կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-10-25 11:18
Սփյուռք

Կազմութիւն` Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմինին. ԿԱՄՔ. Հաղորդագրութիւն Թիւ 1

Կազմութիւն` Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմինին. ԿԱՄՔ. Հաղորդագրութիւն Թիւ 1

Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան դէմ ցցուող տագնապներու մեղմացման նպատակով ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցը հետեւողական ճիգով կը շարունակէ ծրագիրներու մշակումը եւ անոնց գործադրութիւնը` ի խնդիր լիբանանցի հայ քաղաքացիին անհատական դժուարութեանց թեթեւացման եւ համայնքի հաւաքական կամքի պահպանման:

Առ այդ, նկատի ունենալով «Քորոնա» համաճարակի ծանր պայմանները, երկրի դիմագրաւած ընկերա-տնտեսական սուր տագնապները, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած վնասները, եւ նկատի ունենալով Դաշնակցութեան եւ ՀՕՄ-ի բարոյական եւ նիւթական այն զօրակցութիւնը, որ արտայայտուեցաւ սփիւռքի կառոյցներուն կողմէ` ի խնդիր Լիբանանի վերականգնման, օժանդակութեանց եւ ծառայութեանց, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուեցաւ Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմինը (ԿԱՄՔ):

Սոյն մարմինը բաղկացած է Կեդրոնական կոմիտէի, ԼՕԽ-ի, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի եւ երեսփոխանական գրասենեակի ներկայացուցիչներէն:

Մարմինի գործունէութեան ծիրը պիտի ընդգրկէ հետեւեալ աշխատանքները` կենցաղային, առողջապահական, նպաստաբաշխում, դեղորայք, հիւանդանոցային եւ տակաւին անկանխատեսելի իրավիճակներու, ըստ անհրաժեշտութեան, ծառայութեան եւ օժանդակութեան աշխատանքներ:

Մարմինը պարբերաբար խորհրդատուական հանդիպումներու պիտի նախաձեռնէ գաղութի բոլոր բարեսիրական հաստատութիւններուն հետ` լաւագոյնս կազմակերպելու եւ համադրելու համար օժանդակութեանց եւ ծառայութեանց աշխատանքները:

Վստահ ենք, որ ներկայ պայմաններուն մէջ ԿԱՄՔ-ի գործունէութիւնը յաւելեալ նպաստ եւ ուժգնութիւն պիտի ներարկէ գաղութի հաւաքական կեանքի աշխուժացման` արդէն իսկ գործող տարբեր միութեանց եւ նախաձեռնութեանց առընթեր:

ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԻՐԱՎԻՃԱԿՆԵՐՈՒ ՄԱՐՄԻՆ
ԿԱՄՔ