Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Սիրելի հայրենակիցներ,
Ծանր ու վտանգաւոր կացութեան մէջ է Հայաստանը։ Վտանգուած է պետութեան գոյութիւնը, որովհետեւ տիրող վարչախումբը, անցնող մօտաւորապէս 3 տարիներուն ընթացքին, կարծէք միտումնաւոր կերպով, օրէ օր տկարացուց Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառոյցները։ Իսկ պատերազմի օրերուն, նոյն այդ վարչախումբին ու անոր ղեկավար ՆիկոլՓաշինեանի ապաշնորհ ու դաւաճանական կառավարման իբրեւ արդիւնք, մենք ունեցանք շատ ծանր կորուստներ, թէ՛ մարդկային եւ թէ՛ հողային։ Ունեցանք տասնեակ հազարաւոր նահատակներ ու վիրաւորներ, կորսնցուցինք մեր հայրենիքին մօտաւորապէս 25 տոկոսը, գրեթէ Լիբանանի չափ հողատարածք։
Այս կացութեան մէջ, երկրին ու պետութեան ճակատագրով մտահոգ խումբ մը քաղաքական ուժեր, ներառեալ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, կը փորձեն փրկել այն ինչ որ կարելի է դեռ փրկել։ Այս ճիգերուն մէջ առանցքային է Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը, իբրեւ պետութեան կործանման գործընթացին դիմադրող ուժ։
Ու ճիշդ այս օրերուն, երբ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ու յատկապէս անոր Հայաստանի կազմակերպութիւնը ամբողջ ուժով լծուած է հայրենիքի փրկութեան առաջնահերթ գործին, հարուած կը ստանայ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ մենատիրական ու անջատողական ձգտումներով խմբաւորումէ մը։
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյին կողմէ 8 Մարտ 2021-ին հրապարակուած «Ազդ»ը լայնօրէն կը բացատրէր այս երեւոյթը։ Իսկ մեր կազմակերպական կառոյցն ու Կազմակերպական Կանոնները մեզ օժտած են մեր մէջ ծագած անհասկացողութիւնները լուծելու շատ յստակ ու իրենց արդիւնաւէտութիւնը փաստած մեքանիզմներով։ 130 տարուան մեր կենսունակութիւնը ասոր լաւագոյն փաստն է։ Չենք ուզեր մտնել յաւելեալ մանրամասնութիւններու մէջ։
Սակայն կ՚ուզենք որ մէկ բան յստակ ըլլայ թէ՛ մեր ժողովուրդին, եւ թէ՛ Հայաստանի ու հայութեան ճակատագրով շահագրգռուած թշնամի թէ բարեկամ ուժերուն ու առ այս կը յայտարարենք,
Ո՛չ մէկ օտար ուժ, ո՛չ մէկ օտար ազդեցութիւն կրնան մեզ շեղեցնել մեր ազգային դերակատարութենէն, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ։
Կը վստահեցնենք բոլորին, որ մենք իբրեւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր.Կոմիտէ, կը մնանք հաստատակամ ու անզիջող՝ հայրենիքի ու պետականութեան պաշտպանի մեր դիրքերուն վրայ։
Հ.Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
Ապրիլ 5, 2021