Փոխարժեքներ
11 10 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 387.15 |
EUR | ⚊ | € 423.5 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.97 |
GBP | ⚊ | £ 506.82 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.07 |
Վերջին օրերուն քանի մը առիթներով կրկնուող Նիկոլ Փաշինեանի՝ Արցախը Ազրպէյճանի մաս նկատելու յայտարարութիւնները ոչ միայն անընդունելի են, այլեւ հատած են բոլոր կարմիր գիծերը:
Այսպէս կոչուած վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող անձը իր այս քայլով կ՛ոտնահարէ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ ամրագրուած Արցախի մասին յօդուածը, որուն համաձայն՝ «Հայաստանի համար անընդունելի պէտք է համարել միջազգային կամ պետական որեւէ փաստաթուղթ, ուր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը նշուած կ՛ըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ»:
Յիշեցման կարգով անգամ մը եւս յիշեցնենք համայն աշխարհին, որ Արցախի կարգավիճակը միանգամընդմիշտ որոշուած է 10 դեկտեմբեր 1991-ի համաժողովրդային կամքի արտայայտութեամբ, առ այդ, որեւէ իշխանութիւն իրաւասու չէ զայն բեկանելու։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի (Ֆրանսա, Պելճիքա, Հոլանտա) ամբողջ ընտանիքին ու շարքերուն անունով կը բարձրաձայնենք, որ մեզի համար ոչ միայն անընդունելի է, այլեւ ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ Արցախի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը եւ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը շրջանցող Փաշինեանի որեւէ աքթ կամ յայտարարութիւն, ինչպէս նաեւ որեւէ ստորագրած կամ ստորագրելիք փաստաթուղթ: Հազարաւոր նահատակներու թանկագին արիւնով եւ համազգային ծով զոհողութիւններով ազատագրուած ու ամբողջ երեսուն տարի պահպանուած եւ բարգաւաճած հայապատկան Արցախի ճակատագիրը մէկ անձի դաւադիր քմայքէն կախեալ չի կրնար ըլլալ: Մենք մեր բոլոր հնարաւորութիւններով եւ միջոցներով կը շարունակենք պայքարը եւ թոյլ չենք տար իշխանական ապազգային քլանին ազգակործան ու պետականաքանդ ծրագիրի իրագործման:
Կոչ կ‘ուղղենք բոլոր միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն, առանց գաղափարական ու յարանուանական խտրութեան՝ միանալու Արցախը թշնամի թուրքին զիջելու համահայկական ՈՉ-ին:
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ
23 Մայիս 2023
Փարիզ