Փոխարժեքներ
18 01 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 398.94 |
EUR | ⚊ | € 410.95 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.8929 |
GBP | ⚊ | £ 486.63 |
GEL | ⚊ | ₾ 140.52 |
Այսօր կէսօրին, Հայկական երեսփոխանական գրասենեակ այցելեց եւ երեսփոխանական պլոքի անդամներուն հետ տեսակցութիւն ունեցաւ Արցախի հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիյեան:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, Յակոբ Բագրատունի բարի գալուստ մաղթեց Արթուր Մոսիյեանին եւ ներկայացուց Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Լիբանանի մէջ տարուած աշխատանքները: Ան կեդրոնացաւ յատկապէս լիբանանցի քաղաքական դէմքերու մօտ պլոքի տարած աշխատանքներուն վրայ` լիբանանեան պետական-հանրային կարծիքին մօտ հակամարտութեան ճիշդ էութիւնը պարզաբանելու, ինչպէս նաեւ թուրքեւազրպէյճանական քարոզչամեքենայի արտադրանքները բացայայտելու ուղղութեամբ: Ան յիշեց նաեւ, որ պլոքի անդամներուն տարած աշխատանքները տարբեր վեհաժողովներու ընթացքին Պաքուի ներկայացուցած հակահայ բանաձեւերուն չքուէարկելու իմաստով արդիւնաւորուած են:
Արթուր Մոսիյեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ բարձր գնահատեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի Արցախի հանրապետութեան ճանաչման համար տարած աշխատանքները: Ան անդրադառնալով Լիբանանի ծանր պայմաններուն հաստատեց, որ Արցախի ուղղութեամբ ընթացող բազմաոլորտ իրականացումները կրկնակի իմաստ կ՛ունենան յետպատերազմեան Արցախի վերականգնողական ծրագիրներուն մասնակից դառնալու առումով:
Ապա, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը հանգամանօրէն ներկայացուց Արցախի իրավիճակը` քաղաքական, անվտանգային եւ ընկերային մակարդակներով:
Պլոքի անդամները վերահաստատեցին, որ բոլոր պայմաներուն մէջ Արցախը կը շարունակէ մնալ լիբանանահայութեան ուշադրութեան կիզակէտը:
aztagdaily.com