Միասին կարող ենք
կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2020-05-05 23:06
Աշխարհ

Համավարակի Դէմ Պայքարի Ուղղութեամբ Գանատայի Հայ Դատի Յաձնախումբը Խորհրդակցական Հանդիպում Ունեցաւ Ընդդիմութեան Ղեկավար Անտրու Շիրի Հետ

Համավարակի Դէմ Պայքարի Ուղղութեամբ Գանատայի Հայ Դատի Յաձնախումբը Խորհրդակցական Հանդիպում Ունեցաւ Ընդդիմութեան Ղեկավար Անտրու Շիրի Հետ

Գանատայի Պահպանողական Կուսակցութեան հրաւէրով, Հայ Դատի յանձնախումբը հեռակապով հանդիպում մը ունեցաւ Պաշտօնական Ընդդիմութեան եւ Պահպանողական Կուսակցութեան Ղեկավար՝ Անտրու Շիրի հետ: Հայ Դատի յանձնախումբի կողքին, հանդիպման կը մասնակցէին նաեւ այլ համայքներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Գանատայի խորհրդարանի անդամ Կարնէթ Ճէնըս:

Հանդիպման ընթացքին, կողմերը քննարկեցին համավարակի պատճառով ստեղծուած ներկայ ճգնաժամային իրավիճակը, իւրաքանչիւր համայնքէ ներս տիրող կացութիւնն ու ժողովուրդին ու համայնքային կազմակերպութիւններու օժանդակութիւններ ապահովելու վերաբերող հարցերը:

Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի վարիչ տնօրէն Սեւակ Պէլեան իր կարգին ներկայացուց Հայ համայնքէն ներս տիրող ներկայ պայմանները, այդ պայմաններու թելադրած անհրաժեշտ կէտերն ու անոնց ուղղութեամբ տարուող հետեւողական աշխատանքը Գանատայի տարածքին:

horizonweekly.ca