Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԱԶԳ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ ՈՐԴԵԳՐՈՒՄԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏԱՆ ԿՈՂՄԷ
Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ գումարուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութիւնը՝ իր Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներով ջերմօրէն կ՚ողջունէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումը։
Արդարեւ, սա վճռական քայլ մըն է ու յատկանշական իրագործում մը՝ հայ ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն հետապնդման ճանապարհին վրայ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հայ դատի պայքարի յառաջապահ դիրքերու վրայ եղած է միշտ՝ զօրակից մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքներուն։ Այս առիթով, մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք հայ դատի մարմիններուն, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան, որ իր այս քայլով գործնապէս արտայայտեց իր նախանձախնդրութիւնը մարդկային իրաւունքներուն նկատմամբ։
ԱԶԳ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
30 Հոկտեմբեր 2019