կարևոր
2965 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-04-20 22:12
Աշխարհ

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը այցելեց ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջ. վարչութեան գրասենեակ

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը այցելեց ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջ. վարչութեան գրասենեակ

Երեքշաբթի, 18 Ապրիլ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը Ա. Մանուկեան Ժ. Տան Միութեան գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ընկերակցութեամբ՝ Պատկան Մարմինի Ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեանի եւ ներկայութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վարչութեան անդամ Մանուկ Քէօշկէրեանի։

Մտերմիկ հանդիպումի ընթացքին, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Աւետիս Տէրվիշեան բարի գալուստ մաղթեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին եւ անդրադարձ կատարեց ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանի գործունէութեան եւ ներկայ մարտահրաւէրներուն։

Շրջ. Վարչութեան անդամները Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը իրազեկ դարձուցին մարզական կեանքէն ներս Սուրիոյ մասնաճիւղերուն արձանագրած մարզական յաղթանակներուն եւ ձեռք բերած բաժակներուն։

Այցելութեան առիթով, Շրջ. Վարչութեան անդամները Բիւրոյի ներկայացուցիչին նուիրեցին միութեան 100-ամեակին առիթով հրատարակուած գիրքերէն։