Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Վարդանանց պատերազմի խորհուրդները ընկալելու վերլուծականները դասական առումով կը կեդրոնանան հաւատքի կառչածութեան եւ ընդհանրապէս խնդիրի բարոյական ծալքերուն վրայ: Քաղաքական առումով` ինքնուրոյնութիւնն ու համեմատական գերիշխանութիւնը պահպանելու: Աշխարհաքաղաքական դիտանկիւնէն` օրուան պայմաններու նկատառումով ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը փրկելու կամ պարսկական համահարթեցումը կասեցնելու փաստերուն վրայ:
Քաղաքական վերլուծաբանութեան այժմէական փորձը հաւանաբար աւելորդ չնկատէ Պարսկաստան-Հայաստան դարաւոր յարաբերութիւններու, այսօրուան բառամթերքով` Թեհրան-Երեւան կապերու ռազմավարական նշանակութեան մասին անդրադարձ կատարելը:
Վարդանանցը անշուշտ Աւարայրով չէ աւարտած: Պատմութեան շարունակականութիւնը եւ երկու պետութիւններու անմիջական դրացնութիւնը յետցնցումային փուլեր ունեցած են: Վարդանանց ռազմաքաղաքական մեծագոյն դասը քաղած են վահանեան շարժումի ղեկավարները` փոխելով կռուելաձեւի օրէնքները: Ձեւափոխուած պատերազմին զուգահեռ լիարժէք աշխատած է դիւանագիտութիւնը, որ Տիզպոնի մէջ ձախողութեան մատնուած էր:
Վահանեան շարժումին կողմէ մղուած ներքաշող- սողացող պատերազմը իր լրումին հասած է Նուարսակի դաշնագիրին սկզբունքները նախապատրաստող հայկական դիւանագիտութեամբ, որ յամենայն դէպս գիտակցած է համեմատական գերիշխանութեան` այդ օրերու լայն լիազօրութիւններով ինքնավարութեան դրոյթի պահպանման համար բնականոն յարաբերութիւններ ունենալ տարածաշրջանի գերտէրութեան հետ:
Տարածաշրջանի գլխաւոր խաղացող Թեհրանի հետ ռազմավարական գործընկերութեան յարաբերութիւններ կը կիրարկէ Երեւանը: Այս անգամ Յազկերտի լեզուն կը գործածուի նոյնինքն Իրանի դէմ, յատկապէս Ուաշինկթընի կողմէ պատժամիջոցային քաղաքականութեան իրականացումով: Եւ եթէ կիսաշրջափակուած Երեւանին համար Իրանը կարեւոր ելք է, ապա պատժամիջոցներու ենթարկուող Իրանի համար Հայաստանը կարեւոր տնտեսական պատուհան է:
Խօսքը ո՛չ միայն երկարաժամկէտ առումով հորիզոնին վրայ ուրուագծուող Մետաքսի ճամբուն վերագործարկման հաւանականութեան մասին է, ուր թէ՛ Թեհրանը եւ թէ՛ Երեւանը կարեւոր աշխարհագրական դիրքեր ունին: Հայկական պատուհանը Իրանը կրնայ դիտել Պարսից ու Կասպից ծովերը ցամաքով կապող կամուրջը եւ այդ կամուրջի իր կողմէ օգտագործման խիստ կենսունակութիւնը: Հայկական պատուհանէն Թեհրանի վարիչներուն համար տեսանելի կը դառնան Իրանէն մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք գործարկելի երկաթուղին ու անոր ճամբով Թեհրանէն Չինաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ ապրանքաշրջանառութեան հաւանական ծաւալները:
Այժմ Թեհրան գործուղուող պաշտօնական Երեւանի ներկայացուցիչները Տիզպոն հրաւիրուելու պայմաններով չէ, որ կ՛այցելեն: Հիմա արդէն սեղանի վրայ է Թեհրան-ԵՏՄ ազատ առեւտուրի պայմանագիրի նախագիծը, որ խիստ անհրաժեշտութիւն կը ներկայացնէ Արեւմուտքի կողմէ մեկուսացուող Իրանին համար: Իսկ դէպի ԵՏՄ առաջին կանգառը Երեւանն է: Ապամեկուսացման համար անշրջանցելի միջավայրը:
Աւարայրը ռազմաքաղաքական դաս է ո՛չ միայն հայկական, այլ նաեւ պարսկական կողմին համար: Եթէ այդ մէկը անմիջականօրէն յանգած է Նուարսակի երկկողմ պայմանագիրին, ապա երկարած է դարերու վրայ հասնելու համար այսօրուան ռազմավարական յատուկ նշանակութիւն ունեցող գործընկերութեան` արցախեան հակամարտութեան գործընթացին Թեհրանի որդեգրած հաւասարակշիռ դիրքերէն մինչեւ առեւտրական բնոյթի տարբեր համաձայնագիրներ եւ միջպետական յարաբերութիւններու բազմաոլորտ պայմանաւորուածութիւններ: