կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-08-30 23:30
Աշխարհ

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Գանատայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ՝ Հայ Դատի յանձնախումբի քաղաքական ուղենիշները

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Գանատայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ՝ Հայ Դատի յանձնախումբի քաղաքական ուղենիշները

Սեպտեմբեր 20-ին, Գանատայի մէջ պիտի կայանան 44-րդ դաշնակցային խորհրդարանական ընտրութիւնները։ Ինչպէս անցեալին, այս անգամ եւս, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը հրապարակած է նախընտրական հանգրուանի քաղաքական առաջնահերթութիւններու թղթածրարը, որ կ՚ընդգրկէ Հայաստանի, Արցախի, եւ Գանատայի հայութեան առնչուող յանձնախումբի որդեգրած բազմաբեւեռ ուղենիշները։

Արցախեան հիմնահարցի գծով, թղթածրարը յստակօրէն կը նպատակադրէ ապահովել Հանրապետութեան ինքնորոշման և անկախութեան իրաւունքը եւ Գանատայի կառավարութենէն կը պահանջէ սկզբունքային դիրքորոշում ճշդել Արցախի կարգավիճակին գծով եւ ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը որպէս լիակատար անկախութեամբ պետականութիւն։

Գանատական ռազմական սարքերու Թուրքիոյ վաճառման արտօնագրերը կասեցնելու կառավարական որոշման գծով՝ յանձնախումբը պատերազմական սարքերու արտահանման վերահսկման գործընթացին գծով աւելի գործնական քայլերու ակնկալութեամբ՝ կը պահանջէ Պաքուի եւ Անգարայի նման սարքերու վաճառման ամբողջական արգելակումը եւ ի պահանջեալ հարկին տնտեսական պատժամիջոցներու որդեգրումը։

Թուրք-ատրպէյճանական նախայարձակման պատճառով, Արցախի մէջ յառաջացած մարդասիրական ճգնաժամին գծով, յանձնախումբը անհրաժեշտ կը նկատէ Գանատայի գործնական օժանդակութիւնը Արցախի տեղահանուած ժողովուրդին մարդասիրական կարիքներուն աջակցութեան ծիրէն ներս։ Միաժամանակ, կոչ կ՚ուղղէ Օթթաուայի պատկան իշխանութիւններուն վերահաս ըլլալու, որ Արցախի մշակութային յուշարձաններու քանդումն ու հոգեւոր ժառանգութեանց սրբապղծութեան դէպքերու անպատժելիութիւնը՝ մշակութային նորանոր ոճիրներու ճանապարհ կը հարթէ, ուստի Արցախի մէջ բազմադարեայ հայկական քաղաքակրթութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի վկաները հանդիսացող այդ յուշարձաններու ի սպառ ոչնչացումը կանխարգիլելու գործընթացը օրուան հրամայական է։

Յանձնախումբը կը յանձնանարարէ նաեւ, որ Գանատան, որպէս Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ մարդկային իրաւանց ջահակիր պետութիւն, միջազգային գետնի վրայ անհրաժեշտ քայլերու դիմէ ռազմական յանցագործութիւններու գծով պատասխանատուութեան ենթարկելու Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, ինչպէս նաեւ ճնշում գործադրէ Պաքուի իշխանութեանց վրայ՝ հայ ռազմագերիները անյապաղ ազատ արձակելու ուղղութեամբ։

Ողջունելով հանդերձ Գանատայի յանձնառութիւնը ուղղուած Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական գործընթացի դրական զարգացման ծիրէն ներս եւ այդ ուղղութեամբ Հայաստանի մօտ յատուկ դեսպանորդ պատուիրակ նշանակելու Օթթաուայի նախաձեռնութիւնը՝ յանձնախումբը լիայոյս է, որ Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու փոխշահաւէտ զարգացումը իրականացնելու համար, անհրաժեշտ է եւ առանցքային է Գանատայի մշտական դիւանագիտական ներկայացուցչութեան հաստատումը Երեւանի մէջ: Միաժամանակ, յանձնախումբը կը շեշտէ Գանատայի վճռորոշ դերակատարութիւնը Հայաստանի մէջ բարձրարժէք չափանիշներով ամրապնդուած ժողովրդավարութեան եւ ընկերային արդարութեան հաստատման ուղղութեամբ։

Պատերազմէն ետք, ատրպէյճանական զինուորական ստորաբաժանումներու կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելու, ինքնիշխան սահմաններէն ներս ներխուժելու բազմաթիւ փորձերն ու տարածքային անհիմն պահանջները, արդէն իսկ փխրուն հրադադարը վտանգի կ՚ենթարկեն եւ առ այդ, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՚ուղղէ Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ Գանատային, որ ի գործ դնէ իր ամբողջ դիւանագիտական ներուժը՝ պաշտպանելու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ պահպանելու հրադադարը։

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի հայկական հարցի լուծման սեւեռակէտը կը հանդիսանայ այն հիմնարար առաջադրանքը, որ Թուրքիա պարտաւոր է ընդունիլ ցեղասպանութեան իր անժամանցելի պատասխանատուութիւնը եւ ի դիմաց այդ յանցագործութեան կատարէ լիակատար հատուցում՝ բռնագրաւուած պատմական հայկական հողատարածքներու եւ մշակութային ու հոգեւոր բնաջնջուած կամ իւրացուած կառոյցներուն ու յուշարձաններուն համար: Այս ծիրէն ներս, Գանատան, արեւմտեան այլ գերտէրութիւններու հետ միատեղ, հնարաւորութիւնը ունի անհրաժեշտ ճնշումը գործադրելու թրքական իշխանութիւններուն վրայ` ճանչնալու իր գործած յանցագործութիւնը եւ առերեսուելու անցեալին հետ։

Հայ ժողովուրդի դատի արդար հանգուցալուծման հետամուտ եւ պահանջատիրութեան անվկանդ հետապնդման հաւատարիմ, Հայ Դատի յանձնախումբը Գանատայի դաշնակցային ընտրութիւններուն պիտի ներկայացնէ նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի միշտ աջակից հանդիսացած ընտրութեանց թեկնածուներու իր զօրակցական ցանկը եւ ինչպէս անցեալին, այս ընտրութիւններուն եւս կոչ կ՚ուղղէ գանատահայութեան, որպէսզի քուէարկեն ի նպաստ այդ թեկնածուներուն։

Տասնամեակներու իր փորձառութեամբ, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը գիտակից է, որ հայ ազգի դիմագրաւած բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման, «Զարգանալ՝ չզիջելով» սկզբունքին հաւաւարիմ, իրեն վիճակուած է պատնէշի վրայ անվկանդ շարունակելու Հայութեան Դատի արդար պայքարը եւ ամրագրելու Հայրենիքի եւ գանատահայութեան կենսաերթը՝ պատմականօրէն ամենէն դժուարին եւ բախտորոշ այս հանգրուանին ընթացքին։

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական