կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-07-06 22:19
Սփյուռք

Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմին. Հաղորդագրութիւն թիւ 3

Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմին. Հաղորդագրութիւն թիւ 3

Սիրելի հայրենակիցներ,

Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային վիճակը առօրեայ դրութեամբ կը դառնայ աւելի ու աւելի ահազանգային: Վառելանիւթի չգոյութեան պատճառով արդէն շատ մը վայրերու մէջ՝ անջատուած է ելեկտրական հոսանքը եւ դադրած է ջուրի մատակարարումը: Լիբանանի ժողովուրդին կը սպառնայ իրադրութեան ահաւոր վատթարացում եւ կենցաղային անտանելի պայմաններ:

Սիրելինե՛ր, իւրաքանչիւրիս լուման կրնայ փրկել հայ ընտանիք մը:

Այսու կ’ուզենք յայտնել որ ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք կատարել ստորեւ նշուած առցանց նոր հաշուեհամարով, հեռաձայնի թիւով կամ նամակատարով:

1- Ձեր նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել հետեւեալ ձեւերով՝

ՆՈՐ ԱՌՑԱՆՑ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՑԷ՝
https://camam.akaraisin.com/Aid4Lebanon

ուր տեղւոյն վրայ կրնաք ստանալ ձեր տուրքէ զերծ ստացագիրը։

Հեռաձայնել՝ 1 -877-2434532 (1-877-AID4LEB) անվճար թիւին
C.A.M.A.M-ին ուղղուած վճարագիրը առաքել հասցէագրուած՝
C.A.M.A.M. | 3401 Rue Olivar-Asselin | Monteal, QC | H4J 1L5

Գրել՝ [email protected] ե-նամակի հասցէին:

2- Չմոռնա’ք մասնակցելու մեր Aid4Lebanon Թելեթոն-հանգանակութեան Հինգշաբթի 9 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:30-10:00ին: Թելեթոնը պիտի սփռուի ուղիղ եթերով, հետեւեալ կայքերէն՝

http://Facebook.com/Aid4Lebanon

ICI Television

Հետեւելու համար մեր աշխատանքներուն, այցելեցէք Լիբանանի Հայութեան Օժանդակութեան Մարմինի դիմատետրի էջը, ինչպէս նաեւ Instagram-ի aid4lebanon հաշիւը:

Սատա’ր հանդիսանանք Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն։ Բանա՛նք մեր քսակները: Հասնի’նք անոնց:

Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմին

horizonweekly.ca