Փոխարժեքներ
03 12 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 397.88 |
EUR | ⚊ | € 418.65 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.74 |
GBP | ⚊ | £ 505.55 |
GEL | ⚊ | ₾ 138.39 |
25 յունիսին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մէջ Ռուսիոյ պատուիրակութեան մասնակցութեան վերաբերեալ քուէարկութեան ընթացքին Հայաստանի Ազգային ժողովի մէջ ներկայացուած ընդդիմութենէն «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանն ու Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան երեսփոխան Նայիրա Զոհրապեանը թեր քուէարկեցին բանաձեւին, սակայն Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ, իշխող «Իմ քայլը» դաշինքի անդամ Ռուբէն Ռուբինեան դէմ քուէարկեց, իսկ իշխող դաշինքի միւս անդամները` Յովհաննէս Իգիթեան, Տաթեւիկ Հայրապետեան եւ Սօս Աւետիսեան, չմասնակցեցան քուէարկութեան: Ռուբինեան աւելի ուշ յայտարարեց, թէ իր քուէարկութիւնը թեքնիք սխալի արդիւնք եղած է:
Ասիկա մէկ ամսուան մէջ երկրորդ անգամն էր, որ Հայաստանի պատուիրակութիւնը չէր քուէարկեր ի նպաստ Ռուսիոյ: Արդարեւ, Հայաստանի պատուիրակութիւնը յունիս ամսուան սկիզբը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 73-րդ նստաշրջանին ընթացքին, 2008-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով դէմ չքուէարկեց, այլ չմասնակցեցաւ Աբխազիայէն եւ Հարաւային Օսեթիայէն տեղահանուած վրացի գաղթականներու վերադարձի իրաւունքը ճանչցող բանաձեւի քուէարկութեան: Այդպիսով, Հայաստանի իշխանութիւնները գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար ճանչցան Արցախէն «բռնի տեղահանուած ազրպէյճանցի գաղթականներու» տունդարձի իրաւունքի գոյութիւնը:
Ռուսիա-Վրաստան յարաբերութիւններուն առնչուող հարցերու շուրջ քուէարկութեան չմասնակցելու Հայաստանի իշխանութիւններու նոր քաղաքականութիւնը կրնայ հաճելի ըլլալ Թիֆլիսին, սակայն, ոչ` Մոսկուային: Մինչեւ օրս կիրարկուած քաղաքականութենէն շեղման շնորհիւ Վրաստանի մօտ արձանագրուած կէտերը, անկասկած որ չեն կրնար փոխհատուցել այն կէտերը, որոնք կը կորսնցնենք Ռուսիոյ մօտ` նկատի ունենալով այդ երկիրներէն իւրաքանչիւրին հզօրութեան, կշիռին ու ազդեցութեան ակներեւ տարբերութիւնը:
Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ռազմավարական դաշնակիցը սիրաշահելու համար պէտք չէ մեր ռազմավարական դաշնակիցը նեղացնենք:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ