կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-03-02 12:01
Քաղաքական

Փոլատ-Այրիի պատժական արշաւանքի գաղափարական խորհուրդը

Փոլատ-Այրիի պատժական արշաւանքի գաղափարական խորհուրդը

Աւօ Գաթրճեան

Հայոց պատմութիւնը հարուստ է պատերազմներով, ճակատամարտերով, հայդուկային ու ինքնապաշտպանական կռիւներով, ինչպէս նաեւ պատժական արշաւանքներով: Անոնք տեղի ունեցած են հայ ժողովուրդի` թէ՛ օտար լուծի տակ գտնուելու ժամանակաշրջանին եւ թէ՛ պետականութիւն ունենալու շրջանին:

Պահպանուած են անուանի թէ անանուն բազմաթիւ տաղանդաւոր զօրավարներու եւ զինուորականներու հերոսական պատմութիւններ: Պահպանուած են նաեւ այդ պատերազմներու եւ ընդհարումներու նկարագրութիւններն ու հերոսապատումները, որոնք խօսուն վկայութիւններն են հայ ռազմագիտական տաղանդի եւ ուսուցանելի դասերու` իբրեւ փաստացի թղթածրար:

1906 թ. յունուար 6-ին` Ս. ծնունդի օրը, Ղարաքիլիսէի (այժմ՝ Վանաձոր) մէջ զինուորական պատիւներով հողին յանձնուեցան չորս ղարաքիլիսեցի ֆետայիներու մարմինները, որոնք մասնակցած էին երկու օր առաջ` յունուար 4-ին կազմակերպուած Փոլատ-Այրի (այժմ՝ Խաչարձան) թաթարաբնակ մեծ գիւղի պատժական արշաւանքին: Այս է սրտառուչ մէկ դրուագը այն արշաւանքին, որ տեղի ունեցած է Խանասորի արշաւանքէն իննը տարի ետք եւ եղած է աւելի բազմազինուոր, կազմակերպուած ու աւարտած է ընդամէնը 12 օրուան մէջ` 1905 թ. դեկտեմբեր 25-6 յունուար 1906 թ.:

Արշաւանքը կազմակերպուած է Ղազախի (այժմ՝ Իջեւան) շրջանի հրամանատար Սեւքարեցի Սագոյի խնդրանքին հիման վրայ, որն ուղղուած էր ընդհանուր հրամանատար Նիկոլ Դումանին (Նիկողայոս Տէր-Յովհաննիսեան): Դուման, խնդրանքը անմիջապէս նկատի առնելով, գլխաւոր դերակատարութիւն ունեցած է արշաւանքի կազմակերպման եւ անմիջական գործադրութեան ընթացքին մէջ՝ պատժելու համար Փոլատ-Այրի զուտ թաթարաբնակ մեծ գիւղի բնակչութիւնը. վերջինս հայ-թաթարական ընդհարումներու ընթացքին հարեւան զուտ հայաբնակ Ղ(Գ)ոշավանք (այժմ՝ Գոշ) գիւղը թալանած, կոտորած եւ աւերած էր:

Անհրաժեշտ է նախ ներկայացնել Փոլատ-Այրիի աշխարհագրական դիրքն ու կլիմայական պայմանները:

Փոլատ-Այրի (ապա` Փոլատ, իսկ այժմ՝ Խաչարձան) կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսը (Տաւուշի մարզը)` Իջեւանի շրջանը` Գոշ գիւղին հարաւը` խճճուած ճանապարհի վրայ, մակերեսը` 11.1 կմ, Երեւանէն 124 կմ հեռու, Խաչարձան գէտի գէտաբերանի մօտ, ծովի մակերեւոյթէն բարձրութիւնը` 1050 մ: Շրջկեդրոնէն 18 կմ հարաւ-արեւմուտք ինկած անտառային շրջան է: Գիւղի արեւմուտքին կայ եկեղեցի մը: Խաչարձանէն դէպի արեւմուտք անհարթ ճանապարհ մը կ’երկարի դէպի Ճերմակավանք (նախապէս՝ Աղքիլիսա) եւ Գեղաթափ (նախապէս՝ Չիչաքպուլաղ):

Այս ժամանակահատուածում Պաքուի թաթարներու մէջ արդէն իսկ տարածուած էր այն չարաշուք համոզումը, որ կրնան անպատիժ թալանել, կողոպտել ու կոտորել հայերը, եւ կառավարութիւնը իրենց կողքին է: Իսկ հայկական հողատարածքի վրայ գտնուող թաթարները, քաջալերուելով եւ հովանաւորուելով Պաքուի իրենց առաջնորդներէն, համաիսլամական եւ համաթրքական գաղափարախօսութեամբ արդէն մոլեգնած, տարբեր տարածաշրջաններու մէջ զանազան յարձակումներ եւ բախումներ կը նախաձեռնէին` սկսելով Երեւանէն եւ տարբեր տեսակի վնաս հասցնելով հայ բնակչութեան, ինչ որ պատճառ դարձած էր, որ երկու կողմերուն միջեւ թաղային բուռն բախումներ տեղի ունենան, եւ շրջանի բնակչութիւնը ահաբեկուի ու երբեմն նոյնիսկ փախուստի դիմէ: Այդ ժամանակաշրջանին Երեւան կը գտնուէր հայդուկապետ Նիկոլ Դումանը եւ հոն զինուորական դասընթացքներ կը կազմակերպէր` ռազմագիտական եւ այլ վարժական դասընթացքներ ուսուցանելով, որպէսզի Երեւանի ու շրջակայ գիւղերու պաշտպանութեան համար փորձառու մարտիկներ պատրաստէր:

Դումանի հրամանով բոլոր տուներու դարպասները միշտ բաց պէտք է մնային, որպէսզի հայ մարտիկները ամէնուրեք կարենային ամէնէն լայն ազատութեամբ մտնել եւ ելլել: Միւս կողմէ` մարտիկները պարտաւոր էին հսկել բնակչութեան անդորրը: Այդ օրերուն էր, որ Դուման տուեալ պայմաններուն մէջ կրաւորական ինքնապաշտպանութիւնը անհեթեթ կը նկատէր եւ զայն կը փոխարինէր յարձակողական ձեռնարկներու: Այստեղ խիստ անհրաժեշտ կը համարենք այդ օրերուն Դումանի յոյժ կարեւոր հրահանգներէն մէկը, ուր կ’ըսէր. «Որտեղ որ թուրքերը մեզմէ զոհեր խլեն, հայկական ուժերը պարտաւոր են անմիջապէս եռապատիկը խլել անոնցմէ»:

Դումանի վերոնշեալ վրէժխնդրական ու բարոյահոգեբանական հրահանգը մեզի ցոյց կու տայ, որ հայ-թաթարական ընդհարումներուն ժամանակաշրջանին ան հայութեան ինքնապաշտպանութեան համար զինուորական շատ խիստ օրէնքներ որդեգրած էր, եւ եթէ կը կարծուի, կամ շատեր կը խորհին, թէ վրիժառութեան բանաձեւում հանդիսացող «Ակն ընդ ական, ատամն ընդ ատաման» օրէնքը օգտագործուած է, ապա անոնք չարաչար կը սխալին, որովհետեւ հրահանգը յստակ էր` «մէկ հայու փոխարէն երեք թաթար»:

Հայ եւ թաթար ժողովուրդներու միջեւ տեղի ունեցած բախումները հետզհետէ պիտի զարգանային, եւ հետագային հայ-թաթարական ընդհարումներ անունով ծանօթ պիտի դառնար այն զարհուրելի մահափորձը, որ Պաքուի համաթուրանական օճախը կազմակերպեց 1905 թ. Կովկասի հայութեան կեանքին դէմ: Արդ, ցարական կառավարութեան հակահայկական դաւերուն համար Պաքուն էր ամէնէն պարարտ գետինը, ուր ռուս իշխանութիւնը ուղղակիօրէն կը քաջալերէր թաթարներու նախայարձակ ախորժակները, իսկ վրացիները իրենց չէզոքութեամբ եւ լռութեամբ զօրավիգ էին թաթարներուն: Սակայն հայ ժողովուրդը պիտի պատասխանէր առաջին շփոթութենէ ետք, ուշ, բայց արժանաւոր կերպով:

Գաւառներու ինքնապաշտպանութեան հրամանատարներուն հետ հաստատած անխափան կապը Դումանին հնարաւորութիւն կու տար հաստատակամօրէն ղեկավարելու անոնց գործողութիւնները եւ ժամանակին կազմակերպելու շրջաններ առաքուող ռազմական օգնութիւնը, նոյնիսկ ամէնէն հեռու Շամշատին-Ղազախ շրջանը, որուն ղեկավարն էր Սեւքարեցի Սագօ:

Այսպէս, Խանասորի կամքը մարմնաւորող հերոսը՝ Ն. Դումանը, այս անգամ պիտի կազմակերպէր պատժական այլ արշաւանք մը, երբ «հակայարձակումը հրամայական» կը գտնէր՝ պատժելու եւ զսպելու համար թշնամիին զինեալ խուժանները, որոնք հարբած էին համաթրքական եւ համաիսլամական նկրտումներով: Ղազախի շրջանի ինքնապաշտպանութեան խումբերու ղեկավար Սեւքարեցի Սագօ դումանեան փոխվրէժի պարտադիր սկզբունքներով կ’որոշէ պատժել թաթարաբնակ գիւղը՝ ծաւալելով մարտական գործողութիւն, հետեւաբար իր հրամանատարութեան տակ գտնուող ուժերի անբաւարար ըլլալուն համար ան օգնութիւն կը խնդրէ Ն. Դումանէն: Ն. Դուման կ’ուղարկէ իր երկու խմբապետներէն Սեդրակ Ջալալեանը (Սէթօ) եւ Արտաշէս Մելքոնեանը, երկուքն ալ՝ Ն. Դումանի զինուորական «Բոյրազ» աշակերտական դպրոցէն վկայեալ, յատուկ յանձնարարութեամբ: Ռազմավարական ու մարտավարական պաշտպանողական ու յարձակողական կռիւներու մէջ մասնագիտացած հարիւրապետներ էին անոնք:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը անվարանօրէն որոշեց եւ յանձն առաւ հայութեան պաշտպանութիւնը պատժական արշաւանքով՝ փորձառու խմբապետներու ղեկավարութեամբ, մանաւանդ հայդուկապետ Նիկոլ Դումանի ռազմական տաղանդի, արագ եւ սխրալի կարգադրութեամբ: Երկու խմբապետներ կը լծուին արշաւանքի կազմակերպման աշխատանքներուն:

Դեկտեմբեր 23-25-ին մինչեւ Դիլիջան համատարած ձիւն էր: Այնուհետեւ խմբապետները նախ կ’ուղղուին Քանաքեռ, հոն կը ստանան փամփուշտներ եւ այլ կարեւոր մթերքներ ու, բեռնելով երկու սահնակներու վրայ, ճամբայ կ’ելլեն: Ապա, շրջելով Նոր Պայազիտ, Ղարաքիլիսէ եւ Դիլիջանի շրջանները, կը հաւաքեն արշաւախումբի մաս կազմող զինուորներ:
Շրջաններու կոմիտէները մեծ բծախնդրութեամբ կը կազմակերպեն վստահուած բոլոր աշխատանքները: Կ’ընտրուին լաւագոյն հրացաններն ու ռուսական բանակի մէջ ծառայած նախկին զինուորները: Կը կազմուին նաեւ լրացուցիչ ցանկեր՝ ըստ կարիքի կազմ ու պատրաստ ըլլալու համար:

Փոլատ-Այրիի պատժական արշաւանքին կը մասնակցին 300 զինեալ հայդուկներ, արշաւախումբը կը բաժնուի երկու խումբի, իւրաքանչիւրը՝ 150 մարտիկներէ բաղկացած, առաջինը` Սէթոյի, երկրորդը՝ Արտաշէս Մելքոնեանի հրամանատարութեամբ: Կային աւելի քան 50 շալակաւորներ՝ պարենաւորման համար, եւ Կարմիր խաչի` հինգ հոգանոց խմբակ մը՝ Թիֆլիսէն ղրկուած, որոնցմէ երեքը` օրիորդներ` իրենց դեղորայքով, զինուած ատրճանակներով եւ միաժամանակ բերելով երեք ծանր ռումբեր՝ ռազմիկներուն համար:

Ֆետայիները կը կեդրոնանան նախ Դիլիջան: Հոն Դիլիջանի Կարմիր խաչի ընկերուհիները երկու օրուան մէջ զարմանալի արագութեամբ իւրաքանչիւր զինուորի համար կը տրամադրեն բուրդէ հաստ գուլպաներ, ձեռնոցներ, տրեխներ, դեղորայք եւ մթերքի պայուսակ: Այսինքն` երկու օրուան մէջ զգեստաւորուած եւ պարենաւորուած է երկու վաշտ զինուոր:

Սեւքարի մէջ ընդհանուր հրամանատար Սեւքարեցի Սագոյի ներկայութեամբ տեղի կ’ունենայ արշաւախումբի երկու խմբապետներու եւ շրջանային խմբապետներու հրամանատարական ժողով մը, ուր մանրամասնօրէն կը քննարկուին եւ նոր դասաւորումներ կը կատարուին իրագործուելիք արշաւանքին համար: Արշաւանքը տեղի կ’ունենայ մթնոլորտային շատ աննպաստ պայմաններու մէջ, 1200-1500 մեթր բարձրութեամբ Միափոր (Մուրղուզ) լեռնաշղթային հիւսիսարեւմտեան սկզբնաւորութեան վրայ, մօտ մէկ մեթր ձիւնի մէջ եւ ձիւնամրրիկի ժամանակ:

Խմբապետները թաթարաբնակ գիւղին մօտ երկար հետախուզութենէ ու ուսումնասիրութենէ յետոյ կու գան այն եզրակացութեան, որ, առանց գիւղին մօտ գտնուող գոմերը գրաւելու, հնարաւոր չէ յարձակիլ Փոլատ-Այրիի վրայ: Գոմերը 6-ն էին, որոնց մէջ կը թաքնուէին 25-30 զինուած թուրք-թաթարներ: Անհրաժեշտ էր նախ յարձակիլ ու գրաւել գոմերը, որպէսզի կարելի ըլլար խուժել անտառապատ լեռներով շրջապատուած ընդարձակ դաշտին վրայ ինկած թաթարաբնակ Փոլատ-Այրին:

Այդ օրը աննպաստ էր յարձակումի համար, որովհետեւ ամբողջ գիշերը կը ձիւնէր հանդարտ ու առանց մրրիկի: Իսկ միւս կողմէ` Փոլատ-Այրին յաջող պաշարելու համար անհրաժեշտ կը նկատուի շրջանաձեւ բոլոր կողմերէն հաւասարապէս մուտք գործել գիւղ: Իսկ լեռներու լանջերուն վրայ` երկու տեղով, հեղեղներու ուժգնութեամբ յառաջացած էին խոր ձորեր, որոնք ձիւնով էին լեցուած եւ կը զրկէին հայդուկախումբերը իրար միանալու կարելիութենէն: Ուստի ռազմագիտական ճարտարութեամբ արշաւանքը կը բաժնուի երկու ինքնուրոյն մասերու, որոնցմէ մէկը կը ստանձնէ հարիւրապետ Սէթոն, որ պիտի մնար իր դիրքը, իսկ միւս խումբը կը ստանձնէ հարիւրապետ Արտաշէսը, որ, երկար ճամբայ կտրելով, պիտի անցնէր Սէթոյի հակառակ ուղղութեան, եւ այդպիսով յարձակումը սկիզբ պիտի առնէր: Պէտք է ըսել, որ օդն այնքան աննպաստ կ’ըլլա, որ լեռնական այդ հայդուկներն անգամ կ’ըսէին, որ «ասանկ օդին ալ մարդ իր կամքով կռուի կ’երթա՞յ»: Սակայն ազգային պարտաւորութիւնը յստակ էր ու անյետաձգելի: Զինավարժ, վրէժխնդիր ու գայլի պէս յանդուգն մարտիկները, յիշելով ցուրտ եղանակին հայդուկային կռիւներու մասնակից ֆետայիներու նշանաւոր երգի բառերը` «Թիփի բորան մութ գիշերին պտտում է ֆետային»-ը, կ’անտեսեն բաւական ծանր ու աննպաստ պայմանները եւ, ձիւնը յաղթահարելով, արագօրէն կ’անցնին յարձակումի:

Յարձակումը տեղի կ’ունենայ յաջորդ օրը` արշալոյսին, ուժեղ համազարկերով թշնամիին կողմէ, որ դիրքաւորուած էր գոմերուն մէջ եւ անոնց շրջակայքը: Իսկ հայ ռազմիկները մոլեգին արագութեամբ կը շտապէին ամէն ջանք թափելով գրաւելու գոմերը, ապա անոնց դիմաց պիտի բացուէր կաթսայաձեւ եւ սէգ լեռնաշղթայով շրջապատուած ընդարձակ դաշտի մը վրայ տարածուած մեծ գիւղը՝ Փոլատ-Այրին` հայդուկապետ Ն. Դումանին հրահանգած պատժական արշաւախումբին թիրախը: Տեղի կ’ունենայ զօրաւոր համազարկ, հայդուկները առանց կանգ առնելու, մարտունակ, բարձր ոգիով եւ ամէնայն կարգապահութեամբ ու արագութեամբ կը շտապին մօտենալու գոմերուն: Թշնամին ահաբեկուած էր մարտիկներու ինքնավստահ շարժումէն եւ բարոյալքուած կը լքէ դիրքն ու կը փախի դէպի Փոլատ-Այրի: Սակայն այն թաթարները, որոնք գոմերէն կը փախչէին, կը լեցուէին ժայռակոյտի մը մէջ, որ կը կոչուէր Ջաղացի դիրք: Առանց այս դիրքը գրաւելու՝ հնարաւոր չէր գիւղ մտնել:

Բարեբախտութիւն էր, որ Ջաղացի դիրք տանող լերան լանջը անտառապատ էր: Ուստի երկար ընդհարումներէ ետք հայ ռազմիկներու մէկ յիսնակը ուժեղ կրակի տակ կը պահէ այդ դիրքը, մինչեւ որ երկու յիսնակներն ալ աջ ու ձախ կողմերէն` անտառի մէջէն, մօտենային դիրքին ու սկսէին գօտեմարտը, որմէ ետք առաջին յիսնակը, կրակը դադրեցնելով, խոր ձիւնով ծածկուած անտառը, որ շատ զառիվար էր մէկ ծառէն միւս ծառը, դէպի վար պիտի գլորուէր: Թշնամին առատօրէն հայդուկներու շարքերուն կը կրակէր ցանուցրիւ, սակայն ապարդիւն: Մարտիկներու շեշտակի կրակոցին թիրախ դարձած թշնամին կը լքէ այդ անառիկ ամրութիւնը եւ կը փախի դէպի գիւղ: Մարտիկները կը գրաւեն Ջաղացի դիրքը, յետոյ՝ կամաց-կամաց գիւղը ամբողջութեամբ: Պատմական կարեւորութեան համար պէտք է նշել, որ հայ ֆետայիներու կողմէ Փոլատ-Այրիի արշաւանքին ալ դրսեւորուած է բարոյական այն դասը, զոր Խանասորի արշաւանքին ընթացքին իրագործուած էր` կիներուն, մանուկներուն դէմ երբէք ուժ պէտք չէր կիրարկել: Քաջ գիտենք, որ վերոնշեալ հատկանիշը յատուկ է հայ մարտիկին միայն:

Հարիւրապետ Սէթոյի հմտութեամբ վերջ կը տրուի նաեւ դիմադրութեան գլխաւոր ղեկավար պէկին, այն պէկին, որ, օգտուելով ցարական կառավարութեան թողտուութենէն, բնաջինջ ըրած էր խաղաղ ու աշխատասէր հայկական Ղ(Գ)ոշավանք գիւղի բնակչութիւնը:

Արշաւախումբի մասնակիցները անխտիր՝ տասնեակներն ու յիսնակները, ձիւներու եւ անտառային դժուար ու ծանր պայմաններուն մէջ կը պաշարեն Փոլատ-Այրին, ուժգին ընդհարումներ կ’ունենան թշնամիին հետ: Անոնք ցոյց կու տան մարտական մեծ կորով, հմտութիւն, պատրաստակամութիւն ու մանաւանդ քաջութիւն: Աննպաստ պայմաններու մէջ դիրքէ դիրք կը մարտնչեն, մինչեւ որ թշնամին պարտութեան մատնեն: Փոլատ-Այրին կը գրաւուի, եւ պատիժը կ’ամբողջանայ` թաթար բնակչութիւնը՝ կիները, տարեցներն ու մանուկները տեղափոխելով եւ մնացած տուներն ալ կրակի տալով…
Մինչ այդ Սեւքարեցի Սագօ սուրհանդակի միջոցաւ հրահանգած էր արշաւախումբի հրամանատարներուն, որ թուրք-թաթարները դիմած են փոխարքային եւ օգնութիւն խնդրած՝ զիրենք պաշտպանելու համար ընդդէմ հայ ֆետայիներու, որոնք մեծ բազմութեամբ կ’արշաւեն Փոլատ-Այրիի ուղղութեամբ: Ատոր հետեւանքով հրամայուած է Ղազախ գտնուող ռուս հեծելազօրքին 250 զինուորներ ղրկել, ֆետայիները բռնել, զինաթափել եւ բանտարկել, դիմադրութեան պարագային՝ կոտորել: Ուստի, համաձայն հայկական վերին հրամանատարութեան հրահանգին, հարկ էր ամէն կերպ խոյս տալ ռուսական ուժերու հետ ընդհարումէ: Առ այդ արշաւախումբի հրամանատարները ծրագրուած նահանջով, առանց խուճապի կը դիմեն անմիջական եւ մանրամասնօրէն նախագծուած վերադարձի դէպի Դիլիջան: Ճամբու ընթացքին տեղի կ’ունենայ չորս հայդուկներու դիակներու եւ եօթը վիրաւորներու փոխադրութիւնը նախ Ղ(Գ)ոշավանք, ապա Դիլիջան: Նշենք, որ բոլորն ալ ղարաքիլիսեցի եւ ունեւոր ընտանիքի զաւակներ էին: Ինչպէս նաեւ կը փոխադրուին թշնամիէն հաւաքուած արժէքաւոր զէնքերը, նոյնիսկ թշնամիէն վերցուած կենդանիները, որ համրանքով Դիլիջանի մէջ կը յանձնուին տեղական կոմիտէին ստացագրերու փոխարէն:

Փոլատ-Այրիի պատժական արշաւանքը վերջ կը գտնէ արշաւախումբի ամբողջական ցրուումով` Նիկոլ Դումանի վերջնական որոշումով, որ աւարտած էր հարիւրապետ Սէթոյի զեկուցագրի ու Սեւքարեցի Սագոյի նամակին հիման վրայ:
Փոլատ-Այրիի արշաւանքի իրականացման ընթացքին ցայտուն կը դառնան զինուորական արհեստավարժութեան հմտութիւնն ու բարձր մակարդակը, անոր նպատակաուղղուածութիւնը եւ թողած բարոյական աւանդը:

Փոլատ-Այրիի արշաւանքին հիմնական բնոյթն ու շարժառիթը անկասկած պատժականն էր: Պատժականը` ոչ միայն զուտ վրէժխնդրական մղումներէ թելադրուած, այլեւ հիմնականին մէջ ժողովուրդի բարոյահոգեբանական պատրաստուածութեան աստիճանի բարձրացման առաջադրանքով: Եթէ մէկ կողմէ հայաբնակ գիւղի բնակչութեան կեանքին սպառնալիք դարձած թաթարներու սաստումն էր, անոնց զգաստացնելու կարծր ոճն ու պատասխանը, միւս կողմէ` նաեւ թալանի, կոտորածի եւ աւերածութեան հետեւանքով ստեղծուած համընդհանուր յուսալքման պատկերը շրջելու յեղափոխական կամքի դրսեւորումը:

Փոլատ-Այրիի արշաւանքը թէեւ խորքային իմաստով պատժական վրէժխնդրական գործողութիւն է, կազմակերպուածութեամբ եւ ընթացքով յար եւ նման է Խանասորի արշաւանքին, սակայն տարողութեամբ կը տարբերի անկէ, որմէ պէտք է հետեւցնել.

ա.- Փոլատ-Այրիի արշաւախումբը, մէկուկէս տարուան փոխարէն, 12 օրուան մէջ ծրագրուած ու ձեւաւորուած է:
բ.- Արշաւանքը կատարուած է ձիւնոտ վատ ժամանակաշրջանին:
գ.- Արշաւախումբին մաս կազմած են 350 ֆետայիներ:
դ.- Կռիւի ընթացքին արշաւախումբը ընդամէնը չորս նահատակ ունեցած է:

Դաշնակցական մարտիկները, որոնք ուխտած էին հայ ժողովուրդին կեանքը եւ ունեցուածքը պաշտպանել, ազդու հակադարձումներով պատուհասեցին նախայարձակ թաթարաբնակ գիւղի՝ Փոլատ-Այրիի զինեալներն ու բնակչութիւնը:

Բնականաբար, արշաւանքին նպատակը մէկն էր` զօրաւոր պատգամ մը հասցնել թաթար ղեկավարներուն եւ անոնց նեցուկ կանգնողներուն, որոնք ահ ու սարսափ կը տարածէին հայկական հողատարածքին վրայ գտնուող գիւղերուն ու քաղաքներուն մէջ: Պատգամը հասաւ Փոլատ-Այրիի թաթար տղամարդոց վերջնական բնաջնջումով, որոնք իրենց արիւնալի դերակատարութիւնը ունեցած էին հայաբնակ գիւղի թալանին եւ կոտորածներուն մէջ:

Կարեւորելով Փոլատ-Այրիի արշաւանքի ռազմավարութեան եւ մարտունակութեան հոլովոյթը` կը շեշտադրուի հիմնական սկզբունք մը` կարգապահութեան սկզբունքը, որ իւրայատուկ է յեղափոխական աշխատանքին մէջ: Ատիկա յեղափոխական կազմակերպութեան, այս պարագային` ՀՅ Դաշնակցութեան ընդունած որոշումը գործադրելն է, ինչպէս որ է` կանգ չառնելով որեւէ դժուարութեան եւ խոչընդոտի առջեւ: Գլխաւորաբար այս սկզբունքն էր որ գործադրուեցաւ Փոլատ-Այրիի արշաւանքին` անտեսելով բնութեան, աշխարհագրական եւ բարբարոս թշնամիի յարուցած բոլոր դժուարութիւնները:

Յոյժ կարեւոր պատժական այս արշաւանքին մասին, ցաւով սրտի, ոչ մէկ յիշատակութիւն կայ մեր յեղափոխական գրականութեան մէջ, ոչ մէկ անդրադարձ թուղթին է յանձնուած օրուան հերոսական մարտին ձեռք բերուած յաղթանակի մանրամասնութիւններու մասին` բացի արշաւանքի տեղանունէն: Դժբախտութիւն պիտի ըլլար, եթէ մեր պատմութեան այս փառաւոր հերոսական աքթի մասին Կարօ Գէորգեանի «Ամէնուն տարեգիրքը» աշխատութեան մէջ տեղ չգտնէր այս արշաւանքի հարիւրապետներէն Սեդրակ Ջալալեանի (ՍԷԹՕ ծածկանունով) յուշագրութիւնը (1957 եւ 1958 թթ. տարեգիրքերուն մէջ), եւ չըլլար անոր շուրջ մեր կատարած արխիւային ու հետազօտական աշխատանքը, որուն արգասիքն է այս համեստ յօդուածը:

Հայ ազատագրական պայքարի մէջ տեղ գտած պատժիչ հերոսական այս արշաւանքը, բնականաբար, իր մէջ կը խտացնէ ռազմագիտական շարք մը հմտութիւններ եւ խորհուրդներ, որոնք ուսանելի են մեզի եւ մեր հայոց զոյգ բանակներուն համար: Իբրեւ այդ քննութեան արդիւնք կ’ընդգծենք հետեւեալ պատգամները.

ա.- բարձր պահել հայ մարտիկին ու հրամանատարին նախաձեռնող ոգին,
բ.- հայ մարտիկին ու հրամանատարին նոյնպէս վերապահել հակահարուած տալու կորովն ու առիթը,
գ.- ուժ տալ զինուորական կազմակերպչական աշխատանքներու, ըստ կարիքի` յարձակողական մարտավարութիւն կիրարկել առանց երկմտանքի, անակնկալի բերել ոսոխը,
դ.- տիրութիւն ընել ազգային արժանապատուութեան նուիրական զգացումին եւ հայութեան շնորհել նորօրեայ յաղթանակներու հրայրքը:

Իբրեւ եզրակացութիւն կը հաստատենք, որ Փոլատ-Այրիի արշաւանքը անհրաժեշտութիւն էր, խիստ կարեւոր եւ անյետաձգելի հրամայական: Այս իմաստով ալ, եթէ պիտի արժեւորենք Փոլատ-Այրիի արշաւանքը, ապա կը տեսնենք, որ անիկա հայ ազգային-ազատագրական պայքարի անուանացանկին մէջ չէ գտած իր արդար տեղը, յեղափոխական գրականութեան ու Դաշնակցութեան յուշատետրին մէջ չէ ներառուած` հակառակ իր ունեցած փայլուն արդիւնքին՝ ռազմավարական, մարտունակութեան եւ մասնակիցներու պատկառելի թուաքանակին ու կարգապահութեան առումով յեղափոխական աշխատանքին բարոյական վեհութեամբ արժանաւորման իմաստով:

Վերոնշեալ կարեւոր յատկութիւնները իբրեւ ամբողջական նկարագիր առնելով` կարելի է ըսել, որ հայ ֆետայիները գրեցին ժամանակակից հայոց պատմութեան մէջ փայլուն էջ մը եւս: Արդարեւ, 1905-1906 թուականներուն ժամանակահատուածին մէջ ինկած` թաթարներու կողմէ հայերու դէմ շղթայազերծուած ռազմական բախումները յայտնի դարձան հայ-թաթարական ընդհարումներ անուանումով: Վերոնշեալ ընդհարումները կոչուած են նաեւ հայ-թուրքական կռիւներ կամ պատերազմ:

Շուրջ մէկուկէս տարի տեւած հայ-թաթարական ընդհարումներէն հայութիւնը դուրս եկաւ յաղթական՝ շնորհիւ ՀՅ Դաշնակցութեան, որն իր ռազմիկ ու ղեկավար մարտական ուժերու մասնակցութեամբ յաջողեցաւ կազմակերպել կովկասահայութեան ինքնապաշտպանութեան ծանր գործը: Շնորհիւ յարձակումը պաշտպանութեան լաւագոյն միջոցի վերածելու արուեստին` ոչ միայն կովկասահայութիւնը փրկուեցաւ ընդհանուր կոտորածէ, այլեւ հատու հարուածներ տրուեցան համաթրքական շարժումներուն:

Դաշնակցութիւնը հիմնադրութենէն ի վեր արդէն ձեռք առած էր համայն հայութեան կեանքն ու ազատութիւնը պաշտպանելու գործը եւ որդեգրած ինքնապաշտպանութեան լաւագոյն ձեւը՝ յարձակումը:
Հայ-թաթարական ընդհարումներէն ետք ինքնապաշտպանական մեծ փորձառութիւն ձեռք ձգած ՀՅ Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը, իր անզուգական մարտական տեսաբանին՝ Նիկոլ Դումանին բանաձեւումով, հայ ժողովուրդին սեփականութիւնը կը դարձնէր այն անփոխարինելի եւ անժամանցելի ճշմարտութիւնը, թէ «Եւ մի ազգ, եթէ ուզում է մնալ յարգուած, եթէ չի ուզում կորչել, պէտք է լինի զէնքի ընդունակ, միշտ պէտք է լինի կազմ ու պատրաստ` ինքնապաշտպանութեան համար, մանաւանդ քաղաքական ցնցումների վայրկեաններում»:

Կասկածէ վեր է, որ անհետ կորուստէ կը փրկենք այս յոյժ արժէքաւոր դիւցազնապատումը` ՀՅ Դաշնակցութեան յանդուգն ծրագիրներէն մէկուն` Փոլատ-Այրիի արշաւանքին գործադրութեան մանրամասնութիւնները, որ տեղի ունեցած է հայ-թաթարական ընդհարումներու նախօրեակին: Հակառակ իր բացառիկ յաջողութեան` շատերուն համար անակնկալ պիտի թուի Փոլատ-Այրիի արշաւանքին մասին տեղեկանալը 115 տարի անց: Իսկ միւս կողմէ` պատժիչ այս գործողութիւնը անկասկած կը համալրէ եւ կը հարստացնէ յեղափոխական գրականութիւնը:

Վերջապէս, խիստ անհրաժեշտ է, որ հայ ազգի իղձերուն իրագործման համար այս դէպքէն ուղղութիւն ստանանք, ինչպէս նաեւ յիշենք վերոնշեալ բարոյական բոլոր յաւերժական դասերը, զորս հայ ֆետայական շարժումը ժառանգ ձգեց սերունդէ սերունդ` հարստացնելով հայ ազգային բարոյական արժէքային համակարգը:

ՓՈԼԱՏ-ԱՅՐԻԻ ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ

Երգ` նուիրուած Փոլատ-Այրիի պատժական արշաւանքին

Խօսք՝ Աւօ Գաթրճեանի
Երժշտ.՝ Րաֆֆի Ապէճեանի

Հայդուկապետ Նիկոլ Դուման
Հրահանգեց. «Դէ՛պ Դիլիջան,
Սեւքարեցի Սագոյի օգնել,
Ղոշավանքի վրէժ լուծել»:

Կտրիճ «Սէթօ» եւ Արտաշէս,
Խմբապետներ` վեհ, սրատես,
Վրէժխնդիր ու բոցածին,
Արշալոյսին արշաւեցին:

Կրկ.-
Երեք հարիւր յիսուն քաջերով,
Խրոխտ ու անյաղթ կորովով
Պաշարեցին Փոլատ-Այրին,
Ձիւնոտ լեռներ թրթռացին:
Դաշնակցական դիրքերէն բաց
Կարկուտի պէս գնդակ տեղաց,
Գրաւուեցան Ջաղացի դիրք
Եւ գոմերը հուրով սաստիկ:

Թաթար ամբոխը զարհուրած
Կը փախչէր աջ, ձախ մոլորած,
Բայց անհնար, փախուստ չունէր.
Փոլատ-Այրին հրկիզուած էր:

Կրկ.-
Երեք հարիւր յիսուն քաջերով….

«Դրօշակ», թիվ 2 (1648), փետրվար, 2021 թ.