Միասին կարող ենք
կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2019-09-09 11:35
Սփյուռք

Չինաստանը Էրտողանին Օգնութեան Կը Հասնի, Սակայն Նաեւ Կը Զգուշացնէ

Չինաստանը Էրտողանին Օգնութեան Կը Հասնի, Սակայն Նաեւ Կը Զգուշացնէ

Այս տարի, հակառակ անոր որ արեւմտեան լրատուական միջոցները եւ պետութիւնները քննադատեցին Չինաստանի վերաբերմունքը թուրք ույղուր ժողովուրդին նկատմամբ, Էրտողան լուռ մնաց: Իսկ անոր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Թուրքիոյ Ազգային ժողովին մէջ չքուէարկեց ի նպաստ օրինագիծի մը, որ կը քննադատէր Չինաստանի քաղաքականութիւնը ույղուրներուն նկատմամբ, բան մը, որ զայրացուց իր ազգայնական դաշնակիցները եւ ապշեցուց աշխարհը: Իբրեւ փոխադարձ վերաբերմունք` չին կառավարութիւնը մէկ միլիառ տոլար փոխանցեց Թուրքիա` օգնելու օտար դրամական պահեստին:

Այս օգնութիւնը կարեւոր էր այն առումով, որ երկիրը ազատեց տնտեսական ճգնաժամէ մը, երբ Էրտողան քաղաքապետական ընտրութիւններուն պայքար կը մղէր երկրին մէջ` իր հակառակորդներուն դէմ: Աւելի՛ն. երբ անցեալ յուլիսին Էրտողան այցելեց Փեքին, ան յայտարարեց, որ ույղուրները «ուրախ կեանք» մը կ՛ապրին Չինաստանի մէջ: Թուրք ազգայնականները անբաստանեցին Էրտողանը չինական դրամագլուխներու եւ ներդրումներու դիմաց ծունկի գալու յանցանքով:

Այստեղ պէտք է յիշել, որ 2009-ին Էրտողան Չինաստանը ամբաստանեց ույղուրներուն դէմ «ցեղասպանութիւն» գործելու յանցանքով, բան մը, որ Էրտողանի շուրջ համախմբեց ազգայնական խաւը, սակայն նոյն խաղը այսօր զինք կրնայ որբ ձգել այս հակասական յայտարարութիւններուն պատճառով: Իսկ փետրուարին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատեց չինական կառավարութեան վերաբերմունքը եւ զայն նկատեց «ցեղային մաքրագործում» ույղուրներուն նկատմամբ («Սի.Ան.Աս. Նիուզ», 12 օգոստոս 2019): Չինաստան պատասխանեց այս անհիմն յայտարարութիւններուն` ըսելով, որ այսպիսի քննադատութիւններ միայն կը վատթարացնեն տնտեսական յարաբերութիւնները երկու երկիրներուն միջեւ: 2012-ին, երբ չինական դրամատուները կասեցուցին իրենց գործակցութիւնը Թուրքիոյ հետ, կարճ ժամանակի մը ընթացքին Էրտողան եւ իր կառավարութիւնը ստիպուեցան հաշուի առնել Չինաստանի տնտեսական ճնշումը: Աւելի՛ն. Թուրքիա եւ Սէուտական Արաբիա ճնշում բանեցուցին իսլամական երկիրներու վրայ` հեռու մնալու ույղուրներուն նկատմամբ Չինաստանի քաղաքականութիւնը քննադատելէ: Նշենք,որ Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրին աւելի քան 35.000 ույղուրներ, որոնք կը վայելեն պետութեան աջակցութիւնը, կազմակերպական ցանցեր ունին եւ Սուրիոյ պատերազմին կազմեցին զինեալ ջոկատներ:

Անցեալ շաբաթ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հուա Չոնիինկ յայտարարեց, որ Չինաստան դէմ է Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ վերջերս ծրագրուած Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ «ապահով գօտի» մը ստեղծելու գաղափարին: Նախարարութեան բանբերը նաեւ աւելցուց, որ Չինաստան կը կանգնի Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան կողքին («Սիրիա Թայմզ», 14 օգոստոս 2019): Ասիկա ազդանշան էր Չինաստանի կողմէ` Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւններուն նկատմամբ:

Էրտողանի արեւելամէտ քաղաքականութիւնը զայն դարձուց պատանդ մը Ռուսիոյ եւ Չինաստանի ձեռքերուն մէջ: Ասիկա պիտի ունենայ իր քաղաքական հետեւանքնեը թրքական ներքին եւ արտաքին քաղաքական կեանքին մէջ:

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

«Ազդակ»