Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ Փեքինի մէջ իր չին պաշտօնակից Ուանկ Եիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Մենք սուրիական եւ թրքական ուժերուն միջեւ ճակատումի մը չենք ձգտիր, սակայն Իտլիպի մէջ ահաբեկչութեան դէմ կը կռուինք»:
«Թուրքիան բռնագրաւած է սուրիական հողերէն տարածքներ եւ կը պաշտպանէ Ժապհաթ Նուսրան ու ահաբեկչական խմբաւորումները», յայտարարեց սուրիական դիւանագիտութեան պետը:
«Իտլիպը սուրիական նահանգ մըն է, եւ այդտեղ գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումներուն վերջ պիտի տրուի», ընդգծեց ան:
Մոալլեմ նաեւ յայտնեց, որ «միջազգային ընտանիքը պէտք է դէմ կանգնի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Սուրիոյ, Չինաստանի, Իրանի, Վենեզուելայի եւ այլ երկիրներու դէմ կիրարկուող տնտեսական ահաբեկչութեան»` աւելցնելով. «(Սուրիոյ) վերաշինութեան հոլովոյթին մէջ առաջնահերթութիւն պիտի տրուի անոնց, որոնք ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին մէջ կանգնեցան Սուրիոյ կողքին»:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնեց, թէ բոլոր երկիրները պէտք է իրենց ուժերը կեդրոնացնեն ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վրայ:
Ան շեշտեց, որ պէտք է պահպանել Իրանի հետ կնքուած հիւլէական համաձայնագիրը:
Չինական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ պէտք է պահպանել Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը եւ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց ինքնազսպումի:
«Կը մերժենք Միացեալ Նահանգներու կողմէ կիրարկուող միակողմանի քաղաքականութիւնները», շեշտեց ան:
Նշենք, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը կ՛այցելէ Չինաստան` ընդառաջելով իր չին պաշտօնակիցի հրաւէրին:
Մոալլեմ չին բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու կարելիութիւնները:
Մոալլեմ չին պաշտօնատարներուն հետ պիտի քննարկէ նաեւ Սուրիոյ կացութեան զարգացումները, ինչպէս նաեւ շրջանային ու միջազգային բեմին վրայ հասարակաց հետաքրքրութիւն եղող նիւթեր. կհաղորդէ Ազդակ օրաթերթը` ՍԱՆԱ-յի յղումով: