կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-06-26 15:21
Սփյուռք

Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմին. Հաղորդագրութիւն թիւ 2

Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմին. Հաղորդագրութիւն թիւ 2

Սիրելի Հայրենակիցներ,

Մայիս 28, 2020ին, մեկնարկուեցաւ Լիբանանի հայութեան օժանդակութեան Գանատայի հանգանակային արշաւը, որով գանատահայութիւնը անգամ մը եւս իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց ձեռք երկարելու հոն, ուրկէ կու գայ օգնութեան կանչը: Նախորդ մեր հաղորդագրութեամբ, խոստացած էինք մեր համայնքը տեղեակ պահել յաջորդ քայլերուն ու ծրագիրներուն մասին: Այսու, կը տեղեկացնենք, հետեւեալը՝

  • Հինգշաբթի 9 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:30-10:00ին, մասնակցինք Aid4Lebanon Թելեթոն-հանգանակութեան: Թելեթոնը պիտի սփռուի ուղիղ եթերով, հետեւեալ կայքերէն՝
  • com/Aid4Lebanon
  • ca/live-video/
  • Արդէն կը գործէ Լիբանանի Հայութեան Օժանդակութեան Մարմինի դիմատետրի էջը, ինչպէս նաեւ Instagram-ի aid4lebanon հաշիւը, ուր օրը օրին կրնաք հետեւիլ մեր աշխատանքներուն, լիբանանեան լուրերուն եւ Լիբանանի մեր կառոյցներու տարած աշխատանքներուն:
  • https://acc.akaraisin.com/Aid4Lebanon նուիրատուութեան առցանց կայքէջը առժամաբար դադրած է գործելէ: Շուտով պիտի հրապարակուի առցանց նոր հասցէ, ուր կարելի պիտի ըլլայ շարունակել ձեր սրտաբուխ նուիրատուութիւններու փոխանցումը ու ստանալ տուրքէ զերծ ստացագրեր։

Ձեր նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել վճարագիրով գրուած A.M.A.M-ին եւ ուղարկել հետեւեալ հասցէին՝

C.A.M.A.M.

3401 Rue Olivar-Asselin

Montreal, QC

H4J 1L5

Այլ մանրամասնութիւններու համար հեռաձայնել՝

  • Մոնթրէալ (514) 887-6547
  • Լաւալ (514) 887-1890
  • Օթթաուա (819) 743-0386
  • Թորոնթօ (416) 315-7310
  • Վանգուվըր (778) 228-1233
  • Հարաւային Օնթարիօ (519) 241-1477
  • Կամ գրել [email protected]

Կը խնդրենք մեր հայրենակիցներէն, որ այս տեղեկութիւնները տեղադրեն իրենց ընկերային ցանցերուն վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ օգնութեան կոչը հասանելի դարձնել ամբողջ Գանատայի տարածքին: Անյապաղ սատար հանդիսանանք Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն։

Հասնի’նք անոնց:

Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմին