Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Կարդա՛լ Դաշնակցութեան փորձագիտական յանձնաժողովի եզրակացութիւնը («Ամուլսարի Հանքավայրը Չի Կարող Օգտագործուել, Երբ Կան Անկառավարելի Ռիսկեր», ՀՅԴ Բիւրոյի Պաշտօնական Կայք, Սեպտեմբեր 13, 2019) Ամուլսարի ոսկեհանքի շահագործման բնապահպանական վտանգներուն և անոնց կառավարելիութեան խնդիրներուն մասին։
Թէև զեկոյցը կը վերաբերի բացառապէս Ամուլսարի ծրագրին, պէտք է շեշտենք, որ այս խնդրով զարգացող բանավէճը չի կրնար անտեսել ընդհանրապէս հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի համապատասխան բացերը Հայաստանի մէջ։ Մեծ բացթողումներ գոյութիւն ունին այս մարզին մէջ և տասնամեակներու տևողութեամբ կուտակուած և յետաձգուած մեղքեր։ Ի վերջոյ կառավարութեան և հանրութեան սեղանին վրայ պիտի դրուի ա՛յս մեծ հարցը։ Կարելի չէ Ամուլսարով ամուր փակել ապականութեան «դուռ»ը և միւս կողմէ ապիկարօրէն լայն բանալ «պատուհան»ները թոյլ տալով, որ հանքարդիւնաբերութեան աւանդական տէրերը շարունակեն թունաւորել մեր բնաշխարհը։
Փորձագետինը հետևեալն է։ Մենք՝ որպէս հանրութիւն պէտք է այժմէն դիտենք և տեսնենք, որ միւս հանքատէրերը սարսափահար վիճակի մատնուած են Ամուլսարի քննարկումներով...Յուսամ մատնանշումս յստակ է։ Եթէ միւս հանաքատէրերը կը շարունակեն ապրիլ իրենց յանցաւոր երանութեան մէջ (ընդհանրապէս «ուղղորդել»ով կացութիւնը Ամուլսարը քաւութեան նոխազի դիրքերուն վրայ պահելու), կը նշանակէ, թէ այս ամբողջ բանավէճը կը ծառայէ միայն ու միայն հանրութիւնը խաբելու...
Այս իսկ պատճառով, կենսական է, որ ՀՀ հանրութիւնն ու Սփիւռքը մօտէն առընչուին Դաշնակցութեան տուած հեռատես գնահատականներուն։ Կացութիւնը կրնայ խաբող ըլլալ իր հաստատուած անցեալով, բայց ան չի դադրիր ճգնաժամային ըլլալէ։ Հայաստանը կրնայ սիրուն և ներշնչող ըլլալ հայրենակարօտ մեր ժողովուրդին համար, բայց ան կրնայ շուտով վերածուիլ հանքարդիւնաբերական աղէտի գօտիի, եթէ այժմէն խորքային քննարկման չենթարկուի ամբողջութիւնը հանքարդիւնաբերական դաշտին։ Այս գործին ներդրողները -- օտարազգի կամ հայ -- հոս են ոսկիին համար միայն և ոչ՝ մեր երկրի բնութեան և մեր ժողովուրդի առողջապահութեան։ Մենք ենք տէրը մեր երկրին և մեր հաւաքական ճակատագրին։ Մենք ենք, որ տիրութիւն պիտի ընենք մեր մէկ ու միակ այգիին։
Կարօ Արմենեան
Սեպտեմբեր 14, 2019
Երևան