կարևոր
3076 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-05-03 13:30
Քաղաքական

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի մարմնին կողմէ 150 հազար ԱՄՆ տոլար հանգանակուեցաւ ի նպաստ Սուրիահայութեան

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի մարմնին կողմէ 150 հազար ԱՄՆ տոլար հանգանակուեցաւ ի նպաստ Սուրիահայութեան

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի մարմնին կողմէ հրապարակուեցաւ «Շտապ օգնութեան խօսուն պատկերներ» տեսերիզը

Շաբաթ, 29 Ապրիլ 2023-ին Գանատայի ՀՕՄ-ի եւ անոր ուղեկից միութիւններուն ցանցերով, ինչպէս նաեւ լրատուական՝ «Հայ Հորիզոն», «Նոր Հայ Հորիզոն» եւ այլ հարթակներով հրապարակուեցաւ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի մարմնին աշխատանքը ամփոփող տեսերիզ մը՝ 6 Փետրուարին Սուրիոյ աղէտալի երկրաշարժին պատճառաւ սուրիահայութեան մատակարարուած օժանդակութիւններուն վերաբերեալ:

«Հայ Հորիզոն» հեռուստաժամի կողմէ պատրաստուած տեսերիզի առաջին բաժնով հանդէս եկաւ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Ժամկոչեան Փալանճեան, որ ըսաւ. «6 Փետրուարին պատահած աղէտը ցնցեց ողջ հայութիւնը, Սուրիայէն մինչեւ այս ցամաքամասը: Մեր կեդրոններուն շուրջ հաւաքուած հայութիւնը՝ երիտասարդ ու պատանի, միջին տարիքի կամ տարեց, մեր դպրոցներու աշակերտութիւնը եւ մինչեւ իսկ ոչ հայաշատ քաղաքներու մէջ ապրող գանատահայը իր ուշադրութեան կեդրոնը դարձուց սուրիահայութիւնը»: Ապա խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՕՄ-ուհիներուն՝ իրենց տարած տքնաջան աշխատանքին առթիւ, ինչպէս նաեւ բոլոր նուիրատուներուն, բարերարներուն եւ ամբողջ գանատահայութեան, որոնք հաւատալով ՀՕՄ-ի առաքելութեան եւ վստահելով անոր գործելաոճին՝ անսակարկ նուիրումով իրենց լուման բերին սուրիահայութեան օժանդակութեան ի խնդիր:

Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, որ դրուատեց գանատահայ գաղութին լիաբուռն մասնակցութիւնը սուրիահայութեան օժանդակութեան, ՀՕՄ-ին եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին առաջացուցած Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ յանձնախումբի կամաւորներուն եւ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց սուրիահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:

Սուրիոյ Երկրաշարժի Օժանդակութեան Գանատայի Մարմնի ատենապետ եւ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամ Անի Հոթոյեան Ժոլի հակիրճ բացատրութիւն մը տուաւ նշեալ Օժանդակութեան մարմնին կազմաւորման եւ նպատակին մասին, ապա անդրադարձաւ Գանատայի ամբողջ տարածքին անհատական կերպով եւ միութիւններու կողմէ եղած նուիրատուութեանց գործընթացին, որուն որպէս արդիւնք հանգանակուած էր 150,000 ամ. Տոլար. կէսը արդէն փոխանցուած է ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, իսկ մնացեալը եւս շուտով կ’ուղարկուի:

Անկէ ետք ցուցադրուեցան Գանատայի տարածքին կատարուած ձեռնարկներէն, միջոցառումներէն եւ աշխատանքներերէն լուսանկարներ, որոնց բոլորին հասոյթները տրամադրուեցան վերոնշեալ մարմնին:

Տեսերիզի երկրորդ բաժնով վաւերագրական անդրադարձ մը կատարուած էր Հալէպի նախապատերազմեան մշակութային, ազգային-կրթական եւ հայապահպանման երկարամեայ փառահեղ ընթացքին, ապա պատերազմին եւ վերջերս զայն հարուածած աղէտալի երկրաշարժին: Մանրամասն տեղեկագրութեամբ ներկայացուած են բոլոր այն ծառայութիւններն ու օժանդակութիւնները, որոնք տրամադրուած են մեր աղէտեալ ժողովուրդին, եւ որոնց իբրեւ ապաստան ծառայած են գաղութին հայկական կառոյցներու եւ եկեղեցիներու սրահները, ինչպէս նաեւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի կամաւորներուն եւ ընկերաբժշկական կեդրոնին մատուցած սննդամթերքի, սննդակողովներու, հանդերձանքի, դեղորայքի, շտապ օգնութեան, նիւթական յատկացումներուն եւ այլ տեսակի զանազան օժանդակութիւնները, Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մէջ: Անդրադարձ կատարուած էր նաեւ այս ծիրէն ներս Բերիոյ Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշքարեանի այցելութիւններուն:

ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիրան Ամպարճեան եւս լայնօրէն անդրադարձաւ ՍՕԽ-ի տարած աշխատանքներուն երկրաշարժին յաջորդած օրերուն, ապա յետերկրաշարժին՝ առաւել եւս կազմակերպուած ու ծրագրաւորուած կերպով աշխատելու գործընթացին: Ան իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց աշխարհասփիւռ ՀՕՄ-ուհիներուն, որոնք ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս զօրավիգ կանգնեցան աղէտեալ մեր գաղութի զաւակներուն:

Աւարտին Պատկան Մամրնի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան զեկոյցով հանդէս եկաւ, որուն մէջ նախ յիշեց, թէ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութիւնը առաջացուցած էր երկու յանձնախումբեր. առաջինը մասնագիտական երկրաչափերէ բաղկացած, որոնք այցելելով հայկական կալուածներն ու մեր ժողովուրդին տուները՝ պատրաստած էին տեղեկագիրներ, որոնց հիման վրայ կարգ մը տուներու նորոգութիւնները կատարուած են արդէն, իսկ քանդուած բնակարաններու ընտանիքներուն առայժմ ապահովուած են այլ բնակարաններ: Իսկ երկրորդը՝ Երկրաշարժի Արտակարգ Վիճակի մարմինն էր, որ զբաղած էր երկրաշարժէն տուժած մեր ժողովուրդին կարիքները հոգալու հարցերով: Աւարտին ան իր շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքը ուղղեց յատկապէս ՀՕՄ-ի Գանատայի կառոյցին՝ իր ցուցաբերած աջակցութեան եւ օժանդակութեան համար:

Նշենք, որ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի մարմնին օժանդակող միութիւններն էին Գանատայի ՀՕՄ-ի կառոյցը, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէութիւնը, ՀՅԴ Արմէն Գարօ Ուսանողական միութիւնը, Համազգայինի Գանատայի շրջանը, ՀՅԴ ԳԵՄ-ն ու Պատանեկան միութիւնը եւ ՀՄԸՄ-ի Գանատայի շրջանը: