Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
11 յունուարին Մոսկուայի մէջ ստորագրուած յայտարարութիւնը ամբողջովին հետեւութիւնն է 9 նոյեմբերի յայտարարութեան 9-րդ կէտին: Եւ այստեղ պէտք է տեսնել ամբողջ հանգոյցը բեմականացուող այս գործընթացներուն:
Յայտարարութեան 9-րդ կէտը կը բանաձեւէր` «Տարածաշրջանում բոլոր տնտեսական եւ փոխադրական կապերն ապաշրջափակուած են: Հայաստանի Հանրապետութիւնը ապահովում է փոխադրական կապեր Ազրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջանների եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ` երկու ուղղութիւններով քաղաքացիների, փոխադրական միջոցների եւ ապրանքների անխոչընդոտ տեղաշարժը կազմակերպելու նպատակով: Փոխադրական հսկողութիւնն իրականացնում են Ռուսաստանի Դաշնութեան ԱԴS Սահմանապահ ծառայութեան մարմինները: Կողմերի համաձայնութեամբ կը տրամադրուի Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջանների հետ կապող նոր փոխադրական հաղորդակցութիւնների կառուցում»:
Հիմա, այս երկրորդ յայտարարութիւնը, որ կը բաղկանայ 4 կէտերէ, ըստ էութեան կը մանրամասնէ նախորդ յայտարարութեամբ 9-րդ կէտով բանաձեւուածը: Արձանագրուածին միտք բանին այն է, որ կողմերը կ՛անցնին ապաշրջափակման գործողութիւններ իրականացնելու ժամանակացոյցի եւ մեքենականութեան ճշդումին:
Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը կը վերաբերէր Արցախի պատերազմի հրադադարին: Այնտեղ միայն 9-րդ կէտն էր, որ հայաստանեան տարածքներու կարգավիճակի փոփոխութեան մասին կը խօսէր: Այժմ արդէն նոր յայտարարութեամբ Արցախը ամբողջովին կը բացակայի եւ տնտեսական ուղիներու հարթման կամ ենթակառուցուածքային հաղորդակցութիւններու հրամայականին վրայ շեշտադրումով հակամարտութեան էութեան հիմնական փոփոխութիւն կ՛արձանագրուի: Այլ խօսքով, որեւէ կէտ չկայ այստեղ, որ կրնայ առաջնորդել ռազմագերիներու վերադարձի, փրկաորոնողական աշխատանքներու համակարգման, եւ ամէնէն կարեւորը` կարգավիճակի ճշդորոշման բանակցութիւններուն, ԼՂԻՄ-եան հասկացողութեամբ տարածքներու որոշակիացման: Հայկական կողմի առաջադրանքներու նախադրեալները ի սպառ կը բացակային:
Այս կը նշանակէ, որ կողմերը իրենց ստորագրութեամբ կը նուիրականացնեն Ալիեւի (եւ ապա Փութինի կողմէ երկրորդուած) «Արցախի հակամարտութիւնը անցեալ է» յայտարարութիւնը: Քննարկումները հիմա կեդրոնացած են ներկայ գոյավիճակը հիմ առնելով` երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական կապերու եւ ենթակառուցուածքային հաղորդակցութեան ճամբաներ բանալու առաջադրանքներուն վրայ:
Գործընթացներու ամբողջ շարժառիթը 9-րդ կէտին մէջ կը կայանայ. եւ այստեղ պատահական չէ, որ խնդրոյ առարկայ կէտին առաջին նախադասութիւնը կը հաստատէ, որ «Տարածաշրջանին մէջ բոլոր տնտեսական եւ փոխադրական կապերը ապաշրջափակուած են»: Հետեւաբար միտումը ընդհանրապէս տարածաշրջանային ապաշրջափակում կ՛առաջադրէ. իսկ տարածաշրջանի ապաշրջափակուած գօտին միայն Հայաստան – Ազրպէյճան չէ, այլ նաեւ Հայաստան – Թուրքիա:
Յայտնաբար 9-րդ կէտը նկատի ունենալով է, որ Անգարան ներկայացնող արտաքին հարցերու գերատեսուչը կը յայտարարէր. «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ զինադադար հաստատուած է: Տեղակայուած է ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւն: Կը ստեղծուի միացեալ հսկողութեան կեդրոն, որ շուտով պիտի գործէ: Մեր նպատակն է այստեղ հասնիլ կայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան, որուն համար մենք պէտք է զօրաշարժի ենթարկենք մեր բոլոր կարելիութիւնները, ներառեալ «Մեծ վեցեակ»-ի ձեւաչափը, եւ քայլերու պէտք է ձեռնարկուին վստահութիւն ստեղծելու ուղղութեամբ: Կը հաւատամ, որ անմիջապէս, որ այդ քայլերը կատարուին, մենք պիտի հաստատենք տեւական խաղաղութիւն, եւ ատով պիտի կարգաւորուին շրջանի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները… Մեր նախագահը եւ մենք բազմիցս ըսած ենք, որ եթէ այս հոլովոյթը ընթանայ իր հունով, եթէ տեւական խաղաղութիւն ըլլայ, մենք պիտի կարենանք կարգաւորել Թուրքիա-Հայաստան, Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւնները: Ատիկա այն է, ինչ որ պէտք է կատարուի: Մենք այս հարցին շուրջ մեր աշխատանքը պիտի համակարգենք Ազրպէյճանի հետ: Ռուսիոյ հետ մեր համագործակցութիւնը այստեղ կարեւոր է: Մենք իսկապէս կը ցանկանք տեսնել այդպիսի արդիւնաւէտ համագործակցութիւն, որպէսզի խաղաղութիւն, կայունութիւն, տնտեսական զարգացում ըլլայ, որպէսզի մեր առաքելութիւնները հետագային ստիպուած չըլլան այնտեղ խաղաղութիւն հաստատելու եւ վերահսկելու»:
9-րդ կէտը, ուրեմն, շրջանցելով արցախեան հակամարտութիւնը, կը խօսի ո՛չ միայն Հայաստան- Ազրպէյճան, այլ նաեւ Հայաստան- Թուրքիա ապա շրջափակումներու մասին:
Պարզ է, որ Երեւանի փոխարէն բանակցողը Մոսկուան է: Իսկ արցախեան թեմայով Երեւանը այսօր ո՛չ միայն իրողապէս, այլ նաեւ իրաւական հասկացողութեամբ իրաւասու չէ բանակցելու:
Չի բացառուիր, որ տարածաշրջանային ապաշրջափակման երկրորդ փուլը եւս տեղի ունենայ Երեւանի ձեւական մասնակցութեամբ: Թէկուզ արդէն իբրեւ վեցեակի անդամ:
aztagdaily.com