կարևոր
5143 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-10-03 18:34
Սփյուռք Հասարակություն

Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (Ը.Ե.Մ.Մ.) Գլխաւոր Քարտուղարը եւ Սեւծովեան համագումարը Երեւանի մէջ

Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (Ը.Ե.Մ.Մ.) Գլխաւոր Քարտուղարը եւ Սեւծովեան համագումարը Երեւանի մէջ

2022 թ. Սեպտեմբեր 23-26-ը Երեւանի մէջ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը հիւրընկալեց Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (International Union of Socialist Youth, IUSY) Սեւծովեան տարածաշրջանի երկիրներու համագործակցութեան ժողովը:

Ժողովին մասնակցութիւն ունեցան 13 պատուիրակներ հինգ տարբեր երկիրներէ, այդ թւում կազմակերպութեան ղեկավար Ը.Ե.Մ.Մ. Գլխաւոր քարտուղար՝ Պռունօ Կոնսալվես, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ անդամ, ԸԵՄՄ փոխնախագահ՝ Սարինէ Աբրահամեան: Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի պատուիրակութիւնը կը ներկայացնէին՝ Հայաստանէն ընկհ. Սիւնէ Գէորգեան եւ ընկ. Գէորգ Ղազլեան եւ Արցախէն ընկ. Վահագն Խաչատրեան:

Ժողովին ողջոյնի խօսքով հանդես եկաւ ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ, «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր՝ Իշխան Սաղաթելեանը գնահատելով ԸԵՄՄ դերակատարութիւնն ու մեր երկրի այսօրուայ ծանր պայմաններուն մէջ ժողովի գումարումը Երեւան։ Ժողովի ընթացքին մասնակիցները զեկուցեցին իրենց երկիրներու եւ կազմակերպութիւններու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին, յատկապէս մարդակային իրաւուքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները: Ինչպէս նաեւ կարեւորուեցաւ Երիտասարդութեան դերը այս էական նշանակութիւն ունեցող խնդիրին բարձրաձայնման աշխատանքներուն ընթացքին:

Պատուիրակութիւնը եւ Միութեան նախագահութիւնը այցելութիւն կատարեցին Ծիծեռնակաբերդի 1 յուշահամալիր եւ Եռաբլուրի Զինուորական Պանթէոն։

Եռօրեայ ժողովը յագեցած օրակարգ ունէր: Երեւան եւ Գորիս 2 քաղաքներու մէջ տեղի ունեցան շարք մը կարեւոր հանդիպումներ մասնակցութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ՝ Կիրոյ Մանոյեանին, ԱՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանին,
«Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորներ՝ Աննա Գրիգորեանին, Ասպրամ Կրպէյեանին, Արթիւր Խաչատրեանին, եւ իրաւապաշտպան՝ Ռուբէն Մելիքեանին։ Հանդիպումներու ժամանակ, ի թիւս այլ հարցերու ներկայացուեցաւ Արցախի հակամարտութեան ծագումնաբանութիւնը, անցնող տասնամեակներու եւ ներկայիս ընթացող բանակցային գործընթացի մասին ամփոփ զեկուցումներ3 ։ Տրուեցան յստակ գնահատականներ՝ ազրպէյճանական յարձակողական քաղաքականութեան մասին, թշնամիին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ 2020թ. սանձազերծած պատերազմին, առ այսօր շարունակուող մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտումներուն, անպատիժ մնացած պատերազմական ոճրագործութիւններուն եւ ներկայիս Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներխուժելու վերաբերեալ:

Միութեան գլխաւոր քարտուղար՝ Պռունօ Կոնսալվես 4 շեշտեց,-« Ը.Ե.Մ.Մ. ոչ միայն ջատագովն է մարդու իրաւունքներու այլ յստակ կանգնած է Արցախի Ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի կողքին»։

Ը.Ե.Մ.Մ. փոխ-նախագահ, Պաղեստինեան Ֆաթըհ Երիտասարդական շարժման անդամ Սաիֆ Աքել 5 անդրադառնալով Արցախեան հակամարտութեան մասին հաստատեց՝ «Մեր դիրքորոշումը այն է, որ պէտք է յարգել էթնիք հայերուն ինքնորոշման իրաւունքը:

Դիմած ենք նաեւ Միջազգային Ազգերու Կազմակերպութեան ՄԱԿ-ին ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ յարգելու այդ տարածքին վրայ ապրող մարդոց իրաւունքները»:

Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի պատուիրակութիւնը, անդրադառնալով վերջին երկու տարիներու ընթացքին հայրենիքի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին՝ ներկայացուցմիութեան ծաւ ալած աշխատանքները՝ անվտանգային, քաղաքական եւ ընկերատնտեսական մարտահրաւէրները դիմագրաւելու ուղղութեամբ։

Ժողովը ընդգծեց, որ միջազգային օրէնքի եւ մարդակային հիմնարար իրաւունքներու անկողմանակալ եւ հաւասար պայմաններով իրացումը անհրաժեշտութիւն է:

Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութիւնը Ընկերվար-Միջազգա յնականի ուղեկից Երիտասարդական կազմակերպութիւնն է, որուն կ’անդամակցին աւելի քան 145 կազմակերպութիւններ՝ աշխարհի շուրջ 100 երկիրներէ:

ՀՅԴ Երիտասարդականը Ը.Ե.Մ.Մ.-ին լիիրաւ անդամ է:

_________________________________________________

1 ԸԵՄՄ պատուիրակութեան այցելութիւնը Ծիծեռնակաբերդ Յուշահամալիր, դիտել այստեղ:
2 ԸԵՄՄ պատուիրակութեան այցը Գորիս քաղաք, մանրամասներ այստեղ:
3 Կլոր Սեղան քննարկում «Իրավիճակը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Պատմական ակնարկ եւ ներկայ
մարտահրաւէրներ», դիտել այստեղ:
4 Պռունօ Կոնսալվեսի ամբողջական հարցազրոյցը դիտել այստեղ:
5 ԸԵՄՄ փոխ-նախագահ Սաիֆ Աքելի ամբողջական հարցազրոյցը դիտել այստեղ:

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակ