կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-05-17 16:44
Հասարակություն

Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի Առաջադրած Երեք Թեկնածուները Ընտրուեցան

Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի Առաջադրած Երեք Թեկնածուները Ընտրուեցան

Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններէն օր մը ետք` 16 մայիսին կարելի եղաւ յստակացնել արդիւնքները, որոնց հիման վրայ յաջողութիւն արձանագրեցին եւ ընտրուեցան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածուներ Յակոբ Բագրատունի (ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ)` Մեթն, Յակոբ Թերզեան` Պէյրութ Ա., Ճորճ Պուչիքեան` Զահլէ:

Արդարեւ, Լիբանանի մէջ որդեգրուած ընտրական «չքնաղ» օրէնքին հետեւանքով երէկ կէսօրէ ետք շրջանառութեան մէջ դրուեցան լուրեր, թէ Լեռնալիբանանի Բ. ընտրաշրջանին` Մեթնի մէջ յաղթանակ արձանագրած չորս ընտրացանկերէն` ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Միշել Մըրի «Միասին զօրաւոր» ընտրացանկէն, Ազգային ազատ հոսանք, Փաղանգաւոր եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն ընտրացանկերէն բացի, կայ հինգերորդ ընտրացանկ մը` «Նահուա տաուլա»-ն, որ կրնայ անցողիկ շեմը ապահովել:

Մինչ այդ, օր մը առաջ` առաւօտեան կանուխ ժամերուն, յստակ դարձած էր, որ ութ երեսփոխաններ ընդգրկող Մեթնի ընտրաշրջանին մէջ ընտրուած են ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` (հայ առաքելական), Միշել Մըր եւ Էլիաս Պու Սաապ (յոյն ուղղափառ), Մըլհեմ Ռիաշի (յոյն կաթողիկէ), Սամի Ժեմայէլ, Էլիաս Հանքաշ, Իպրահիմ Քանաան եւ Ռազի Հաժ (մարոնի):

Հետեւաբար, «Նահուա տաուլա» ընտրացանկին անցողիկ շեմը ապահովելու պարագային, անոր մարոնի թեկնածուն` Ժատ Ղոսընը կրնար երեսփոխան ընտրուիլ` մարոնի աթոռը զբաղեցնելու համար:

Ընտրական օրէնքին հիման վրայ ճշդուած այս քայլը պիտի նշանակէր` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ընտրուած երեսփոխան Ռազի Հաժի ձախողութիւնը, եւ ինքնաբերաբար Լիբանանեան ուժերուն պիտի ընծայէր երկրորդ երեսփոխան մը ունենալու կարելիութիւնը: Երկրորդ երեսփոխանը այս պարագային պիտի ըլլար Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան առաջադրած հայ թեկնածուն, ինչ որ պիտի նշանակէր Յ. Բագրատունիի ձախողութիւնը:

Լիբանանահայութիւնը սպասողական վիճակի մատնած այս կացութիւնը տեւեց շուրջ ութ ժամ, որոնց ընթացքին Ժտէյտէի Արդարութեան պալատին մէջ դարձեալ քուէահամար կատարուեցաւ կարգ մը քուէատուփերու, որոնք ընդգրկեցին Սին էլ ֆիլի, Պաուշրիէի եւ Պիսքանթայի քուէատուփերը:

Տուեալ ընտրաշրջանի խնդրոյ առարկայ քաղաքական ուժերը իրենց իրաւաբաններով եւ վստահուած անձերով ներկայութիւն դարձան Ժտէյտէի Արդարութեան պալատին մէջ, եւ յանկարծ երեկոյեան ժամը 7:50-ին յայտարարուեցաւ Ղոսընի յաղթանակը, որ, թէեւ իրարանցումի մատնեց լիբանանահայ գաղութի զաւակները, սակայն իր իսկութեան մէջ անպաշտօն էր:

Շուրջ կէս ժամ ետք յայտարարուեցաւ պաշտօնական արդիւնքը, որուն համաձայն, Ժատ Ղոսընի ընտրացանկը անցողիկ շեմը չէ կրցած ապահովել, հետեւաբար Ղոսըն պարտուած է, իսկ Յ. Բագրատունիի յաղթանակը` ամրագրուած:

ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն ընտրութեան լուրի պաշտօնական հրապարակումէն անմիջապէս ետք «Վանայ ձայն»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, նորընտիր երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ նախորդ փուլին արդէն իսկ ինք կը խօսէր այն մասին, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հարուածելու, տկարացնելու ճիգ կայ, իսկ ընտրութեան օրն ու յաջորդ օրը եղած հակասական վիճակները ատոր դրսեւորումներուն վերջին օրինակները կը հանդիսանան: «Այսօր շատ փորձեր կատարուեցան, որպէսզի մեր յաջողութիւնը քանդեն, սակայն, փա՛ռք Աստուծոյ, փա՛ռք Դաշնակցութեան Աստուծոյ եւ փա՛ռք մեր ժողովուրդին չյաջողեցանք, այն ժողովուրդին, որ այս կուսակցութեան համար պատրաստ էր ամէն ինչ ընելու: Կը հաւատամ, որ ժողովուրդը ուրախ է, որ ինքզինք ընտրեց, Դաշնակցութիւնն ու անոր առաջադրած թեկնածուները ընտրեց: Մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը, ինչպէս որ միշտ ըրած ենք, ինչպէս ալ ըրած են մեզ նախորդողներն ու պիտի ընեն մեզմէ ետք եկողները»:

Արդիւնքները գիտնալու սպասողական վիճակին մասին խօսելով` Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ կը գիտակցէր, թէ այս դաւադրութիւնն ալ պիտի անցնի, եւ հիմա, որ յաղթանակը մեր ժողովուրդին է, պիտի շարունակենք աշխատանքը: Ան բարձր գնահատեց ժողովուրդը, երիտասարդները եւ բոլոր կամաւորները:

Յաղթանակի լուրի պաշտօնական հրապարակումէն անմիջապէս ետք, հեւքոտ ու անձկութեամբ լեցուն երկու օրեր անցուցած լիբանանահայեր իրենց ուրախութիւնը կիսելու նպատակով ինքնաբուխ քայլով մը ինքնաշարժներու երթով, դրօշակներ պարզած, խիտ շարքերով համախմբուեցան «Շաղզոյեան» կեդրոնին առջեւ, ուր զիրենք ողջունեց, բոլորին շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ նորընտիր երեսփոխան Յակոբ Թերզեան: Երաժշտութեան եւ յաղթանակի արտայայտութիւններու կշռոյթներով երիտասարդները իրենց ուսերուն առին Յակոբ Բագրատունին` իրենց ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը արտայայտող քայլով մը:

Երիտասարդներուն եւ համակիրներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ նախորդ շաբաթներուն ժողովուրդին հետ ունեցած հանդիպումներուն եւ ժողովրդային հաւաքներուն ընթացքին երբ ինք կը հաստատէր, որ պիտի յաղթեն Դաշնակցութիւնն ու իր ժողովուրդը, լաւապէս գիտէր, որ յաղթանակին պիտի տիրանանք, իսկ միւս կողմէ ալ կը շեշտէր, որ փորձեր պիտի կատարուին դաւադրութիւններ սարքելու: «Անցնող երկու օրերուն կատարուածը դաւադրութիւն էր մեզի դէմ, սակայն շնորհիւ մեր ժողովուրդին, անոր կամքին եւ այն իրողութեան, որ մեր ժողովուրդը զօրաւոր է, մարդիկ չկարողացան յաջողցնել իրենց դաւադրութիւնը: Հպարտ ենք բոլորս` բոլորիս յաղթանակով, հպարտ ենք, որ դարձեալ միասին ենք, տասնամեակներ ամբողջ միասին ենք, այսօր միասին ենք, պիտի շարունակենք միասին մնալ նաեւ յառաջիկայ տասնամեակներուն ալ: Որքա՛ն ալ մարդիկ փորձեն պառակտել մեզ, տարօրինակ տարրեր սերմանել, մենք բոլորս պիտի մնանք մէկ բռունցք, որ պիտի ծառայէ Լիբանանի պաշտպանութեան, սփիւռքի պաշտպանութեան, Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան:

«Վարձքը կատա՛ր բոլորիդ, բոլոր անոնք, որոնք ամիսներէ ի վեր մեր ընտրական գործին մասնակից են, բոլորը` երիտասարդներ, երիտասարդուհիներ, երէցներ, պատանիներ, որոնք մեզի հետ էին, իրարու հետ էին, կամաւոր գործի լծուած էին: Երէկ, երբ ընտրական կեդրոնները կ՛այցելէի, տեսայ, որ ժամերով արեւուն տակ կանգնեցան, որպէսզի քուէարկեն իրենք իրենց, քուէարկեն Դաշնակցութեան: Փաստօրէն, ուրիշներ երբ իրենց քուէն ծախեցին, ուրիշներ երբ ընտրուեցան քուէ գնելով, մենք ընտրուեցանք ձեր բոլորին ձայներով ու վստահութեան քուէներով», հաստատեց Յակոբ Բագրատունի:

aztagdaily.com