Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Անցեալ շաբաթ, «Hyperallergic.com» կայքին վրայ լոյս տեսաւ Սիմոն Մաղաքեանի եւ Սարա Փիքմընի կողմէ ուսումնասիրուած ծաւալուն յօդուած մը, որ լուսարձակի տակմ կ՛առնէ Ատրպէյճանի տարածքին եւ գլխաւորաբար Նախիջեւանի Նոր Ջուղա շրջանին մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը բնաջնջելու նպատակով՝ Պաքուի իշխանութիւններուն մշակած մշակութային ցեղասպանութեան արշաւը, որ տեղի ունեցած էր 1997-էն 2006 թուականներուն միջեւ։
Յօդուածին մէջ կը շեշտուի, որ ատրպէյճանական իշխանութիւնները առնուազն 89 հայկական եկեղեցիներ, 5840 խաչքարեր եւ 22,000 գերեզմանաքարեր բնաջնջած են։
Հեղինակները իրենց բաղդատութեանց մէջ օգտագործած են Արգամ Այվազեանի կողմէ կատարուած եւ Ատրպէյճանի տարածքին գտնուող հայկական մշակութային ժառանգութեան նմուշներուն նուիրուած ուսումնասիրութիւները, որոնք ան կատարած է 1960-ականներէն մինչեւ 1980-ական թուականները, հակառակ տեղական իշխանութիւններուն սպառնալիքներուն։
Հեղինակները կը նշեն, որ շարք մը եկեղեցիներ հիմնովին քանդուած են եւ անոնցմէ շատերուն վայրին վրայ, ինչպէս՝ Ս. Կարապետ, Ս. Յակոբ եւ Ս. Թովմա եկեղեցիներուն տեղը աւելի ուշ մզկիթներ կառուցուած են։
Անոնք մանրամասնօրէն կը ներկայացնեն նաեւ պատմութիւնը Նոր Ջուղայի հայկական գերեզմանին, որուն հազարաւոր խաչքարերը քանդուած էին 2005-ին, ատրպէյճանցի զինուորներու կողմէ, միաժամանակ քննադատելով նման ցեղասպանական արարքի դիմած միջազգային համայնքին ցուցաբերած կրաւորական կեցուածքը։
Նշենք, որ Մաղաքեան հիմնադիրն է «Djulfa.com» կայքին, որ նուիրուած է Նախիջեւանի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը բնաջնջելու Ատրպէյճանի արարքներուն հետապնդման։
https://hyperallergic.com/482353/a-regime-conceals-its-erasure-of-indigenous-armenian-culture/