կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2019-12-13 14:15
Առանց Կատեգորիա

Ծերակոյտի բանաձեւի միաձայն որդեգրումով, Քոնկրէսը իր ծանրակշիռ ու մանաւանդ՝ արդար խօսքը ըսաւ Հայկական ցեղասպանութեան մասին

Ծերակոյտի բանաձեւի միաձայն որդեգրումով, Քոնկրէսը իր ծանրակշիռ ու մանաւանդ՝ արդար խօսքը ըսաւ Հայկական ցեղասպանութեան մասին

Մ. Նահանգներու Ծերակոյտի բանաձեւի միաձայն եւ Ներկայացուցիչներու տան նոյնանման բանաձեւին որդեգրումով, Քոնկրէսը իր ծանրակշիռ ու մանաւանդ՝ արդար խօսքը ըսաւ Հայկական ցեղասպանութեան մասին։

Այս ձեւով, Մ. Նահանգներու օրէնսդիր իշխանութեան ոլորտէն ներս, մեր արդար պահանջատիրութեան ուղղութեամբ ստեղծուեցաւ քաղաքական այն կենսական ենթահողը, ուր պիտի մղուի մեր պայքարին յաջորդ փուլը՝ մեր իրաւունքներու ձեռքբերման փուլը։

Այդ փուլը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ արդար հատուցումը հայ ժողովուրդին։

Սա բարոյական կամ վերացական յաղթանակ չէ՛։ Սա էապէս քաղաքական նշանակութիւն ունեցող նուաճում է հայ ազգին համար։

Այնպէս որ, ՀՀ վարչապետին խօսքերը, թէ «ԱՄՆ Սենատի 150 բանաձեւը արդարութեան եւ ճշմարտութեան յաղթանակն է։ (...) Սա յիշատակի տուրք է 20-րդ դարի առաջին ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերին և համարձակ քայլ ցեղասպանութեան կանխման ծրագրի առաջընթացում» պակասաւոր,, անհասցէ ու թերի են։ Պետական բարձրագոյն մակարդակով կատարուած նման յայտարարութեան մը մէջ ո՞ւր կը մնայ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հատուցման հարցը, ի՞նչ եւ որո՞ւ նկատմամբ արդարութեան մասին կը խօսի վարչապետը։ «Յիշատակի տուրք»ը իր կարգին, սակայն այս բանաձեւը ոգեկոչական խունկ ու մոմի մակարդակին պէտք չէ՛ իջեցնել, պարոն վարչապետ։ Սա լուրջ քաղաքական ձեռքբերում է մեր պետութեան եւ ազգին համար։

Տարբեր բառերով, սակայն նոյն բանը կը կրկնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանը, երբ կ՛ըսէ. «ԱՄՆ Սենատի կողմից 150 բանաձևի միաձայն ընդունումը վճռորոշ քայլ է՝ ծառայելու արդարութեանը, ճշմարտութեանը և Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչմանը, այն յարգանքի տուրք է զոհերի յիշատակին և նրանց արժանապատուութեանը»:

Պարոն վարչապետը եւ պարոն նախարարը այս բանաձեւը կը տեսնեն զուտ բարոյական, ոգեկոչական ու յարգանքի հարթութեան վրայ եւ փաստօրէն կ՛անտեսեն ատոր քաղաքական արժէքը՝ մեր իրաւունքներու վերատիրացման ճամբուն վրայ։

Յարգելի վարչապետ եւ նախարար, դուք իրաւունք չունի՛ք իր քաղաքական բովանդակութենէն պարպելու Քոնկրէսին որդեգրած բանաձեւերը։

Եւ վերջապէս, թէ՛ պարոն վարչապետը եւ թէ՛ արտգործնախարարը շատ լաւ գիտեն, թէ այս յաջողութեան ետին կը կանգնի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը։ Նոյնինքն արդարութեան սիրոյն, անոնք պարտաւոր էին գէթ շնորհակալական, կամ դրուատիքի խօսք մը ըսելու տասնամեակներու ընթացքին այս թափուած ճիգին համար։

Մենք ակնկալողները չենք։ Բայց դուք պարտաւոր էիք։

Բայց եւ այնպէս, Դաշնակցութիւնը գիտակից է մեր ժողովուրդի օրակարգին եւ կ՛ընթանայ այդ ուղղութեամբ։

Վաչէ Բրուտեան