կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-07-19 21:43
Աշխարհ

Հայաստան Ու Լիբանան. Կայ Կարիք Վերանորոգման

Հայաստան Ու Լիբանան. Կայ Կարիք Վերանորոգման

Քաղաքական ճգնաժամը կը շարունակուի թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ Լիբանանի մէջ: Ոչ միայն կը շարունակուի, այլ նաեւ մշտական երկարաձգումի նշաններ կու տայ:

Հայաստանի մէջ, Սահմանադրական դատարանի անկանխատեսելի որոշման նախօրեակին, ժամանակաւոր իշխանութիւնը կը վարուի որպէս մնայուն հաստատուած իշխանութիւն: Լուծուած խորհրդարանը արտակարգ նիստեր կը գումարէ եւ շատ թէական բարոյականութեամբ որոշումներ կը քուէարկէ: Կառավարութիւնը իր շաբաթական նիստերը կը գումարէ ու այլազան հարցերու մասին միշտ միաձայնութեամբ տարակուսելի օգտակարութեամբ հարցերու լուծում կու տայ: Ոստիկանութիւն եւ քննչական ծառայութիւններ, յատկապէս Սիւնիքի մէջ, արշաւի ձեռնարկած են` խուզարկութիւններ կը կատարեն ու կարծեցեալ մեղաւորներ կը ձերբակալեն: Ժամանակաւոր պաշտօնակատար վարչապետը նոր նշանակումներ կը կատարէ: Ժամանակաւոր իշխանութիւնները կը ստեղծեն այն տպաւորութիւնը, որ փոխուած ոչինչ կայ, ամէն բան լաւ է ու կայուն, միայն ժամանակաւոր դանդաղում մը ունեցած ենք, որ, ժողովուրդի կողմէ տրուած «մանտայով» կ՛աշխուժացնենք ու ընթացքի մէջ կը դնենք «օրէնքի եւ իրաւունքի տիքտատուրան»: Թէ «տիքտատուրան», այսինքն բռնապետութիւնը ինչպէ՛ս կարելի է կիրարկել օրէնքով ու իրաւունքի գերակայութեամբ, գիտէ միայն ան, որ համոզուած է օրէնքին ու իրաւունքին միակ աղբիւրը հանդիսանալու ժողովրդային լիազօրութեան:

Լիբանանի մէջ ինը ամիս կառավարութիւն կազմելու անկարողութեան մատնուած նշանակեալ վարչապետը հրաժարական տուաւ: Լիբանանեան թղթոսկիին արժեզրկումը կը շարունակուի (իր նախնական արժէքին մօտ տասնչորս անգամին հանելով), գիները կը բարձրանան, վառելանիւթի ու դեղերու տագնապը կը շարունակուի, տնտեսութիւնը կը քայքայուի, եւ աղքատացումը սրընթաց կ՛արշաւէ. ոչ միայն իշխանութեան դատարկումը տիրապետող, այլ նաեւ պետութեան գոյութիւնն իսկ այլեւս թէական դարձած է:

Երկու տագնապ, երկու ճգնաժամ, արտաքնապէս տարբեր դրսեւորումներով արտայայտուող, տարբեր ու նոյնիսկ հակադիր գործունէութիւններով առաջնորդուող, սակայն կորստաբեր նոյն արդիւնքը ցուցադրող, քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային նոյն քայքայումը ազդարարող վիճակներ:

Ո՞րն է աղբիւրը, թաքուն պատճառը պետութիւններու կայացման ու իշխանութիւններու ժողովրդավարական եղանակով կազմաւորման արգելքին: Թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ Լիբանանի մէջ ոչ միայն քաղաքացիական հասարակութիւն չէ կազմաւորուած, այլ նաեւ նեղ անձնական, եսամոլական ձգտումները շփոթուած են օրէնքին ու իրաւունքին հետ: Ուրիշ խօսքով, երկու երկիրներուն մէջ չենք տեսներ պետութեան նպատակային գոյութեան, ազգային ծրագրի մը գերակայութիւնը ուրիշ ամէն տեսակի նպատակներէ ու ծրագիրներէ:

Հայաստանի մէջ, Ղարաբաղի վերամիացման պայքարով սկսած ու անկախութեան առաջնորդած շարժումը ի վերջոյ շեղեցաւ իր սկզբնական նպատակէն ու խաղաղութեամբ ապրելու, բարգաւաճելու, հարստանալու պիտակին տակ յանգեցաւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման, Հայ դատի հետապնդման ու անոր մաս հանդիսացող Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին ժխտումին: Այդ ժխտումը բացայայտ կրնայ չարտայայտուիլ, սակայն ժողովրդային հոգեբանութեան մէջ առկայ է: Ժողովուրդի փոքրամասնութիւն հանդիսացող գիտակից հատուած մըն է միայն, որ կը վկայէ հայ ազգի ու անոր հայրենի պետութեան անէացման վտանգը: Պարտութեան ողբերգութիւնը ապրող ժողովուրդի ստուար զանգուած մը մոռցած է ազգային ամէն ապրում ու նպատակ, կը ժխտէ ինքնութեան պահպանման համար մղուած դարաւոր պայքարները ու խաղաղութիւն կը տենչայ ի գին որեւէ զիջումի: Չի հասկնար, որ այդ խաղաղութիւնը խաբուսիկ է, թերեւս ժամանակաւոր, բայց ի վերջոյ` կորստաբեր:

Լիբանանի մէջ, համայնքներու համաձայնութեամբ գոյացած Ազգային ուխտը փուլ եկած է: Թաէֆի համաձայնութեամբ վերանորոգուած համակեցութիւնը չի գործեր: Բազմաթիւ համայնքներու մասնակցութեամբ համախոհական ժողովրդավարութեան լիբանանեան տարազը նոր սահմանումի մը կը կարօտի:

Թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ Լիբանանի մէջ ազգային-պետական ծրագիր մը սահմանելու անհրաժեշտութիւնը ակներեւ է ու անյետաձգելի: Ոչ Հայաստանի ժողովուրդը իրաւունք ունի հրաժարելու իր պատմական առհաւական ժառանգութենէն, ոչ ալ Լիբանանի ժողովուրդը կրնայ` զինք կազմաւորող համաձայնական ոգիէն:

Երկուքն ալ կարիքը ունին վերանորոգման:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

aztagdaily.com