման, սակայն հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն, Հայ Օգնութեան Միութեան աշխատանքը յամառօրէն շարունակուեցաւ Արցախի մէջ։ Ընդհակառակը, 44 օրեայ պատերազմին ամբողջ տեւողութեանը, ինչպէս նաեւ անոր յաջորդող ամիսներուն, շարունակեց թիկունք կանգնիլ հայ զինուորին, ազատամարտիկին, երեխային, ընտանիքին եւ բոլոր կարօտեալներուն, որոնք ակնթարթի մը մէջ տեղահան եղան եւ կարօտ մնացին իրենց հայրենեաց տան։

Կեդրոնական Վարչութեան, Հայաստանի եւ Արցախի ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութիւններու եւ մասնաճիւղերու, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ ՀՕՄ-ի միաւորներուն ու համակիրներուն ճիգերով, կարելի եղաւ օժանդակութիւն տրամադրել հազարաւոր կարօտեալներու։ Վերջին ժամանակաշրջանին իրագործուած ծրագիրներուն կողքին, այսօր, Կեդրոնական Վարչութիւնը կը մշակէ նոր ծրագիր՝ օժանդակելու համար հայ գերիներու եւ անյայտ կորած զինուորներու ընտանիքներուն։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Սեպտեմբեր 27, 2020-էն սկսեալ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ՀՕՄ-ի կողմէ իրագործուած մարդասիրական աշխատանքներուն պատկերը։

-ՀՕՄ-ի Գանատայի, ԱՄՆ Արեւմտեան եւ Արեւելեան ափերու, Ֆրանսայի, Պելճիքայի, Յունաստանի հայ համայնքներուն եւ ՀՕՄ-ի միաւորներուն գործակցութեամբ, ընդհանուր $3,297,500 ամերիկեան տոլարի արժողութեամբ բեռներ ղրկուեցան դէպի Հայաստան եւ Արցախ, որոնք բաժնուեցան Հայաստանի զանազան մարզերու մէջ եւ Արցախի քաղաքներուն մէջ ապաստան գտած մեր հայրենակիցներուն։ Բեռները կը պարունակէին դեղորայք, վերարկուներ, հագուստներ, կօշիկներ, անկողնային պարագաներ, բժշկական իրեր, քնապարկեր, ուսապարկեր, մանկական կեր, կաթ, սայլակներ, քայլակներ, սննդեղէն, եւ այլ։

-ՀՕՄ-ի տարեկան “Ամանոր” ծրագիրը ընդլայնելով, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշում առաւ Յատուկ Ամանոր ծրագիրը առաջացնել, ըստ որուն 4,034 երեխաներ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ստացան ամանորի առթիւ նուէրներ, գրենական պիտոյքներ, դաստիարակչական խաղեր, բաճկոններ։

-Ի մտի ունենալով Արցախահայ ընտանիքներուն զանազան պէտքերը, ՀՕՄ-ը յաջողութեամբ իրականացուց “Թիկունք Կանգնինք Արցախահայ Ընտանիքին” բարեսիրական ծրագիրը, ըստ որուն, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ընդհանուր հազար ընտանիքի տրամադրուեցաւ $1000 ամերիկեան տոլար՝ չորս ամսուան ընթացքին ($250/ամիս)։ Ընդհանուր $1 միլիոն ամերիկեան տոլար յատկացուեցաւ այս ծրագրին իրագործման նպատակով։

-Պատերազմի սկզբնական շրջանին, երբ ՀՕՄ-ի Սօսէ մանկապարտէզներու պաշտօնէութիւնը իրենց քաղաքներէն հեռացած ու ապաստան գտած էին Հայաստանի զանազան շրջաններէ ներս, ՀՕՄ-ին կողմէ իւրաքանչիւր պաշտօնեայի յատկացուեցաւ նիւթական օժանդակութիւն, որպէսզի նոյնիսկ մասամբ կարելի ըլլայ հոգալ անոնց առօրեայ ծախսերը։ Ընդհանուր $24,596 տրամադրուեցաւ պաշտօնէութեան օժանդակելու նպատակով։

-ՀՕՄ-ը կ՛աշխատի նաեւ Երեւանի “Հերացի” Թիւ 1 Հիւանդանոցի Հայրենիքի Պաշտպանի Վերականգնողական Կեդրոնին օժանդակութիւն տրամադրելու գծով, որպէսզի յատուկ մասնագիտական ժամանակակից սարքեր տրամադրուին վիրաւոր զինուորներուն անհրաժեշտ բուժման համար։ Ցարդ, ՀՕՄ-ի միաւորներու յատուկ աշխատանքով ՀՕՄ-ի նիւթական աջակցութեամբ Կեդրոնը օժտուած է “anesthesia machine, orthopedic surgical table, arthrex arthroscopy tower” եւ արհեստական շնչառութեան սարքերով։ Ընդհանուր $184,000 յատկացուած է Վերականգնողական Կեդրոնին։

-Պատերազմի սկզբնական օրերուն ՀՕՄ-ի կողմէ անմիջական նիւթական յատկացումներ կատարուեցան 33 զոհուած եւ 41 վիրաւոր զինուորներու ընտանիքներուն։ Ընդհանուր $52,400։

-Ընդհանուր $5,123 յատկացուեցաւ Զուարթնոց շրջանին մէջ 165 ապաստանեալներու սնունդի ծախսերը մէկ ամիսով հոգալու համար։

-«Զոհուած Հերոսներու Զաւակներ» անուան տակ, ՀՕՄ-ը կը շարունակէ որբերու խնամակալութեան ծրագիրը։ Արցախի վերջին պատերազմին առաջին իսկ օրէն, Հայ Օգնութեան Միութիւնը անմիջապէս աշխատանքի անցնելով պատրաստեց անչափահաս երեխաներ ունեցող զոհուած զինուորներու նոր ցուցակներ, որպէսզի հովանաւորներու աջակցութեամբ կարելի ըլլայ ծրագրի նոր փուլի գործադրումը։ Այսօրուան տուեալներով, Հայաստանէն եւ Արցախէն, աւելի քան 1600 անչափահաս երեխաներ արձանագրուած են ՀՕՄ-ի մօտ։ Տարեկան $330 նուիրատուութեամբ կարելի է մէկ երեխայ հովանաւորել մինչեւ ան լրացնէ 18 տարիքը։

-Հայ Օգնութեան Միութիւնը չէր կրնար անտարբեր մնալ պատերազմի ընթացքին եւ անկէ անմիջապէս ետք անյայտ կորածներու հարցով։ Արցախեան պատերազմին հետեւանքով անյայտ կորածներու ընտանիքներուն օժանդակելու նպատակով, ՀՕՄ-ը Հոգատարութեան Արկղներու (care packages) ծրագիրը կը նախաձեռնէ։ Իւրաքանչիւր անյայտ կորածի ընտանիքին պիտի յատկացուի արկղ՝ հոգալու համար անոնց ամենօրեայ պէտքերը։

Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք ՀՕՄ-ի համակիրներուն, նուիրատուներուն եւ միաւորներուն, որոնց նիւթական աջակցութեամբ կ՛իրագործուին անմիջական օժանդակութեան ծրագիրները Արցախի եւ Հայաստանի մէջ։

Ժողովուրդիս հետ, Ժողովուրդիս համար կարգախօսով ՀՕՄ-ի աշխատանքները կը շարունակուին նոյն թափով։ Մարդասիրական ծրագիրներուն մասնակից դառնալու համար կրնաք ձեր նուիրատուութիւնը փոխանցել ՀՕՄ-ի Արցախի Օժանդակութեան Ֆոնտին։

horizonweekly.ca