կարևոր
1783 դիտում, 11 ամիս առաջ - 2023-12-08 17:58
Հասարակություն

Ակնարկ. Ազրպէյճան. Ներքին-Արտաքին Ճնշումներ

Ակնարկ. Ազրպէյճան. Ներքին-Արտաքին Ճնշումներ

Արցախի հարցով Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական տան լսումներուն առընթեր յայտարարողական մակարդակի վրայ լարուած էին Ուաշինկթընի եւ Պաքուի յարաբերութիւնները: Հասցէական սուր քննադատութիւններու դիմաց Պաքուի առաջնորդը նոյնիսկ խօսած էր Ուաշինկթընը իբրեւ միջնորդ Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւններուն չընդունելու մասին:

Իրավիճակ փոխուած է. Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Օ՛Պրայընի Ազրպէյճան կատարած այցելութեամբ: Այս առիթով Ազրպէյճանի ղեկավարը նշած է, որ Ուաշինկթընը, հաշուի առնելով նոր իրողութիւնները, կրնայ իր ներդրումը ունենալ խաղաղութեան գործընթացին մէջ: Այս յայտարարութիւնը փաստօրէն հերքում է նախկին ըսուածին:

Օ՛Պրայընի այցելութիւնը ըստ էութեան նախապատրաստութիւն է ուաշինկթընեան հանդիպումին, միջնախարարական ձեւաչափով: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ կը սպասէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախարարներուն Ուաշինկթըն ժամանումին` բանակցութիւնները շարունակելու համար:

Այս ելեւէջները պէտք է դիտարկել միջնորդական եւ երաշխաւորման աշխարհաքաղաքական պայքարի պարունակին մէջ: Երեւանի չմասնակցիլը ՀԱՊԿ խորհրդարանական վեհաժողովին, ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու հաւանականութիւններու մասին ենթադրութիւններու դուռ բացած էր: Այստեղ եւս կատարուեցան յստակացումներ: Ռուսիոյ դաշնութեան խորհրդարանի վերին պալատի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահը կը հաւաստիացնէր, որ Ռուսիոյ դաշնութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ բազմաոլորտ գործակցութիւնները կը շարունակուին:

Տարբեր ուղղութիւններու վրայ կատարուած այս յայտարարութիւնները կը վերահամոզեն իրադրութիւններուն հետեւողը, որ խնդիրը միջնորդական կարգավիճակի պահպանման հետ կապուած է:

Ազրպէյճանի նախագահին կատարած հաստատումները Միացեալ Նահանգներու դերակատարութեան մասին կ՛ենթադրեն, որ Ուաշինկթընի հանդիպումը պիտի կայանայ: Զուգահեռ, Ալիեւ կ՛ընդգծէ Ռուսիոյ դաշնութեան ստանձնելիք դերակատարութեան կարեւորութիւնը: Յղում կը կատարէ նոյեմբերեան յայտարարութեան 9-րդ կէտին եւ կ՛ընդգծէ, որ հայկական կողմը յանձնառութիւն ունի Նախիջեւան-Ազրպէյճան ճանապարհ տրամադրելու: Ասիկա վերադարձ է իրենց պատկերացումով «Զանգեզուրեան միջանցք»-ին. յայտնաբար իրանեան ճանապարհահատուածը չէ փոխարինած Զանգեզուրը: Ուշագրաւը այն է, որ Ալիեւ կը շեշտէ նոյեմբերեան համաձայնութեամբ բացուելիք ճանապարհին ռուսերուն կողմէ վերահսկուիլը:

Յայտարարութիւններու յաջորդականութիւնը կարեւոր է, նախ սպառնալ, որ Ուաշինկթընը պէտք է դուրս գայ միջնորդներու շարքէն, ապա շեշտել Միացեալ Նահանգներու ներգրաւման կարեւորութիւնը խնդիրներու լուծման, յետոյ յիշել ռուսական սահմանապահ զօրքերով Նախիջեւան- Ազրպէյճան կապի վերահսկելիութիւնը:

Այս յաջորդականութեամբ, Ազրպէյճանի նախագահը ըսել կ՛ուզէ, որ իրենք լուծած են Արցախի հարցը եւ հիմա անցած Նախիջեւանը Ազրպէյճանին կապելու օրակարգին:

Աշխարհաքաղաքական այս միտումներուն խաղաթուղթերը բացած է քոնկրեսական Ֆրենք Փալոնը, որ ստորագրած է երկկուսակցական, երկպալատ նամակ մը, ուր արձանագրուած է. «Երբ Ազրպէյճանի բռնակալ Իլհամ Ալիեւը վերափոխած է շրջանը` օգտագործելով զինուորական ուժ, մենք մտավախութիւն ունինք, որ ան համարձակութիւն ձեռք բերած է` դարձեալ նման ձեւով վարուելու: Մենք յատկապէս մտահոգուած ենք, որ Ազրպէյճանը պիտի շարունակէ իր յարձակումը` գրաւելով Հայաստանի գերիշխան տարածքը»: Հետեւաբար անհրաժեշտ է ամերիկեան անվտանգային աջակցութիւն` կանխարգիլելու համար նոր յարձակումը:

Պաքուն գիտակից է, որ Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր շրջանակներէ հնչած այս պահանջները կրնան տեղափոխուիլ գործադիր դաշտ:

Երէկ Ալիեւ ստորագրեց հրամանագիր` փետրուարին արտակարգ նախագահական ընտրութիւններ կայացնելու: Յայտնապէս ներքին-արտաքին ճնշումներ գոյութիւն ունին, որոնք տեղի տուած են նման շտապ որոշումի: Ժամկէտը եւս նեղ է համապետական ընտրութիւններ կայացնելու: Արտաքին ճնշումը ամերիկեանն է, ինչպէս կ՛երեւի: Չի բացառուիր, որ ներազրպէյճանական դաշտը թէժանայ` հակաալիեւ ալիքի բարձրացումով: Յաղթական մոմենթումը օգտագործելով կարելի է բացատրել Ալիեւի աճապարանքը եւ նեղ ժամկէտով նախագահական արտակարգ ընտրութիւններ կազմակերպելու որոշումը:

«Ա.»
aztagdaily.com