կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-03-01 12:20
Քաղաքական

Ժողովուրդը Պիտի Ըսէ Իր Վճռական Խօսքը

Ժողովուրդը Պիտի Ըսէ Իր Վճռական Խօսքը

Թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ կը տիրէ քաղաքական անորոշութեան վտանգաւոր վիճակ:

Լիբանանի փլուզուած պետական համակարգը վերակառուցման կարիք ունի: Արմատական տարակարծութիւններ ունեցող քաղաքական փտած վերնախաւը ի վիճակի չեղաւ նոյնիսկ ֆրանսական հոգատարութեամբ լուծում մը առաջադրելու, հակառակ տրուած խոստումներուն: Մարոնի պատրիարքը կ՛առաջարկէ միջազգային ընտանիքին դիմել ներլիբանանեան խնդիրներուն լուծում գտնելու համար: Անգամ մը եւս Լիբանան կը պատրաստուի անկազմակերպ բազմախոհութիւնը կազմակերպուած բազմակարծութեամբ փոխարինելու, օտարներու միջամտութեամբ: Այսինքն, անկախութենէն զիջելու եւ ուրիշներու շահերուն համապատասխան քաղաքականութիւն վարելու: Շրջանի երկիրներու տագնապներու ու հակամարտութիւններուն նկատմամբ չէզոքութիւն որդեգրելու անունին տակ նոր կախուածութիւն յառաջացնելու:

Այսքանը Լիբանանի մասին, քանի որ Հայաստանի մէջ դէպքերը գահավէճ ընթացք առած են:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ճակատագրական սխալ մը գործեց-մէկը սխալներու երկար շարքին- երբ վիրաւոր ու դժգոհ բանակին բախեցաւ: Արդա՞ր է անդադար բանակը խծբծել, սեփական սխալները պարտկելու համար: Սպայակոյտի պետի առաջին տեղակալին պաշտօնազրկումը մղեց բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարելու, որ կառավարութիւնը անկարող է երկրին դիմագրաւած հարցերուն լուծում գտնելու, եւ պահանջեց վարչապետին եւ կառավարութեան հրաժարականը:

Հրաժարականի պահանջը մեկնաբանուեցաւ իբրեւ պետական զինուորական հարուածի փորձ, մինչ եղածը լոկ յայտարարութիւն մըն էր: Յաջորդեց սպայակոյտի պետին պաշտօնազրկման առաջարկը, զոր հանրապետութեան նախագահը մերժեց ստորագրել: Ի վերջոյ, գնդակը պիտի գլտորուի դէպի Սահմանադրական դատարան, որ տասնօրեայ ժամկէտով պէտք է վճռէ որոշումին համապատասխանութիւնը Սահմանադրութեան:

Դէպքերու այս անմեղ պատումը կրնար սովորական դարձած դէպքերու շղթային մէկ օղակը համարուիլ, եթէ Նիկոլ Փաշինեան չդիմէր իր փայփայած գործելաձեւին ու ժողովուրդը չհրաւիրէր հաւաքի ու քայլարշաւի: Բանակի սպայակազմին նախաձեռնութիւնը հակասահմանադրական համարող վարչապետը իր համակիրներուն միջոցով ճնշում կը բանեցնէ հանրապետութեան նախագահին ու… Սահմանադրական դատարանին վրայ: Ամբոխավարական ժողովրդավարութիւնը ընդդէմ օրինական ժողովրդավարութեան:

Հայաստանը խորհրդարանական ղեկավարմամբ կառավարուող երկիր է: Ո՞ւր է Ազգային ժողովը, որուն Իմ քայլական մեծամասնութիւնը չի ներկայանար ընդդիմութեան նախաձեռնած արտակարգ նիստին: Խորհրդարանական կառավարումը փոխարինուած է «ժողովրդական» կառավարմամբ: Ժողովուրդը, ըստ Փաշինեանի ընտրութեամբ իրեն պատուիրակած է իշխանական լիազօրութիւնը. ուրեմն, Փաշինեանը ցնոր տնօրինութիւն ժողովուրդը կը ներկայացնէ: Սահմանադրութիւնը կ՛ըսէ, որ իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին, ժողովուրդն ալ զայն վստահած է վարչապետին: Այլեւս ինչ կարիք կայ խորհրդարանին ու կառավարութեան:

Շատոնց սողացող ինքնիշխանութիւնը, որ բռնատիրութեան տարատեսակ մըն է, չի քողարկուիր այլեւս: Ժողովուրդը վստահօրէն պիտի ըսէ իր վճռական խօսքը, իր անունով Հայաստանի պետականութիւնը խորտակումի առաջնորդող վարչապետին դէմ:

Բախտորոշ օրերու սեմին կանգնած ենք: Պետականութեան քանդումին դէմ, ժողովուրդի զաւակներէն կազմուած բանակի վարկաբեկման դէմ ընդվզումը ժողովրդային հեղեղ պիտի յառաջացնէ ու Հայաստանը ազատագրէ անպատասխանատու իշխանութենէն:


ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

aztagdaily.com