Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ Պաապտայի մէջ հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ` կառավարութեան կազմութեան շուրջ խորհրդակցելու նպատակով:
Հանդիպումին ընթացքին Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ նախարարութիւններու հերթափոխութեան մասին ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի կեցուածքը սկզբունքային է եւ հինէն եկած է, այսինքն` անպայման շիի համայնքին չի վերաբերիր:
«Նախարարութիւններու հերթափոխութեան մասին մեր կարծիքը նոր չէ. մենք միշտ ալ ըսած ենք, որ նախարարութիւնները համայնքներու սեփականութիւնը չեն: Մեզի համար անընդունելի է նախարարութիւններու որակումը, ինչպէս` ուժային, ծառայութիւններու, երրորդ կամ չորրորդ կարգի նախարարութիւններ: Հետեւաբար, մենք համաձայն ենք նախարարութիւններու հերթափոխութեան», շեշտեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի աւելցուց, որ վարչապետին կողմէ նախարարներու ճշդումին պարագային պէտք է իմանանք, որ ո՛վ են նախարարները: «Վերջին հաշուով երեսփոխանական պլոքներն են, որ կառավարութեան վստահութեան քուէ պիտի շնորհեն: Այսինքն, ինչքան ալ վստահ ըլլանք վարչապետէն, մենք պիտի ուզենք տեղեկութիւն ունենալ նախարարներուն մասին», յայտնեց ան:
ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը նշեց, որ մերժելի է այն գաղափարը, թէ հոս բոլորը պիղծ են, ուրեմն պէտք է դուրսէն նոր նախարարներ ներածել: «Մենք նախարար ներածելու գաղափարին դէմ ենք: Մենք պիտի մասնակցինք կառավարութեան եւ մեզի անծանօթ մարդու քուէ տալու պատրաստ չենք: Եթէ մենք հայ նախարարին անուան շուրջ համաձայն չըլլանք, վստահ չենք, որ կառավարութեան վստահութեան քուէ կը շնորհենք», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:
aztagdaily.com