կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-08-07 10:32
Սփյուռք

Հայ Դատի յանձնախումբը Լիբանանի օժանդակութեան գծով նամակ յղեց Գանատայի վարչապետին

Հայ Դատի յանձնախումբը Լիբանանի օժանդակութեան գծով նամակ յղեց Գանատայի վարչապետին

Օգոստոս 5 թուակիր նամակով մը, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը նամակ յղեց Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյին, նամակին մէջ նշելով Գանատայի հայ համայնքի ակնկալութիւնը Գանատայի դաշնակցային կառավարութեան կողմէ Լիբանանի աղէտին առնչուող շտապ օժանդակութեան առնչութեամբ։

Անդրադառնալով Լիբանանի արդէն իսկ տնտեսական տագնապահար կացութեան, նամակին մէջ կը շեշտուի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք ստեղծուած աղէտի ահաւոր տարողութեան մասին։

Նամակին մէջ, Հայ Դատի յանձնախումբը Լիբանանի անմիջական մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու Գանատայի կառավարութեան պատրաստակամութեան գծով շնորհակալութիւն կը յայտնէ վարչապետ Թրուտոյին եւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայնին։

horizonweekly.ca