Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
Արցախի եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծին վրայ միանգամայն երեք եւ ապա չորրորդ զոհ տալը ցնցիչ է անշուշտ եւ խորագոյն ցաւի կ՛առաջնորդէ համայն հայկական աշխարհը:
Վերջին շրջանին նկատելի էր, որ շփման գիծի երկայնքին հայկական կողմը դիրքերը օժտած էր ռազմական արհեստագիտութեան համարժէք սարքերով, պաշտպանունակութեան աստիճանաչափը բարձրացնող եւ հակառակորդի շարժումներուն մինչեւ խորերը դիտարկող տեսանելիութեան գործիքակազմերով: Այս իրողութիւններուն իբրեւ անմիջական արդիւնք զգալիօրէն չէզոքացուած էր թշնամիի ոտնձգութիւններուն արդիւնաւէտութիւնը:
Այժմ կարգը կը խախտէր դարձեալ, եւ արձակազէնները կը յաջողէին խփել թիրախներ, երիտասարդ կեանքեր, իրենց հայրենիքի սահմանները պաշտպանող զինուորներ:
Բնական է, որ ազրպէյճանական կողմը ձեռնածալ պիտի չմնար եւ պիտի շարունակէր սահմանագիծին վիճակը թէժ պահելու իր վարքագիծը, յատկապէս բանակցութիւններու վերսկսման հաւանականութեան նախօրեակին: Պատերազմական իրավիճակի խաբկանք ստեղծել` բանակցութիւններուն գոյավիճակը փոխելու եւ արմատական լուծումներու առաջնորդելու ձախողած մարտավարութիւնը վերակիրարկելով:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու վերջին հասցէական յայտարարութենէն ետք, Ազրպէյճանը վերստին կը դիմէր միեւնոյն արկածախնդրական միջոցին: ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակը փակելով, անդադար զինադադար խախտելով, հասցէական մեղադրանքները անտեսելով Պաքուն կը շարունակէր փաստօրէն իր հետեւողականութիւնը ցոյց տալ յարձակողապաշտութեան եւ մաշումի ռազմական այս քաղաքականութեան դրսեւորման առումով:
ԵԱՀԿ-ը այս պարագային իր հեղինակութիւնը պահելու խնդիր ունի: Պատահածը պարզապէս պատասխան է ԵԱՀԿ-ի կողմէ հնչած հասցէական մեղադրանքին, պարզապէս փոխանցելու, որ միջազգային ընտանիքի որոշած միջնորդական այս ձեւաչափին կողմէ հնչած յայտարարութիւնները որեւէ իմաստ չունին Պաքուի համար:
ԵԱՀԿ-ը հետեւողականութիւն ցոյց տալու խնդիր ունի անմիջականօրէն. հաւասար պատասխանատուութենէն դէպի հասցէական մեղադրանք անցում կատարած ԵԱՀԿ-ը այս պարագային իր քայլերուն ուղղութեամբ նոր փուլ թեւակոխելու անհրաժեշտութեան առջեւ է:
Պաքուն իր անհամաձայնութիւնը յայտնելով պատճառ կը դառնայ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի փակուելուն. Պաքուն չ՛ընդառաջեր մշտադիտարկման համար շփման գիծը յաւելեալ գործիքակազմերով օժտելու միջազգային առաջադրանքին: Պաքուն կը շարունակէ խախտել հրադադարը: Պաքուն կ՛անտեսէ հասցէական մեղադրանքը: Ուրեմն®
Ուրեմն ԵԱՀԿ-ին կը մնայ հասցէականէն անցնիլ պատժականի: Այլապէս Պաքուի կողմէ սանձազերծուող ռազմական արկածախնդրութիւններուն հետեւանքները կրնան անկանխատեսելի ըլլալ եւ պատճառ դառնալ նոր բռնկումներու:
Ռազմական արկածախնդրութեան վերլուծումը կը համոզէ, որ Պաքուն չի վստահիր իր ուժերուն վերսկսելու համար լայնածաւալ պատերազմ: Ապրիլեան կասեցումը, եւ ոչ միայն կասեցումը, այլ հայկական ուժերու յառաջխաղացքն ու Պաքուի կողմէ յայտարարուած միակողմանի զինադուլը այդ համոզման հիմնաւորումին կը ծառայեն: Եղածը փորձ է մաշումի պատերազմի եւ դասական մարտավարութիւն բանակցութիւններու վերսկսման նախօրեակին շփման գիծը հրդեհելու:
ԵԱՀԿ-ի լիազօրութիւնները կը վերաբերին առաւելաբար միջնորդելու, բանակցութիւններու սեղանին շուրջ կողմերը համախմբելու, զինադադարին հսկելու: ԵԱՀԿ-ը սակայն իր հեղինակութիւնը պահելու համար դիրքորոշումներու մագլցողականութեան հետեւողականութիւն ցոյց տալու անհրաժեշտութեան առջեւ է: Այս պատճառով ալ տեսանելի տրամաբանական յաջորդ միակ փուլը հասցէականէն ետք պատժելիութիւնն է:
Զինուորաքաղաքական իրադարձութիւնները կը համոզեն սակայն, որ միջազգային ընտանիքէն հրապարակային այս ակնկալութիւնները, որոնք օրինաչափ են եւ համահունչ հայկական կողմի կիրարկած արտաքին քաղաքականութեան, գետնի վրայ բաւարար պիտի չըլլան սանձահարելու ազրպէյճանցի պաշտօնական արկածախնդիրները:
Պատժիչ ու ցաւոտ գործողութիւնները իրեն կը վերապահէ հայկական կողմը, որ ահաբեկչական պետական միաւորի հետ վարուելու մարտավարութեան տիրացած է:
Իրադրութիւնները կը յուշեն, որ հայկական կողմը ե՛ւ իբրեւ դիւանագիտութիւն, ե՛ւ իբրեւ զինուած ուժեր`
Ա.- Միջազգային ընտանիքէն պիտի շարունակէ պահանջել հասցէականէն պատժելիութեան անցումը,
Բ.- Պիտի շարունակէ ռազմական բարձր արհեստագիտութեամբ շարունակել օժտել ամբողջ սահմանագիծը,
Գ.- Իրեն պիտի վերապահէ թշնամիի հաւանական բոլոր ոտնձգութիւնները սանձահարելու, պատժելու եւ զսպելու առաջնային գործառոյթները:
«Ա.»
aztagdaily.com