կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2019-12-16 12:17
Սփյուռք

Շարունակական թարմացման, շարունակական ստեղծագործական ոգիի արտայայտման եւ նոր միջոցներու որոնման անհրաժեշտութիւն կայ

Շարունակական թարմացման, շարունակական ստեղծագործական ոգիի արտայայտման եւ նոր միջոցներու որոնման անհրաժեշտութիւն կայ

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի՝ «Ազդակ», «Վանայ Ձայն» եւ «Օ. Թի. Վի.» միացեալ հարցազրոյցի շարունակութիւնը. (նախորդ բաժինը՝ այստեղ)

Յ. Հ.- Այս նուիրահաւաքի ընդհանուր գործընթացին մէջ տակաւին ամերիկեան ցամաքամասին վրայ նոյն տարողութեամբ նուիրահաւաքներ կը կազմակերպուի՞ն տեղւոյն ուժերով:

Յ. Տ. Խ.- Այո՛, Միացեալ Նահանգներու եւ Աւստրալիոյ պարագային նկատի առնուած է, որ ամբողջացուին այդ գումարները, որովհետեւ մեր կարիքները միայն երկու միլիոնի շուրջ չեն: Արդարեւ, ամէն տարի չէ, որ կը կազմակերպուին այս նախաձեռնութիւնները, այս գումարները քանի մը տարուան համար են, արդէն իսկ նախատեսուած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Աւստրալիոյ մէջ տարբեր ձեւաչափի, տարբեր միջոցներով հանգանակային արշաւ մըն ալ տեղի ունենայ 2020-ին:

Յ. Հ.- Անդրադառնանք կարեւոր նիւթի մը: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար երիտասարդութիւնը եւ ուսանողութիւնը միշտ ալ վայելած են յատուկ գուրգուրանք, կարեւորութիւն եւ հոգածութիւն: Նաեւ կանոնագիրով ամրագրուած է, որ ուսանողական միութիւնները իրենց լիազօր ներկայացուցիչներով կը մասնակցին նաեւ Դաշնակցութեան գերագոյն ընդհանուր ժողովներուն` իրենց ձայնը ուղղակիօրէն լսելի դարձնելու: Մեր կազմակերպութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ մեր ուսանողութեան տեղը միշտ յստակ եղած է, անոր դերն ու ընդհանուր պարտականութիւնը սահմանուած է իր իսկ կողմէ: Այսօր, այս իմաստով, բնական է, համաշխարհայնացման այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ կան որոշ մարտահրաւէրներ, որոնք կը սպառնան երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան, զանոնք հեռու պահելու գաղափարական, քաղաքական ոլորտէն եւ նետելու այնպիսի օրակարգերու մէջ, որոնք չեն նպաստեր մանաւանդ մեզի նման տակաւին բազում նպատակներ հետապնդող ազգի մը, այս պարագային` ՀՅԴ-ին: Այս մասին ի՞նչ ըսելիք ունիք:

Յ. Տ. Խ.- Մեզի համար էական նշանակութիւն ունին մեր երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան միութիւնները: Դաշնակցութիւնը այն կազմակերպութիւնն է, որ զգացած է անհրաժեշտութիւնը, որ իր երիտասարդութեան տայ ինքնակազմակերպման լայն կարելիութիւններ, որպէսզի անոնք դառնան ինքնիշխան միաւորներ, ուր պիտի թրծուին մեր երիտասարդները բառին ամբողջական առումով` իրենց ընտրեալ վարչութիւններով, իրենց յատուկ երիտասարդական խանդով ու յանդգնութեամբ աշխատող միութիւններ: Ուսանողականները ունին նաեւ յատուկ առաւելութիւն մինչեւ ընդհանուր ժողով պատգամաւոր ղրկելու, իսկ պատանեկան միութիւնները մատղաշ տարիքի սերունդ կը պատրաստեն, որպէսզի իրենք ալ դառնան նուիրեալներ` Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին: Ասիկա հիմնարար սկզբունքներէն մէկն է Դաշնակցութեան, որ այո՛, երիտասարդութիւնը մեր մէջ է, բայց երիտասարդութիւնը նաեւ ինքնակառավարող է, այն վայրն է, որ տարբեր միութիւններու ճամբով պէտք է ունենայ թռիչք, պէտք է ունենայ յանդգնութիւն, այսպէս կոչուած, սովորամոլութեան դէմ պայքարելու, բայց երկու հիմնական պայմաններով: Առաջինը այն է, որ ասոնք Դաշնակցութեան երիտասարդական-ուսանողական եւ պատանեկան միութիւններ են. ինչ կը վերաբերի մեր վախճանական նպատակին, ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի մեր հիմնական սկզբունքին, մեր գաղափարական հիմքին, մեր ընկերվարական մօտեցումներուն, յեղափոխական նկարագիրին եւ հայրենքի ու հայութեան ծառայելու անաչառ մօտեցումին, այս բաժինները անկարելի է, որ փոխուին: Այս բոլորը կը դառնան ընդհանուր ուղղութիւններ, որոնց սահմաններուն մէջ պէտք է գործեն այդ մեր երեք կազմակերպութիւնները, մնացեալները լրիւ կը մնան իւրաքանչիւրին ստեղծագործական ոգին եւ յանդուգն երիտասարդութեան յատուկ ոճին, որովհետեւ մենք կը քաջալերենք, որ մեր երիտասարդները ունենան հարցերու քննական մօտեցում, ունենան նաեւ մեր գաղափարախօսութեան նոր ձեւերու որոնում, որովհետեւ մեր երիտասարդները եւ ուսանողները մեզի պիտի բերեն նոր աւիշ եւ նոր մտածելակերպ: Մենք յատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձնենք մեր երիտասարդութեան, որովհետեւ անցեալի տարազը, որ կու տայինք, որ անոնք մեր ապագան են, պէտք է փոխենք քիչ մը, որովհետեւ անոնք նաեւ մեր ներկան են: Անոնք պէտք է այս ժամանակուան ղեկավարութեան ալ մաս կազմեն, չսպասեն անպայման, որ իրենց միութիւններուն մէջ սպասարկութիւնը վերջացնեն, ապա ծառայեն մարմիններուն մէջ: Մեր ղեկավար մարմիններուն մէջ ընդունելով երիտասարդներ, մենք հոն կը ստեղծենք այն միջավայրը, ուր նոր միտքեր, նոր մօտեցումներ գան, եւ մենք շարունակաբար վերաթարմանանք:

Յ. Հ.- Այս ծիրին մէջ կ՛արժէ անդրադառնալ Դաշնակցութեան համահայկական երիտասարդական-ուսանողական կառոյցի նախաձեռնութիւններուն, որոնք իրենց ընդգրկուածութեամբ կը ներառեն գործունէութեան բազմաթիւ բնագաւառներ` արտաքին-յարաբերական եւ հայրենիքի հետ ուղղակի կապի: Այս իմաստով ալ վերջերս գումարուեցաւ երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու խորհրդաժողովը, որուն արժեւորումը, խնդրեմ, կատարեցէք:

Յ. Տ. Խ.- Ճիշդ այդ համահայկական նկարագիրի արտացոլացումն էր գումարումը այդ խորհրդաժողովին, որ ունէր 55 մասնակից` շուրջ 20 երկիրներէ, ինչ որ ինքնին լաւ թիւ է, մանաւանդ որ այդ ժողովներուն մասնակցութիւնը բոլորին համար բաց չէ, անոնք ներկայացուցչական բնոյթ կը կրեն, իւրաքանչիւր շրջան իր ներկայացուցիչը կ’ուղարկէ, այլապէս հարիւրաւոր-հազարաւոր երիտասարդներ պիտի ունենայինք այդ ժողովին: Բայց եւ այնպէս ունինք այլ նախաձեռնութիւններ, որոնք մեծաթիւ երիտասարդներ կը համախմբեն, անոնցմէ մէկը, ինչպէս քիչ առաջ նշեցի, յառաջիկայ տարի կայանալիք համահայկական բանակումն է, որ կը յուսանք, յաջողութեամբ կը պսակուի:

Իսկ այդ խորհրդաժողովին քննուեցան բազմաթիւ հարցեր, որոնք կը վերաբերին մեր «Դէպի Երկիր» կարգախօսի գործնականացման, մեր երիտասարդութեան դաստիարակչական ծրագիրներուն, ուսանողական այլազան շրջանակներու մէջ տանելիք աշխատանքին, պատանեկան ընդհանուր վարիչ մարմիններու գործերու համադրումի, աշխատանքի բաժանումին եւ պատանիներուն համար գրաւիչ մթնոլորտ ստեղծելով` կապելու հայութեան, Հայ դատին եւ մեր ընդհանուր գաղափարախօսութեան: Բնականաբար խօսուեցաւ նաեւ մեր երիտասարդութիւնը շահագրգռող ընկերային շարժումներու, ընկերային գաղափարախօսութեան մասին: Նման խորհրդաժողովներու անպայման կը խօսուի նաեւ Հայ դատին մասին, որուն աշխատանքներուն երիտասարդութիւնը եւս մասնակից է, մենք ունինք մեծ թիւով ուսանողներ ու երիտասարդներ, որոնք մաս կը կազմեն տարբեր երկիրներու մեր Հայ դատի յանձնախումբերուն եւ կառոյցներուն: Շատ յաջող նախաձեռնութիւն էր, ուրախ ենք, որ մենք Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ գործող ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակին կողքին, ուր կը գործեն երկու երիտասարդ պատասխանատուներ` մէկը Հայաստանէն, միւսը Եւրոպայէն, ունինք Երիտասարդական խորհուրդ, որ բաղկացած է վերոնշեալ տարբեր բնագաւառներու վերաբերող պատասխանատուներէ: Ուրախ եմ ըսելու, որ 60-100 հոգի արդէն կ’աշխատի այդ համադրումի համակարգին մէջ, եւ իւրաքանչիւր երկրի մէջ ունինք ուսանողականի, երիտասարդականի եւ պատանեկանի բազմահարիւր անդամներ, որոնք աշխարհի տարածքին կը հասնին տասնեակ հազարաւորի եւ կը հանդիսանան, Հայ դատի բանակին կողքին, մեր երիտասարդական բանակը:

Յ. Հ.- Վերջին տասը տարիներուն բոլոր շրջանները համակեց զանազան բնագաւառներու մէջ հայրենիքի հետ կապի ուղղակի ստեղծման եւ գործնական աշխատանքի գաղափարը, որ յատկապէս իր դրսեւորումը գտաւ Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ կազմակերպուող երիտասարդական-ուսանողական-պատանեկան ճամբարներով: Կը կարծեմ, որ ասոնք օրինակելի նախաձեռնութիւններ են, որոնց, սակայն, հայաստանեան մամուլը պատշաճ կերպով չ’անդրադառնար, թէեւ անոնք ազգը միաւորող եւ մատղաշ այդ երիտասարդութիւնը հայրենիքին կապող, անոր հետ փոխյարաբերութիւնները սերտացնող են: Այս իմաստով, ի՞նչ ունիք ըսելիք:

Յ. Տ. Խ.- Անկասկած այդպէս է: Այդ պատճառով ալ քիչ առաջ մենք անդրադարձանք «Դէպի Երկիր»-ին, որ կը նշանակէ` դէպի Հայաստան, դէպի Արցախ, դէպի Ջաւախք, բոլոր կազմակերպուած աշխատանքներուն մէկ երեսը այդ ճամբարներն են, բանակումներն են, որոնք տեղի կ’ունենան հետեւողական կերպով: Բարեբախտաբար մենք կարողացած ենք երիտասարդութեան կամ ուսանողական միութիւնները մղել, որ իւրաքանչիւրը որդեգրէ շրջան մը` մէկը Արցախի մէջ, միւսը` Գորիսի, ուրիշ մը` Վանաձորի, չորրորդը` Գիւմրիի, հինգերորդը` Ջաւախքի, եւ այսպէս` տարածել: Այսպիսով, մասնակից երիտասարդին համար ասիկա կը շրջանցէ պտոյտի սահմանը եւ կ’ըլլայ իսկապէս ուխտագնացութիւն, եւ անոնց մէջ կը կերտուի այնպիսի նկարագիր, զոր տասնեակ հարիւրաւոր դասախօսութիւններով կարելի չէ կոփել եւ լրացնել այն բացը, զոր կը լիացնեն այդ ճամբարները, որոնք կու տան այն աւիշը, որ իրենց հետ կը մնայ ամբողջ իրենց կեանքին ընթացքին, նոյնիսկ եթէ անոնք բախտը չունենան քանի մը անգամ վերադառնալու: Ասիկա մէկ ուղղութեամբ եղած առաւելութիւնն է, այսինքն` մասնակիցի, սակայն անհրաժեշտ է նաեւ յիշել, որ տեղւոյն վրայ անոնք կապ կը հաստատեն իրենց Հայաստանի ընկեր-ընկերուհիներուն հետ, Հայաստանի երիտասարդական եւ համալսարանական շրջանակներէ եկած անձերու հետ, եւ այս բոլորը կամրջումի հոյակապ դեր կը խաղան, որպէսզի մեր ջատագոված «Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք, մէկ դատ» հասկացողութիւնը իրականութիւն դառնայ: Այսպիսով, պէտք է ջնջուին կայսրութիւններուն կողմէ անցեալին գծուած անընդունելի պատերը, որոնք մեր ժողովուրդին զարգացումը բաժնած են երկու-երեք ճիւղերուն, որոնք այսօր պէտք է վերամիանան, որպէսզի հայ ժողովուրդը գտնէ իր ամբողջական միասնականութիւնը:

Ուրախ եմ նշելու, որ ասոնց կողքին, կան նաեւ պատանեկան ճամբարներ, որոնց մեծագոյն առաւելութիւնը եւ երիտասարդական-ուսանողականէն տարբերութիւնը այն է, որ սփիւռքէն Հայաստան հասնող մեր երիտասարդները իրենց շուրջ կը համախմբէր 3-4 հարիւր, երբեմն 5 հարիւր պատանիներ, իւրաքանչիւր միութիւն, եւ այդ պատանիները կը թրծուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնական գաղափարներով, անոնց նոյնիսկ կը տրուի ուսում, ամրան արձակուրդին անոնք անգլերէն, ֆրանսերէն կը սորվին: Այս բոլորին կողքին, այդ պատանիները այս ճամբարներուն ընդմէջէն կը զգան, որ իրենք առանձին չեն, քոյրեր եւ եղբայրներ ունին Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու, Լիբանանի, Սուրիոյ, Աւստրալիոյ, Եւրոպայի զանազան շրջաններու մէջ, նոյնիսկ` երբեմն Ափրիկէ եւ Չինաստան, ուր հիմա կորիզներ ունինք: Նաեւ մեր Հայ դատի ու պահանջատիրութեան հասկացողութեան փոխանցում տեղի կ’ունենայ, որպէսզի հայաստանցի պատանիները եւս լաւապէս գիտնան, որ սփիւռքի մէջ ապրող պատանին որքան լրջօրէն զբաղած է թէ՛ ներկայ հայրենիքով եւ թէ՛ իրեն պատկերացուցած ապագայ միացեալ Հայաստանի հողերուն վրայ հայութեան ներկայութեամբ եւ կենդանի գործով:

Ասոնք մեծ եւ շատ յաջող նախաձեռնութիւններ են, ունինք առնուազն 7 այսպիսի ճամբարներ, որոնք կանոնաւոր կերպով տեղի կ’ունենան` անկախ երիտասարդականէն եւ ուսանողականէն: Ասիկա անհատ միութիւններու կազմակերպածներն են, իսկ համակուսակցական առումով կը գումարուին խորհրդաժողովներ, սեմինարներ, կը կազմակերպուին բանակումներ, իսկ երբեմն ընդհանուր Հայ դատի խորհրդաժողովներուն եւ ՀՅԴ-ի ընդհանուր կազմակերպական ժողովներուն մէջ եւս երիտասարդութիւնը ներկայութիւն է:

Յ. Հ.- Անդրադառնանք ՀՅԴ-ի ուղեկից միութիւններուն` ՀՄԸՄ-ին, Համազգայինին եւ ՀՕՄ-ին, որոնք գրեթէ դար մը ամբողջ կենսափորձ նուաճած են, ոմանք` աւելի, եւ բոլորը այսօր հայրենիքի հետ լայն յարաբերութիւններ ունին, այս երեքին գործակցութեան ոլորտը շատ ընդարձակ է, ինչ որ կ’ապրեցնէ, կը վերանորոգէ այդ միութիւններուն գործն ու դերակատարութիւնը սփիւռքի մէջ: Աւելի՛ն. վերջերս բոլորն ալ նախաձեռնած են իրենց գործունէութեան արդիականացման ոճերու որդեգրման: Ի՞նչ ունիք ըսելիք այս երեք ուղեկից միութիւններու գործին կարեւորութեան մասին` այս փուլին:

Յ. Տ. Խ.- Մեր ուղեկից միութիւնները` ՀՄԸՄ-ը, Համազգայինն ու ՀՕՄ-ը մեր հարստութիւնն են. կարճ բանաձեւումը այն է, որ էական անհրաժեշտութիւններ են, որոնք մեր ընդհանուր տեսլականէն բխած տարբեր ճիւղերու մէջ կ’իրականացնեն Դաշնակցութեան հիմնարար սկզբունքները, մէկը` մշակոյթի եւ կրթութեան մարզին մէջ, միւսը` սկաուտական շարքերու, մարմնակրթութեան եւ պատանիներու դաստիարակութեան գործին մէջ, որովհետեւ երբեմն կը մոռնանք, որ մեր երիտասարդականներու եւ պատանեկաններու կողքին, ՀՄԸՄ-ը մեր երիտասարդական եւ պատանեկան մեծագոյն միութիւնն է` իր բանակով, իսկ ՀՕՄ-ը, որ սկսած է բարեսիրական նպատակներով եւ այսօր ամուր կանգնած է ՀՅԴ-ին կողքին, կը հասնի նաեւ սփիւռքի եւ հայրենիքի մեր շատ մը կարիքներուն` մեր ընկերուհիներու մեղուափեթակի նման տարուող աշխատանքներուն ընդմէջէն: ՀՕՄ-ը այսօր նաեւ կը ճիւղաւորուի, որպէսզի ունենայ վճռորոշ ըսելիք եւ դեր` հայ կնոջ իրաւունքներուն մասին:

Կասկած չկայ, որ երբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը նախաձեռնած է Հայ օգնութեան միութեան հիմնադրութեան, Համազգայինի հիմնադրութեան, զգացած է առկայ բաց մը, եւ իր նոյն մօտեցումով, գաղափարական կեդրոնացումով, բայց կազմակերպական ապակեդրոնացումով նախընտրած է, որ անոնք չըլլան յանձնախումբեր, այլ ըլլան ինքնավար, ամբողջական միութիւններ: Թէ՛ Համազգայինը եւ թէ՛ ՀՕՄ-ը կազմակերպուած են այդ ուղղութեամբ: Ճիշդ է, որ ՀՄԸՄ-ը ծնած է 1918-ին` ուղեկից դառնալէ ճիշդ առաջ, բայց ահա վերջին հարիւրամեակին, անիկա մեր կարեւորագոյն ուղեկից միութիւններէն է, որ միշտ աջակից եղած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Ուրախ ենք ըսելու, որ բոլորն ալ` թէ՛ ՀՄԸՄ-ը, թէ՛ ՀՕՄ-ը եւ թէ՛ Համազգայինը այսօր համահայկական կառոյցներ են, կար ժամանակ, որ անոնք շրջանային կառոյցներ էին, օրինակ, կար ժամանակ, երբ ՀՕՄ-ը ճանչցուած էր իբրեւ ամերիկեան կազմակերպութիւն, թէեւ մասնաճիւղեր գոյութիւն ունէին Միջին Արեւելքի մէջ, բայց կը գործէին իրարմէ անկախ, ՀՄԸՄ-ն ու Համազգայինը աւելի միջինարեւելեան կազմակերպութիւններ էին, թէեւ Ամերիկաներու եւ Եւրոպայի մէջ ու այլուր կը գործէին սկաուտական, մշակութային, մարզական այլ միութիւններ, բայց ՀՅԴ բիւրոներու գործադրութեամբ եւ Ընդհանուր ժողովի որոշումներով անհրաժեշտութիւն ստեղծուեցաւ եւ մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ այն իրողութիւնը, որ բոլորն ալ պէտք է դառնան համասփիւռքեան կառոյցներ, իսկ հայրենիքի անկախացումէն ետք դարձան նաեւ համահայկական կառոյցներ, որովհետեւ բոլորն ալ ունին իրենց արմատները, մասնաճիւղերը, գործունէութիւնը` թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի մէջ:

Անոնք մեր գանձարանին անբաժանելի մասն են, շատ աշխուժ գործունէութիւն կը տանին, մենք շատ հպարտ ենք անոնցմով, որովհետեւ անոնք նաեւ կը սնուցանեն այն երիտասարդները, որոնք նոյնիսկ եթէ ապագային չդառնան կուսակցական գործիչներ ու շարքայիններ, ինչ որ բնականաբար ընդունելի է, պիտի ուզեն դառնալ մշակութային գործիչներ, մարզական ղեկավարներ, բարեսիրական միութիւններու պատասխանատուներ եւ պիտի շարունակեն իրենց գործունէութիւնը մեր այդ երեք ուղեկից միութիւններու ճամբով:

Յ. Հ.- Արդիականացման ոճին գծով` ձեր տեսակէտը:

Յ. Տ. Խ.- Շարունակական մարտահրաւէր է. ես որեւէ ժամանակ չեմ կրնար ըսել, որ մենք հասած ենք այն իտէալին, որուն կ’ուզենք հասնիլ: Բնականաբար, կարգ մը միութիւններ ունին երիտասարդացման անհրաժեշտութիւն, ուրիշներու պարագային` յաւելեալ գործակցութեան հարց: Օրինակ, մեզի համար խնդիր է, եւ այդ խորհրդաժողովին պէտք է քննարկուի, թէ ինչպէ՛ս մենք պիտի կարենանք փոխանակում կատարել երիտասարդութեան այդ երեք միութիւններուն միջեւ, այսինքն` երիտասարդականները, ուսանողականները եւ այդ ուղեկիցները աւելի համադրելու աշխատանք պէտք է տանիլ, որպէսզի ճիշդ փոխանակում ըլլայ, որովհետեւ իւրաքանչիւրը ունի իր տարիքային իւրայատկութիւնը: Կան մեծաթիւ սկաուտներ, որոնք որոշ տարիքէ մը ետք չեն ուզեր զբաղիլ սկաուտութեամբ, եթէ խմբապետ չեն կամ չեն հասած վարչական պաշտօններու, ուստի կը ձգեն: Բայց հարցը այն է, որ այս երիտասարդութիւնը ո՞ւր կ՛երթայ, արդեօ՞ք զանոնք պէտք է մօտեցնենք երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու, Համազգայինին, ՀՕՄ-ին` իւրաքանչիւրը իր հետաքրքրութեան կամ նախասիրութեան համաձայն: Ահաւասիկ այդ փոխանակման վերաբերող պատկեր մը. ուստի այս փոխանակումը լաւապէս պէտք է համադրուի եւ ճշգրտօրէն սահմանուի, որպէսզի յաջողութեամբ պսակուի մեր այդ աշխատանքը:

Ուրեմն, շարունակական թարմացման, շարունակական ստեղծագործական ոգիի արտայայտման եւ նոր միջոցներու որոնման անհրաժեշտութիւն կայ, եւ այս ՀՅԴ Բիւրոն ջատագովն է, որ մենք միշտ նորութիւններ փորձենք` յաջողինք կամ չյաջողինք, հարց չէ, բայց գոնէ մեր խղճին հետ հանգիստ ըլլանք, որ փորձեցինք:

Յ. Հ.- Անդրադարձաք ՀՕՄ-ի գործունէութեան. Դաշնակցութեան վերջին Ընդհանուր ժողովը յատուկ շեշտադրում կատարեց հայ կնոջ դերակատարութեան եւ մեր ընկերուհիներուն ունենալիք դերակատարութեան` անոնց կարողականութեան ամբողջական օգտագործումով: Այս գծով Բիւրոն ի՞նչ նախաձեռնութիւններու դիմեց:

Յ. Տ. Խ.- Նախ ըսեմ, որ այնպէս չէր, թէ ցարդ մենք չէինք գիտակցեր մեր ընկերուհիներուն եւ համակիր կիներուն դերակատարութեան, այլ ուզեցինք քայլ մը անդին երթալ եւ պարտադրել, որ այդ ընկերուհիները ո՛չ միայն պէտք է գնահատել իրենց տարած աշխատանքին համար, այլ նաեւ ներառենք ղեկավարական շրջանակի մէջ, որ, կուսակցութեան պարագային կը նշանակէ ժողովներու եւ մարմիններու անդամակցութիւն: Ճիշդ ըսիք, վերջին Ընդհանուր ժողովը պարտադրեց, իսկ Բիւրոն ալ կը գործադրէ այդ պարտադրանքը, որ ուր որ նոր ընտրութիւններ կը կազմակերպուին, ընդհանուր տոկոսային թիւին համեմատ ընկերուհիներ ստանձնեն ղեկավարի պաշտօն: Անոր առաջին արդիւնքը ունեցանք Հայաստանի Գերագոյն մարմինի պարագային, ուր պէտք էր նուազագոյնը երկու ընկերուհի ընտրուէր, իսկ այսօր մենք ունինք երեք ընկերուհիներ` Լիլիթ Գալստեան, Շաղիկ Մարուխեան եւ Արմենուհի Կիւրեղեան, որոնք լաւագոյն ներկայացուցիչներէն են այն ընկերուհիներուն, որոնք այլազան պատճառներով, բազմազբաղութեան բերումով երբեմն չէին հասներ ղեկավարութեան մէջ ըլլալու: Կը յուսանք, որ ներկայիս ստեղծուած քոթաներու դրութիւնը, որ պէտք է ժամանակաւոր ըլլայ, որովհետեւ ասիկա պէտք է դառնայ բնական երեւոյթ, խթան հանդիսանայ այս առումով: Մենք շատ լաւ օրինակներ ունինք աշխուժ ընկերուհիներու, ՀՕՄ-ը, ինչպէս նշեցինք, մեր ամէնէն աշխուժ, վազվզող անդամուհիները կը ներառէ, Համազգայինի մէջ ունինք մեծաթիւ ընկերուհիներ, նոյնն ալ` ՀՄԸՄ-ի պարագային: Ես չեմ ուզեր ստեղծել այն թիւր տպաւորութիւնը, որ մեծ խնդիր գոյութիւն ունէր մեր կուսակցութեան մէջ, այլ պարզապէս կար խթան հանդիսանալու հարցը, որպէսզի մեր ընկերուհիները մեղուափեթակի մէջ աշխատողներ չըլլան միայն, այլ նաեւ ղեկավարող միտքի, որոշումներ կայացնող մարմիններուն մէջ ալ ներկայութիւն ըլլան: Ատոր համար ալ ես մեծապէս կ՛ողջունեմ այդ որոշումը եւ ուրախ եմ, որ ատիկա արդէն սկսած է արդիւնք տալ:

Յ. Հ.- ՀՅԴ-ին համար մտաւորականութիւնը յատուկ դեր եւ նշանակութիւն ունեցած է, մտաւորական խօսքը, գաղափարական խօսքը ղեկավարող դարձած է ու կը շարունակէ մնալ իբրեւ այդպիսին: Դաշնակցութիւնը միշտ ալ մտաւորականութեան հետ իր յարաբերութիւնները ջերմ պահած է, այսօր ալ մենք կը գտնուինք այդ անհրաժեշտութեան դիմաց` ըլլայ հայրենիքի, ըլլայ սփիւռքի մէջ, որովհետեւ ինքնարժեւորման եւ ինքնաքննադատութեան կարգով պէտք է ըսենք, որ այսօր մեր կեանքին մէջ մտաւորական յանձնառու խօսքը սկսած է բացակայիլ` իր տեղը զիջելով այնպիսի ժամանակաւոր ու քմահաճ մեկնաբանութիւններու եւ արժեւորումներու, որոնք հայ կեանքը չեն հարստացներ եւ զայն կը մատնեն անորոշութեան: Այս բոլորէն մեկնած անդրադառնանք մտաւորականներու դերին ու նշանակութեան, նաեւ` մտաւորականութեան պատրաստութեան:

Յ. Տ. Խ.- Կը կարծեմ, թէ, ինչպէս ամէն կազմակերպութիւն, մենք ալ ունինք երկու մեծ մարտահրաւէրներ. մէկը մտաւորականութիւնը մեր շուրջ պահելն ու ներգրաւելն է, երկրորդը` երիտասարդութիւնը, որովհետեւ որքան ալ աշխատանք տանինք ու յաջողինք, մենք մեզի պէտք է ըսենք, որ բաւարար չէ, աւելին պէտք է ընենք, մանաւանդ համաշխարհային համատարած ապաքաղաքականացած մթնոլորտին մէջ, ուր ոչ յանձնառու երիտասարդներուն ու մտաւորականներուն թիւը կը բարձրանայ, եւ, դժբախտաբար, ընդհանրապէս մտաւորականութեան թիւը կը նուազի: Ասիկա միայն մեզի չի վերաբերիր, այլ կարծէք 21-րդ դարու երեւոյթ է, մանաւանդ որ երիտասարդութեան մեծամասնութիւնը կ՛ընտրէ այնպիսի նիւթեր, որոնք գործնական, գիտական են, եւ դասական մտաւորականութեան կերպարի կերտման չեն օժանդակեր: Բայց այս բոլորը ըսելէ անդին, կայ ժողովրդականութեան հանգամանքը, մարդիկ աւելի շատ զբաղած են երեւոյթով, քան` խորքով® այս հարցերը լուրջ աւերներ կը գործեն, որովհետեւ այլեւս համբերութեան չափանիշը շատ նուազած է, ամէն մարդ կ’ուզէ, որ տեղեկութիւնները իրեն փոխանցուին պատրաստ, դգալով, որպէսզի իրենք չունենան վերլուծելու, երկար ընթերցումներ կատարելու, վերլուծական աշխատանք կատարելու մօտեցում: Յոգնածութիւն մը կ’երեւի, ինչ որ յատուկ չէ միայն հայութեան, այլ ընդհանուր է:

Բայց այս բոլորին կողքին, ինչպէս նշեցիք, չափազանց կարեւոր է մտաւորականութեան դերը, որովհետեւ ան ունի երկու հիմնական պարտականութիւն. առաջին` ստեղծել այնպիսի մթնոլորտ, որ առօրեայ հարցերէն անդին կարողանան լուրջ, տեսլական ու խորք ունեցող նիւթերու քննարկումի դաշտ ստեղծել, որպէսզի երբեմն կարծիքներու բախումով ծնին նոր մօտեցումներ, որոնք կրնան օժանդակել ՀՅԴ-ին. որդեգրելի կամ ոչ, բայց պէտք է գոյութիւն ունենայ այն հնոցը, ուր այդ գաղափարները պիտի մշակուին, իրարու հետ բախին, մանաւանդ որ մտաւորականութեան յատկանիշներէն մէկն է նաեւ այն, որ հակասականութիւններ կը ստեղծէ եւ անոնցմէ կը ծնի նորը: Ատոր համար է, որ երբեք պէտք չէ վախնանք: Կը զարմանամ, որ Հայաստանի մէջ կայ մթնոլորտ, որ երբ քարացած մտայնութեան դէմ նորարար սկզբունք կամ ընդդիմութիւն ձեւաւորուի, անմիջապէս թշնամանքի կը վերածուի. ասիկա շատ խորթ հասկացողութիւն մըն է, որովհետեւ պէտք է հակառակը ընել, քաջալերել ատիկա:

Այդ ուղղութեամբ մենք յատուկ աշխատանք տարած ենք, վերջին օրինակը Գերագոյն մարմինի կազմակերպած այդ մտաւորականներու հաւաքն էր, որ կը միտէր բացատրել Դաշնակցութեան տեսակէտները, իմանալու համար հոն ներկայ եղող մտաւորականութեան առաջարկները, նաեւ ընդհանրապէս շօշափել բազկերակը` տեսնելու համար, թէ այն մտաւորականները, որոնք կը զբաղին Հայաստանի ճակատագիրով, մտահոգ են Հայաստանի ապագայով, ի՞նչ տեսակի պատկերացումներ ունին մեր դերակատարութեան մասին` իբրեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն:

Մենք ամէն գնով պէտք է ունենանք մտաւորականութեան ստուար զանգուած մը` իբրեւ Դաշնակցութիւն, որպէսզի մեր ժողովներուն ընթացքին, մեր ղեկավար մարմիններուն մէջ անոնք ներկայ ըլլան, բայց մեր շուրջ եւս պէտք է ունենանք մտաւորականութեան ստուար թիւ, անոնք կրնան մեր շարքերուն անդամ չըլլալ, սակայն իրենց ազգային առողջ դիմագիծով եւ իրենց ունեցած համոզումներով ներկայացնել առաջարկներ, նորութիւններ, որոնցմէ մեծապէս կրնայ օգտուիլ այս կուսակցութիւնը:

Յ. Հ.- Յաճախ կ’ըսուի, որ Դաշնակցութեան գործը դժուար է, նաեւ` դաշնակցականին: Այսօր եթէ փորձենք տալ պատասխան մը` ո՞վ է դաշնակցականը այսօր, եւ ո՞վ պէտք է ըլլայ դաշնակցականը այսօր հարցումներուն, ի՞նչ կրնանք ըսել:

Յ. Տ. Խ.- Շատ լուրջ, երկար նիւթ է, դժուար է քանի մը նախադասութեան մէջ ամփոփել, սակայն գիտեմ, որ ժամանակի սահմանափակ ըլլալուն պատճառով չենք կրնար խորքային այդ քննարկումը կատարել հիմա: Ըսեմ, թէ դաշնակցականը այսօր այն անձն է, որ նախ ունի գաղափարական այն տեսլականը, որ արդէն իսկ արտայայտուած է մեր ծրագիրին ճամբով, ատոր լրիւ որդեգրումով կը պայմանաւորուի իր դաշնակցականի էութիւնը: Եթէ կան հիմնական տարակարծութիւններ այդ ծրագիրին վերաբերեալ, պէտք չէ այդ անձը դառնայ դաշնակցական, որովհետեւ դաշնակցական եղող անհատը պէտք է որդեգրէ մեր ծրագիրը իր ամբողջութեամբ` իր գաղափարական երեսով, քաղաքական առաջադրանքներով, ընկերային-տնտեսական մօտեցումներով եւ այն չորս հիմնարար սիւներով, որոնք հոն նկարագրուած են, այսինքն` որ մենք յեղափոխական, ժողովրդավար, ընկերվար եւ մեր ժողովուրդին ծառայող կուսակցութիւնն ենք: Բնականաբար, այդ առաջադրանքներուն հաւատացողը կ’ունենայ հիմնական պայմանը դառնալու դաշնակցական, բայց բաւարար չէ: Ասոր կողքին կու գան մեր կանոնագրային պայմանները, որոնց մէջ կայ շատ դժուար պահանջ մը` քու ես-դ հպատակեցնել ընդհանուր մենք-ին: Հոս է, որ երբեմն դաշնակցականները կը սայթաքին եւ կը մոռնան, որ իրենց համար տրուած է լայն ժողովրդավարութիւն. մեր ընդդիմախօսները կը ծաղրեն, կը ձաղկեն, բայց իրողութիւն է, որ եթէ այս կազմակերպութիւնը դիմացած ու տոկացած է ամէն տեսակի ցնցումներու եւ հասած է այսօրուան իր համասփիւռ, համաշխարհային, համահայկական, հայաստանեան, արցախեան կառոյցի ուժականութեան, այդ լաւագոյն փաստն է այն իրողութեան, որ էականը պահպանուած է: Իսկ էականը այն է, որ մենք կրնանք ունենալ բազում տարակարծութիւններ, բայց մեր ընդհանուր ժողովներու որոշումները, մեր շրջանային ժողովներուն որոշումները պարտադիր են բոլոր ընկերներուն, եւ այդ սահմաններուն մէջ պէտք է գործէ ամէն դաշնակցական, եւ երբ ղեկավար մարմինները որոշում կու տան, անոնք կը դառնան նաեւ մեր սեփականութիւնը, որովհետեւ մենք` իբրեւ դաշնակցականներ, ունինք այն դժուար պարտականութիւնը, որ երբեմն, չհամոզուելով անգամ, երբ հաւաքական որոշումը տրուած է, զայն պիտի դարձնես քուկդ եւ տարածես` իբրեւ այս կուսակցութեան դեսպան:

Ասոնք հիմնական սկզբունքներ են, ծրագրայինը` նպատակներու իմաստով, կանոնագիրի երկաթեայ կարգապահութիւնը մեր հաւաքական կեանքի իբրեւ ուղեգիծ երկու հիմնական սկզբունքներ են, որոնցմէ որեւէ շեղում կը նշանակէ, որ մենք կը պարպուինք դաշնակցականութենէ:

Յ. Հ.- Այս միացեալ հարցազրոյցը կ’ուզենք փակել լիբանանահայութեան ուղղուած ձեր սրտի խօսքով ու պատգամով:

Յ. Տ. Խ.- Ես միշտ նշած եմ, որ Լիբանանը յատուկ տեղ ունի իմ սրտիս ու մտքիս մէջ. ասիկա լոկ խօսք չէ, պատանեկութիւնս անցուցած եմ Լիբանանի մէջ, հոս է, որ թրծուած են իմ հիմնական նկարագրային գիծերս, այստեղ է, որ ստացած եմ այն ազգային արժէքները, որոնք ընկերակցած են իմ ամբողջ կեանքիս ընթացքին, եւ վստահ եմ, որ պիտի ընկերակցին մինչեւ վերջին հանգրուան: Ես լաւապէս ականատեսն ու վկան եմ այն իրողութեան, որ լիբանանահայութեան ազդեցութիւնը միայն տեղական ու շրջանային չէ, համահայկական տարողութեամբ, իմ օրինակէս ներշնչուելով եւ բազմաթիւ ընկերներուս օրինակները աչքի առջեւ ունենալով, կրնամ ըսել, որ անիկա հասցուցած է այլազան կազմակերպութիւններու, միութիւններու, մտաւորականութեան մէջ ղեկավարներ: Ատոր համար ալ պէտք է հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս ունենայ երախտագիտութեան զգացում լիբանանահայութեան նկատմամբ, եւ անշուշտ, ասիկա այն տեղն է, որ կը ճաճանչէր իբրեւ սփիւռքի սիրտ, հոս կան մեր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, ուղեկից կազմակերպութիւններու կեդրոնները: Ասիկա ինքնին խօսուն վկայութիւն է այն իրողութեան, որ Լիբանանի դերը միայն Լիբանանով չի սահմանափակուիր:

Տայ Աստուած, որ խաղաղ մնայ Լիբանանը, որուն համար բոլորս ալ պիտի աշխատինք, բայց բոլորս ալ գիտենք, որ երբեմն միայն մեզմէ կախեալ չէ այդ ապագայի ճշդումը, սակայն մենք ամէն գնով պիտի աշխատինք, որ լիբանանահայութիւնը երբեք առանձին չզգայ, լիբանանահայութեան կողքին պիտի ըլլայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, եւ վստահ եմ, շատ մը համահայկական կառոյցներ եւս, բայց ես կրնամ խօսիլ միայն Դաշնակցութեան անունով` ըսելով. Ապրի՛ք տղաք, ապրի՛ք աղջիկներ, որ, հակառակ ամէն տեսակ դժուարութեան, դուք ձեր նկարագրային գիծը պահած էք անաղարտ, ձեր կրթական կեանքը կը գործէ անսասան, եւ տակաւին ունիք այն կարեւոր դերը, որ շարունակաբար սերունդներ հասցնէք մեր համասփիւռքեան, համահայկական եւ հայրենի ղեկավարութեան համար: Եւ այդ դերին համար մենք շնորհակալ ենք եւ երախտապարտ, եւ կը յուսանք ու վստահ ենք, որ բոլորդ ալ կը մնաք պինդ:

(Շար. 2 եւ վերջ)
aztagdaily.com