Փոխարժեքներ
11 01 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 396.84 |
EUR | ⚊ | € 408.82 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.8875 |
GBP | ⚊ | £ 487.91 |
GEL | ⚊ | ₾ 140.28 |
«Փրկիչ» անուանեցին մարդու մը, որ փաստեց թէ դրածոյ է արտաքին ուժերու։ Ան կատարեց իրեն տրուած պատուէրը՝ յանձնեց Արցախը։ Հիմա կարգը հասաւ ներկայ Հայաստանի սահմաններու քննարկման՝ պատրուակելով աղբաման նետուած հին քարտէզներ։ Պէտք է համբերել կռուելով, պէտք է շարունակել պայքարը՝ ի սպաս Հայաստան աշխարհի ամբողջականութեան։ Այս ոջիլանման մարդն ալ կ՚անցնի՝ իր հետ տանելով ներկայ խորշակը։
Հայաստանը կը մնայ կանգուն։ Կը վերականգնի։ Բռնագրաւուած հողերը կ՚ազատագրուին։ Որովհետեւ միայն հայն է, որ կրնայ տիրապետել Հայաստան աշխարհին։ Իր կրանիտեայ լեռներով, խաղաղ դաշտերով եւ անվերջ գետերով, Հայաստանը ադամանդն է հայութեան։
Պէտք է անսալ Հայաստանը հայացնող Ռուբէն Տէր Մինասեանի խորհուրդին։ Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը կը գտնուի այն գիծին վրայ, որ Եւրոպան կը միացնէ Միջին Արեւելքին եւ Ասիոյ։ Դէպի հարաւ թէ դէպի հիւսիս արշաւողները միշտ պահ մը կանգ առած են Հայաստանի դիմաց։
Անոնցմէ շատեր իրենց գերակշռող ուժով փորձած են տիրել Հայաստանին։ Ոմանք յաջողած են։ Ոմանք այսօր եւս նման յաջողութիւն կը վայելեն։ Բայց այդ վայելքը ժամանակաւոր է, ինչպէս եղած է պարագան մեր պատմութեան ընթացքին Հայաստանեան պարիսպին բախող մնացեալ արշաւողներուն։
Հետեւաբար, Հայաստանին տիրողին կեանքը միշտ ժամանակաւոր է։ Անոնցմէ ոմանք դատապարտուած են մահուան, ուրիշներու պարագային իրենց տիրութեան երջանկութիւնը եղած է կարճատեւ։
Ինչպէս Ռուբէն կը բացատրէ իր կը բացատրէ «Հայաստան Միջ-ցամաքային Ուղիներու Վրայ» գործին մէջ, «Կ՚ըսեն՝ ամենամեծ ադամանդ քարերը պատճառ կը դառնան սեփականատիրոջ մահուան եւ նոր տիրոջ կարճատեւ երջանկութեան։ Այդ ադամանդներէն է Հայաստանը։»
Հայաստան այդ անտիրապետելի անդամանդն է, որ միշտ պիտի պատկանի միա՛յն հայ ժողովուրդի տիրութեան։
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 27, 2020
Լոս Անճելըս