Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
«Դաշնակցութիւնը իր արժէքաբանութեամբ ոչ միայն անցեալի եւ ներկայի կուսակցութիւնն է, այլեւ ապագայի»: (Յայտարարութիւն, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին, 8 Օգոստոս, 2020)
Ա. Յետահայաց ակնարկ
Իւրաքանչիւր ազգ կ’ունենայ իր տարերքը, որ «կը փոթորկի» պատմական ճակատագրական պահերուն, կը շարժի անսխալ ուղղութեամբ ու անշրջանցելի կերպով: Ընկերային ամէն շարժում կամ քաղաքական ամէն ալիք, թեկուզ եւ հուժկու, անպայմանօրէն տարերքի արտայայտութիւն կրնայ չըլլալ: Հայրենի հայութեան տարերքը վերջին անգամ փոթորկեցաւ 1988ին, որուն իբրեւ հետեւանք`ան իր վրայէն յաղթականօրէն թօթափեց խորհրդային լուծը, դարձաւ պահանջատէր եւ, ինչպէս միշտ հայոց պատմութեան մէջ, յաղթական աւարտին հասցուց իր նորագոյն ազատագրական պայքարը՝ Արցախի անկախ պետութիւնը հիմնելով:
Ընթացիկ տարուան oգոստոսին լրացաւ Հայաստանի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնական ներկայութեան երեսունամեակը: 1989էն հայրենի հողին վրայ արդէն վերընձիւղած՝ հանրապետութեան ամբողջ տարածքին կառոյց ունենալու մասին 8 oգոստոս 1990ի իր յայտարարութեամբ ՀՅ Դաշնակցութիւնը մուտք գործեց քաղաքական դաշտ: Հայաստանը ամբողջապէս չէր անկախացած, իշխանութեան բաժնեկիցներ էին Համայնավար կուսակցութիւնն ու ՀՀՇն:
Դաշնակցութեան վերադարձը հայրենիք պայմանաւորուեցաւ 1988ի արցախեան պահանջատիրութեան պատմական պահու թելադրանքով, երբ Հայաստանի ու Արցախի հայութիւնը «կու գար տէր կանգնելու համազգային այն առաջադրութեանց, որոնք կը ներշնչուէին հայ ազգային-ազատագրական պայքարէն եւ կ’արձագանգէին Հ.Յ.Դաշնակցութեան գաղափարական աւանդներուն» (ընդգծումը մերն է),- ինչպէս օրին կը հաստատէր հայրենի հայութեան վերադառնալու իր որոշումը «Դէպի Երկիր» տարազումով բանաձեւած ՀՅԴ 24րդ Ընդհ. ժողովը (1988): Վերադարձի առաջին հաստատակամ քայլերը սկիզբ առին Արցախէն, ուր ՀՅ Դաշնակցութիւնը ազատագրական պայքարին իր մասնակցութեամբ եւ անոր գաղափարական յստակեցում ու նպատակասլաց ուղղութիւն հաղորդելու առումով յառաջապահ ուժերէն մէկը եղաւ:
Վերահայրենացումով անոր համար սկիզբ առաւ պետականաշինութեան մէկ նոր հանգրուան մը` կամրջելով Հայաստանի առաջին հանրապետութեան (1918-1920) կենսափորձը, գումարած Սփիւռքի կազմակերպման, արդիւնաւէտ կառավարման, անոր`քաղաքական, մշակութային, ընկերային եւ յարաբերական մարզի մէջ հարուստ փորձառութիւնը, որ սեփականութիւնը դարձաւ կուսակցութեան հայրենի կազմակերպական նորակազմ միաւորին: Այնպէս որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հայաստանեան իրականութեան մէջ առաջին օրէն զատորոշուեցաւ նորակազմ կուսակցութիւններէն եւ շարժումներէն իր մէկդարեայ պատմաքաղաքական հարուստ կենսափորձով, բայց նաեւ իր ընկերվարական գաղափարախօսութեամբ եւ ունենալով համահայկական կազմակերպական կառոյց: Ասոնց կողքին իր հետ բերաւ արդիական քաղաքական մշակոյթ:
Պէտք է հաստատել, որ վտարանդի ՀՅ Դաշնակցութիւնը բնաւ չէր դադրած հայրենիք իր վերադարձը փայփայելէ: Երկբեւեռ աշխարհակարգի մէջ այդ մէկը ցնորատեսութեան հաւասարազօր էր: Գրաւը դրուած էր ոչ այնքան աշխարհաքաղաքական կացութիւններու փոփոխականութեան վրայ, որքան այն համոզումին, որ հայութեան խորթ որեւէ վարչակարգ չէր կրնար տեւական ըլլալ: Այդ համոզումով ալ Դաշնակցութիւնը խորհրդային վարչակարգին հանդէպ իր գաղափարական եւ քաղաքական ընդդիմախօսի դիրքէն անխնայ քննադատեց Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնը, բայց միաժամանակ սփիւռքահայ զանգուածներուն ուշադրութիւնը սեւեռած պահեց ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ վրայ` անոնց մէջ վառ պահելով Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ազգային տեսլականը, զոր իրականացած տեսնելու յոյսով Սփիւռքի մէջ դաստիարակուեցան սերունդներ: Միւս կողմէ` 8 օգոստոս 1990ի յայտարարութիւնը եկաւ ցոյց տալու, որ խորհրդային ամբողջատիրական կարգերուն տակ ապրող հայը սպասած էր Դաշնակցութեան վերադարձը, որուն ծլարձակումը, լաւագոյն փաստը ըլլալով, բոլոր ժամանակներու համար տուած կ’ըլլար բիւրեղ ու հատու պատասխանը բոլոր անոնց, որոնք ինչ-ինչ շիլ ու շեղ հաշիւներով պիտի փորձէին սեպ խրել կամ խրամատ բանալ հայրենի ժողովուրդին եւ Դաշնակցութեան միջեւ:
Արդարեւ, այն պատմական օրերուն շահադէտութիւնը, ակամայ ընտրանքը կամ ուղղորդուած մոլորանքը չէին, որոնք խորհրդային հայ մարդը մղեցին կուսակցութիւններու (անոնց կարգին յատուկ նպատակով ստեղծուած կեղծ «Դաշնակցութիւն»ը) եւ շարժումներու առատութեան մէջէն ընտրելու Դաշնակցութիւնը, այդ կուսակցութեան պատմութիւնը, գաղափարախօսութիւնը, անոր ազգային նպատակները, այդ կուսակցութեան հետ կապուած ընտանեկան ժառանգական յիշողութիւնը, ընդհանրական բացատրութեամբ՝ ազնիւ ու գիտակից հայ մարդու գաղափարականութիւնն ու ազգային ձգտումները:
Աւելին` Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան ՎԵՐԸՆՁԻՒՂՈՒՄԸ եկաւ ապացուցելու Խորհրդային Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւններու հակադաշնակցական պետական քաղաքականութեան սնանկութիւնը, առ այն, որ, հակառակ հալածանքի ու աքսորի, հակառակ հետեւողական հակաքարոզչութեան, կարելի չէր եղած հայրենի հայութենէն արմատախիլ ընել Դաշնակցութիւնը, որ իր հիմնադրութեան (1890) հետեւած երեսունամեայ ազատագրական պայքարով, անկախ պետութիւն կերտելով խոր հետք ձգած էր հայ մարդու մտքին ու հոգիին մէջ: Փաստօրէն, ան դուրս չէր եկած հայրենի բնաշխարհէն, արմատախիլ չէր եղած հայրենի հողէն: Հայրենի հայութեան մէջ անթեղուած մնացած էր իբրեւ ոգեղէն ներկայութիւն, իբրեւ ազգային ապրումներու ու նպատակներու խորհրդանիշ կուսակցութիւն:
ՀՅ Դաշնակցութեան հայրենացումը իր հետ բերաւ կարգ մը ճշմարտութիւններ, որոնք ինչպէս այն օրերուն համար, այնպէս ալ ներկայի եւ ապագայի համար անժամանցելի են.
-Չկայ դուրսի եւ ներսի Դաշնակցութիւն. կայ ՄԷԿ Դաշնակցութիւն:
– Կայ ՄԷԿ հայութիւն՝ Սփիւռքի եւ հայրենի հատուածներով, որոնք իրենց ազգային ապրումներով եւ ձգտումներով անբաժանելի են:
Եւ վերջապէս` ՀՅ Դաշնակցութիւնը, Հայաստանի մէջ կազմակերպական կառոյց ունենալով (Խորհրդային Հայաստանի մէջ կուսակցութիւնը իր կառոյցը լուծարած էր 1933ին` հայրենի հայութեան ապահովութիւնը չվտանգելու նկատառումով), դադրեցաւ համասփիւռքեան կուսակցութիւն ըլլալէ եւ դարձաւ ՀԱՅՐԵՆԱԿԱՆ կուսակցութիւն՝ վերագտած ըլլալով իր գոյութեան եւ լինելիութեան պատմական մայր հունը, ուրկէ հարիւրամեայ կուսակցութեան համար սկիզբ կ’առնէր անկիւնադարձային պատմական մէկ նոր հանգրուան:
Բ. Երեսունամեայ կենսափորձին հետքերով… եւ անկէ անդին
Անցած երեսուն տարիները եկան մեծապէս հարստացնելու 130ամեայ կուսակցութեան գործունէութեան ծանրակշիռ վաստակը, ազատագրական պայքարի կենսագրութիւնը, մարտական, ազգային, քաղաքական, բարոյական եւ մարդկային դիմագիծը, 1918-1920 թուականներու պետականաշինութեան կենսափորձին վրայ գումարուեցաւ երեսուն տարիներու ներդրում: Կը բաւէ հպանցիկ թղթատել ՀՅԴ անցած երեսուն տարիներու մամուլը` համոզուելու համար, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը (ընդդիմութիւն, թէ իշխանութեան մաս կազմող կուսակցութիւն) ինչ գնահատելի ներդրում ունեցած է Արցախի ազատագրական պայքարին, պետականաշինութեան, պետութեան հզօրացման, հայրենիքի շէնացման եւ քաղաքացիական հասարակութիւն ստեղծելու մէջ:
Բայց եւ այնպէս, պէտք է հարց տալ. ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը գնահատելու համար բաւարա՞ր չէ նկատի ունենալ անոր անսակարկ նուիրումը հայոց նորագոյն ազատագրական պայքարին, երբ թշնամին յաւելեալ արիւն կը պահանջէր հայութենէն, մինչ առաջին իշխանութիւնը հետամուտ էր միայն յաւելեալ նիւթական արժէք դիզելու՝ պետական նշանակութեամբ տնտեսական կառոյցները փոշիացնելով, վայրագ ազատականութեան ծուռ հիմերուն վրայ պետականութեան առաջին քարերը դնելով: Պէ՞տք է հարց տալ, թէ անոր որ կեցուածքը կամ քայլը համահունչ չէր պետութեան շահերուն կամ հայրենի հայութեան պահանջներուն ու ձգտումներուն: Ուրեմն ինչո՞ւ ան անկախ ու ժողովրդավար Հայաստանի մէջ հալածուեցաւ, հարուածուեցաւ, բանտարկուեցաւ, ինչո՞ւ ի տես այս ժխտական երեւոյթին` յանուն ճշմարտութեան ու արդարութեան ժողովրդային բողոք չբարձրացաւ, ինչո՞ւ ներկայիս կը մեղադրուի երկրորդ եւ երրորդ իշխանութիւններուն հետ այս կամ այն ձեւաչափով համագործակցած ըլլալուն համար (արդեօ՞ք այն պատճառով, որ անոնց առաջին դէմքերը, Արցախէն իրենց հետ ներազգային քաղաքական կեանքը չբեւեռացնելու մշակոյթ բերած ըլլալով, բացայայտօրէն թիրախ չընտրեցին Դաշնակցութիւնը` ի տարբերութիւն առաջին եւ չորրորդ իշխանութիւններու առաջին դէմքերուն), ան ի՞նչ պէտք է ըներ, որ չըրաւ կամ թերացաւ ընելու: Ինչո՞ւ ներկայիս անոր դէմ նոր արշաւ մը սանձազերծուած է Հայաստանի մէջ եւ անկէ դուրս`մինչեւ Լիբանան եւ քիչ մը ամէն կողմ, ո՞վ, ի՞նչ ուժեր կանգնած են նորոգ այդ արշաւի թիկունքին, երբ Դաշնակցութիւնը չունի «ներքին թշնամի», երբ անոր համար խորթ է այդ հասկացութիւնն իսկ:
Այս եւ շատ այլ հարցադրումներ բացառապէս կը դրուին ՀՅ Դաշնակցութեան նկատմամբ Հայաստանի իշխանութիւններուն կեցուածքները նկատի ունենալով: Անոնց պատասխանները պէտք չէ փնտռել ժողովուրդին մէջ, որովհետեւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին հետ խնդիր չունի, չէ ունեցած, անկէ պահանջելու հաշիւ չունի, թէեւ արդարօրէն անկէ ունի ակնկալիք, բայց ոչ կուսակցական նպատակներու համար, այլ ժողովուրդին իսկ բարօրութեան ի խնդիր: Ան կ’ակնկալէ ու կ’աշխատի, որ հայ քաղաքացին գիտակից դառնայ իր ազգային, մարդկային, քաղաքացիական, ընկերային եւ տնտեսական իրաւունքներուն եւ պայքարի անոնց տէր դառնալու համար:
Ներկայիս ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը մեղադրեն Հայաստանի երկրորդ եւ երրորդ իշխանութիւններուն հետ գործակցած ըլլալուն համար: Պէտք է յստակեցնել. ՀՅ Դաշնակցութիւնը այնքան ատեն, որ իշխող կուսակցութիւն չէ, ե՛ւ ընդդիմադիր է (քննադատելով իշխանութեան բացթողումները, նոյնիսկ երբ պետական պաշտօնով մասնակից է իշխանութեան), ե՛ւ պետութեան հզօրացման համար իշխանութեան զօրակիցն ու գործակիցը՝ առանց անոր կցորդը դառնալու: Այս պարզ ճշմարտութիւնը չհասկնալ ձեւացնելը կամ խեղաթիւրել ջանալը քաղաքական եւ պետական մտածելակերպի տհասութիւն է:
Առ ի գիտութիւն այսպիսի մտածողներուն՝ ՀՅ Դաշնակցութիւնը գործակցած է նոյնիսկ Խորհրդային Հայաստանի իշխանութեանց հետ: Այնպէս որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հայաստանի անկախութենէն տասնամեակներ առաջ կտրած անցած է Սփիւռքի եւ հայրենի հայութեան հատուածները իրարմէ բաժնող սահմանը` կարելի դարձնելով կենդանի քաղաքական կապի հաստատումը խորհրդային վարիչներուն հետ ազգային հասարակաց օրակարգի շուրջ՝ այս պարագային Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակին իբրեւ մէկ ժողովուրդ պահանջատէր ներկայանալու:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը համագործակցութեան իր ձեռքը հաւասարապէս մեկնեց անկախ Հայաստանի բոլոր իշխանութիւններուն: Անոր այս կեցուածքը սկզբունքային էր եւ պայմանաւորուած չէր միայն քաղաքական իրադրութիւններով, այլ կը բխի անոր գաղափարախօսութենէն, արժէքաբանութենէն եւ քաղաքական առաջադրանքներէն, պետութիւնը հզօրացնելու համար համահայկական միասնութիւնը ամրապնդելու ու մէկ բռունցք դառնալու հրամայական անհրաժեշտութենէն: Իշխանութիւնները իրե՛նք էին, որ մերժեցին համագործակցիլ, իրե՛նք էին, որ պէտք եղած ձեւով չգնահատեցին Դաշնակցութեան ներուժը, իրե՛նք էին, որ հակադրուեցան Դաշնակցութեան: Քաղաքական խաղի կանոններէն անդին՝ հասարակութիւնը Դաշնակցութենէն հեռու պահելու նպատակադրումով ժողովրդային զանգուածներու ենթագիտակցականի մէջ առկայծ հակադաշնակցականութիւն հրահրեցին (ներկայիս ճիշդ այդ երեւոյթին ականատեսներն ենք), որովհետեւ ժողովրդային զանգուածներէն առաջ եւ անոնցմէ աւելի իշխանաւորները իրե՛նք քաջածանօթ են ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան, անոր ներկայացուցած ուժին ու հետապնդած ազգային նպատակներուն եւ մանաւանդ շատ լաւ գիտեն, որ Դաշնակցութեան ուժի միակ աղբիւրը ժողովուրդն է:
Եւ ի՞նչ ցոյց կու տան փաստերը: Հայաստանի առաջին նախագահին բիրտ հարուածը, ներկայ իշխանութեան առաջին դէմքերու զիկզակուող փոքր քայլերու մարտավարութիւնը անզօր դուրս եկած են ՀՅ Դաշնակցութիւնը շեղեցնելու իր ուղեգիծէն կամ զայն լուսանցքայնացնելու քաղաքական ասպարէզէն: Անոր պատասխանը ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԳՈՐԾը եղաւ: Ան անշեղօրէն կը շարունակէ առաջ անցնիլ: Կը շարունակէ համակարգային փոփոխութիւններու պահանջը դնել, կառուցողական դիրքերէ դէմ կանգնիլ ազգային քաղաքականութեան ուղիէն շեղող ամէն քայլի, իշխանութիւններէն կը պահանջէ ազգային պահանջատիրական խիզախ կեցուածքներ ու հաստատուն քայլեր, անոնցմէ կ’ակնկալէ պետութիւնը չկուսակցականացնել, ի խնդիր քաղաքական կայունութեան եւ հասարակական բնականոն զարգացման՝ պետական շահը գերիվեր դասել կուսակցական-խմբակային նկրտումներէ…եւ մասամբ նորին:
Գուցէ ոմանք այպանեն, քննադատեն, մեղադրեն ՀՅ Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին գլուխը չանցնելու, բաւարար քաղաքական վճռականութիւն չցուցաբերելու եւ պէտք եղած քաղաքական արդիւնաւէտ գործելակերպեր չկիրարկելու մէջ: Արդեօ՞ք իրեն պակսեցաւ անհրաժեշտ կամքը, գուցէ շատ աւելի վճռակա՞ն պէտք է ըլլար եւ այս կամ այն ձեւով հասնէր իշխանութեան` «Եթէ կ’ուզէք, որ ձեզ ղեկավարենք, կը ղեկավարենք» ի փոխարէն ընտրելով այլ մարտավարութիւն:
Պատճառ չկայ պնդելու, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը անսխալական է: Կարելի է համաձայն չըլլալ անոր այս կամ այն քաղաքական կեցուածքին, այս կամ այն գործունէութեան երեսին, մէկ կամ միւս առաջադրանքին եւ, բնականաբար, իրաւունքը ունենալ այդ բոլորը ազատօրէն ու ազնուաբար քննադատելու: Անոր հարիւրերեսունամեայ պատմութիւնը վկայ, որ ՄԷԿ բանի մէջ, որ ան բնաւ չէ սխալած, այդ ալ իր հարազատ ժողովուրդին հետ իր յարաբերութեան եղանակն է: Անոր հետ միշտ եղած է անկեղծ, շիտակ, թափանցիկ ու բացճակատ: Ան ԶՈՒԳԱՀԵՌ ընթացաւ ժողովուրդին տրամադրութիւններուն հետ` յարգելով անոր քաղաքական նախասիրութիւններն ու անոնցմէ բխած ընտրական արդիւնքները: Բայց նաեւ ամէն առիթի անոր տուաւ այլընտրանքի կարելիութիւնը՝ իր թեկնածութիւնը ներկայացնելով: Եւ բնաւ պէտք չէ երջանիկ ինքնախաբկանքը ունենան բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցած քաղաքական կշիռը վճռած է ի՛նք ժողովուրդը՝ անոր քուէ չտալով: Քուէ չտալը դեռ չի նշանակեր, թէ ժողովուրդը կը մերժէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Ընդհակառակը` մէկէ աւելի անգամ քուէարկող հասարակութեան մեծամասնութիւնը ՄԵՐԺԱԾ է իր իսկ ընտրածները: Եւ ընդհակառակը` ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրազանգուածը, թէեւ թուաքանակով քիչ, բայց շատ աւելի կայուն դուրս եկած է:
Ներկայիս ՀՅ Դաշնակցութեան առանցքային նախաձեռնութեամբ ու ղեկավարութեամբ իշխանափոխութեան, նոր որակի իշխանութիւն ունենալու պահանջը արտախորհրդարանական ընդդիմադիր քաղաքական կուսակցութիւններու քննարկման առարկայ է՝ ի տես իշխանութիւններուն ապիկար կառավարման հետեւանքով պետութեան հիմքերու խարխլման, անվտանգութեան սպառնացող մարտահրաւէրներուն, կայուն զարգացման միտումներու բացակայութեան ու համազգային ներուժը համախմբող քայլերու չգոյութեան:
Թէ որ քաղաքական ուժը յաջորդ ընտրութիւններուն պիտի հասնի իշխանութեան, կ’որոշուի ժողովուրդի քուէով. առաջին անգամ ըլլալով յուսալի է, որ ան իր քուէն տայ վասն ՅԱՆՈՒՆի եւ ոչ թէ ի հաշիւ ՄԵՐԺՈՒՄԻ: Կարեւոր է, որ ան պատրաստ ըլլայ քուէ տալու ծրագիրի եւ ապա՝ ի՛նչ տեսակ ծրագիրի:
Իշխանութեան կը հասնի՞ ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Տեսականօրէն այդ հաւանականութիւնը` իբրեւ կարելիութիւն, ինչպէս որեւէ քաղաքական ուժի, այնպէս ալ Դաշնակցութեան պարագային բաց է ու բացառուած չէ: Առանց անտեսելու այլ գործօններու ներգործութիւնն ու ազդեցութիւնը՝ հանրութեան գիտակցումը իր իրաւունքներուն, առարկայական համապատասխան գործօններու առկայութիւնը աւելի հաւանական կը դարձնեն այդ կարելիութիւնը: Ինչ որ հաստատապէս կարելի է կանխատեսել, այն է, որ երբ հայրենի հայութիւնը իշխանութիւնը վստահի ՀՅ Դաշնակցութեան, այդ պահէն սկիզբ կ’առնէ իր ազատագրութիւնը ընկերային-տնտեսական ամէն տեսակի շահագործումներէն, որոնք անցնող երեսուն տարիներուն մեծ չափերու հասած են՝ հարուած հասցնելով իշխանութիւն-հանրութիւն ներդաշնակ յարաբերութեան եւ հանրային համերաշխութեան: Ազատական իշխանութիւնները հետամուտ չեղան ընկերային հաւասարութիւն եւ արդարութիւն հաստատելու: Ասկէ ետք ալ որեւէ ազատական իշխանութիւն դժուար թէ իրեն վերապահէ այդ պատիւը:
Երեսուն տարիներու բազմաբովանդակ վաստակով կենսագործուած է հայրենիքի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան` քաղաքական հաշուառելի ուժ ըլլալու իրողութիւնը, երաշխաւորուած են անոր լինելիութիւնը եւ գործունէութիւնը հայրենի կենսատու հողին վրայ՝ անկախ բոլոր հանգամանքներէն:
Գ. ՀՅ Դաշնակցութիւնը՝ ապագայի կուսակցութիւն
ՀՅ Դաշնակցութիւնը հայրենիք մուտք գործեց` ունենալով հիմնարար սկզբունքներ, յստակ ռազմավարութիւն եւ նախագծուած քաղաքական ուղեգիծ: 1988ի դրութեամբ նախապայման դրած էր, որ իր վերադարձով ժողովուրդին շարժումի ազատութիւնները եւ ընդհանրապէս ապահովութիւնը չվտանգէ, դէմ էր Հայաստանի մէջ հրահրուող հակառուսական տրամադրութիւններուն, որովհետեւ վնաս կը պատճառէին ազգային քաղաքականութեան եւ շահերուն, կ’ընդգծէր համաթուրանականութեան վտանգը, ինք իրեն իրաւունք կը վերապահէր Հայաստանէն ներս բացասական երեւոյթներու նկատմամբ ցուցաբերելու ընդդիմադիր քննադատական մօտեցում։ Տակաւին կ’առաջադրէր ապահովել սփիւռքահայ ներդրումներ՝ սատարելու համար Հայաստանի տնտեսական հզօրացման, նախանձախնդիր էր, որ Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները միակողմանի չըլլան եւ խտրական ոգիով չարաշահումի նիւթ չդառնան, դէմ էր հայ-թրքական տնտեսական մերձեցման եւ այնպիսի ընդհանրութիւններուն, որոնք կրնային վնասել Հայաստանի շահերուն: Շատ բան չէ փոխուած քաղաքական այս ուղեգիծէն: Այս սկզբունքները եւ առաջադրանքները նոյնքան այժմէական են, որքան էին աւելի քան երեսուն տարի առաջ:
Հայաստանի պարագային ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը հետապնդէ հետեւեալ նպատակները` պետականութեան հզօրացում, ժողովրդավարութիւն, իրաւական պետութիւն, ժողովուրդի բարօրութիւն, ընկերային արդարութիւն:
Առ այդ ան կ’առաջադրէ`
-ստեղծել շահագործումէ ազատագրուած քաղաքացիական հանրութիւն,
-անհատի աշխատանքի իրաւունքի երաշխաւորում,
-եկամուտներու արդար բաշխում,
-բնակչութեան անհրաժեշտ կարիքներու բաւարարում՝ ժամանակակից չափանիշներով,
-աշխատանքի ապահովում,
-ստեղծել տնտեսական այնպիսի համակարգ, որ պետական կարգաւորումներով եւ ընկերային արդարութեամբ ըլլայ արդիւնաւէտ եւ մրցունակ,
– առաջքը առնելը ընկերային բեւեռացումի,
-պահպանել բնութիւնն ու կենսոլորտը,
-տնտեսական որեւէ համարկում պէտք չէ վտանգէ ազգային շահերը, մշակութային նկարագիրն ու ինքնատիպութիւնը,
-հաւասարութիւն օրէնքի առջեւ բոլոր քաղաքացիներուն,
-անձեռնմխելիութիւն՝ անձի, բնակարանի սեփականութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներուն,
-ազգային դիմագիծի պահպանման մէջ հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ընտանիքին դերակատարութեան գնահատում:
Վերոնշեալ առաջադրանքները ՀՅ Դաշնակցութիւնը որդեգրած է 1998ին: Այդ թուականէն Հայաստանի մէջ անոր գործունէութիւնը ընթացած է այդ ուղղութեամբ:
Այս առաջադրանքներու վերաբերեալ քննադատական ամէն խօսք ու անդրադարձ, առողջ բանավէճ, պաշտօնական հարթակներէ լուրջ ելոյթներ աւելի քան ողջունելի են եւ օգտակար՝ պետութեան զարգացման համար, որովհետեւ այս առաջադրանքները ի շահ Հայաստանի պետութեան, հանրութեան բարօրութեան եւ քաղաքացիին իրաւունքներու պաշտպանութեան են:
Մինչդեռ այսօր ականատեսն ենք ճիշդ հակառակ պատկերին: Մանաւանդ ընկերային ցանցերը «կը պատռտին» ու «կը տնքան»` Դաշնակցութեան դէմ յանկերգելով խեղաթիւրուած գիտելիքներ, հնամաշ կարգախօսներ եւ անհիմն կարծրատիպեր (անոնց ծաւալը, տարածուն քարտէսը եւ որոշակի թեզերու կրկնութիւնը կասկած չեն ձգեր, որ տեղի ունեցածը սոսկ ամբոխային տրամաբանութեան արտայայտութիւն չէ, ոչ ալ պատահականութեան արդիւնք կրնայ ըլլալ):
Տրամաբանակա՞ն է մտածել, որ ա՛յս առաջադրանքները ունենալուն եւ անոնց իրականացումը հետապնդելու համար Հայաստանի ընտրողը չի վստահիր Դաշնակցութեան եւ անոր չի տար իր քուէն: Տեղի՞ն է մտածել, որ ՀՀ քաղաքացին տակաւին ամբողջական գիտակցութիւնը չունի ի՛ր իսկ իրաւունքներուն: Եւ ո՞վ է մեղաւորը, Դաշնակցութի՞ւնը՝ իր գաղափարական սկզբունքայնութեամբ, որ, իշխանութիւն չըլլալով, միշտ բարձրաձայնած է ատոնց մասին, գործած է, իշխանութիւնը քննադատած, մեկնած իր ծրագրային այդ առաջադրանքներէն:
Թէեւ պէտք է ընդունիլ, որ սանձարձակ ազատականութեան մէջ Դաշնակցութեան առաջադրանքները, քաղաքական ուղեգիծը կրնան այնքան ալ ընկալելի ու ըմբռնելի չըլլալ հասարակութեան լայն խաւերուն համար, բայց անոնք չեն դադրիր հզօր Հայաստան կերտելու բաղկացուցիչ տարրերը ըլլալէ, որովհետեւ, մանաւանդ առանց ընկերային հաւասարութեան ու արդարութեան, կարելի չէ ունենալ հզօր Հայաստան: Գետնի վրայ ՀՅ Դաշնակցութեան այս առաջադրանքները աւելի քան երբեւէ այժմէական, իրատեսական ու արդիական են, ներքաղաքական կեանքի ներկայ հանգրուանին, երբ ժողովուրդի դժգոհութիւնը կ’աճի, առաւելապէս ընկերային ենթահողի վրայ:
Միացեալ Հայաստան կերտելու ՀՅ Դաշնակցութեան ազգային հեռապատկերային նպատակին առընթեր ընկերային-տնտեսական իր այս առաջադրանքներով իսկ հայրենի իրականութեան մէջ իբրեւ ինքնուրոյն քաղաքական ուժ` ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԻ ԸՆԵԼԻՔ: Երբ մանաւանդ շեղողը չէ, նահանջողը չէ, հրաժարողը չէ իր սկզբունքներէն ու առաջադրանքներէն, Հայաստանի ու հայութեան ամբողջական ազատագրութեան իր տեսլականէն, երբ հաւատաւոր իր շարքերով հաստատամիտ ու հաստատաքայլ անշեղօրէն կ’ընթանայ զանոնք իրականացնելու համար: Դաշնակցութեան գաղափարախօսութենէն բխող, կուսակցութեան արժէքաբանութեան մաս կազմող առաջադրանքներու այս փաթեթով ՀՅ Դաշնակցութիւնը ոչ միայն ներկայի կուսակցութիւն է, այլեւ ապագայի:
Քաղաքական պահու տեսակէտէն՝ ժամանակն է քաղաքական մարտունակութեան: Մարտունակութիւն, որ բնորոշիչ յատկանիշներէն է Հայ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ Դաշնակցութեան, ինչպէս ազատագրական պայքարի ճակատին վրայ, նոյնպէս եւ քաղաքական ասպարէզի մէջ։
ՇՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ
«Դրօշակ», թիվ 11 (1645), նոյեմբեր, 2020 թ.