Միասին կարող ենք
կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2021-12-12 14:29
Քաղաքական

Էրիք Զեմուր կը մերժէ հայկական անուններ տալ մեր զաւակներուն. ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի հաղորդագրութիւնը

Էրիք Զեմուր կը մերժէ  հայկական անուններ տալ մեր զաւակներուն. ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի հաղորդագրութիւնը

Յառաջիկայ 11-15 Դեկտեմբերին, Էրիք Զեմուր պիտի մեկնի Հայաստան: Այս ճամբորդութիւնը չէզոք նախաձեռնութիւն մը չէ քաղաքական անձնաւորութեան մը կողմէ, որ հայ ժողովուրդի ներկայ իրավիճակին եւ 1915-ի ցեղասպանութեան ցաւալի պատմութեան անդրադառնալով, կը փորձէ հայ համայնքը օգտագործել զուտ իր անձնական նպատակներուն համար:

Չսխալինք. անոր զօրակցութիւնը հայ դատին եւ Արցախին կը ծառայէ միմիայն պատճառաբանելու՝ իր ցեղապաշտական եւ անխտիր բոլոր մահմետականները դատապարտող հիմնաւորումները («Մեծ Փոխարինում»ը):

Չենք կրնար մոռնալ, որ իր մօտիկ բարեկամը, իր խորհրդականն ու իրաւապաշտպանը, նոյնինքն Օլիվիէ Փարտօն է, Ազրպէյճանի փաստաբանը, որ իրաւական գործողութիւններ վարեց՝ ընդդէմ Արցախի եւ Ֆրանսայի քաղաքներու միջեւ ստորագրուած բարեկամութեան համաձայնագրերուն: Օլիվիէ Փարտօ միաժամանակ Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութեան աշխոյժ միջնորդ՝ Մաքսիմ Կուէնի փաստաբանն է:

Յիշեցնենք, որ Էրիք Զեմուր դէմ արտայայտուած է այսպէս կոչուած «Յիշողութեան» օրէնքներուն, կը նշանակէ նաեւ՝ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ կը մերժէ օտար անուններու անուանակոչումը, հետեւաբար՝ հայական անուններ տալ մեր զաւակներուն:

1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի պատերազմներու զոհերը չեն կրնար ծառայել մահմետականութեան եւ քրիստոնէութեան միջեւ «քաղաքակրթական պատերազմի» ցնորքներուն:

Հ.Յ.Դ. չ՚ընդունիր, որ մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը, մեր Սփիւռքն ու Հայաստանի ժողովուրդը օգտագործուին ու ծառայեն ցեղապաշտական եւ գերակայական շահերու:

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ

Փարիզ, 30 Նոյեմբեր 2021