Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, լիբանանահայ լրագրող Նշան Տէր Յարութիւնեանի յայտագիրին ընթացքին եւ անկէ ետք ստեղծուած հակահայ մթնոլորտին լոյսին տակ, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմիի հետ եւ անոր ըսաւ, թէ այս հարցով ընկերային ցանցերուն մէջ տարածուած տեսանիւթը կը կրէ համայնքային սադրանքի հրահրման բնոյթ:
Ան կոչ ուղղեց պետական մարմիններուն անմիջապէս առաջքը առնելու նման մթնոլորտի: Ներքին գործոց նախարարը խոստացաւ պէտք եղած միջոցառումներուն դիմել եւ ձերբակալել տալ հակահայ յայտարարութիւններ կատարած անձը: Երեսփոխան Բագրատունի նմանօրինակ պահանջով դիմեց նաեւ Լիբանանի ընդհանուր դատախազին, ինչպէս նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու եւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան:
Միւս կողմէ, կազմուելու ընթացքի մէջ է արդէն հայ եւ արաբ փաստաբաններէ բաղկացած խումբ մը, որ պիտի ստանձնէ հակահայ յայտարարութիւններ կատարող անձերուն նկատմամբ լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն համապատասխան տեղեկանքը ներկայացնելու պարտականութիւնը:
Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ աւելի ուշ կապ հաստատեց լրագրող Նշան Տէր Յարութիւնեանի հետ եւ զայն տեղեակ պահեց այս հարցով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին առած քայլերուն գծով` դատապարտելով ընկերային ցանցերուն մէջ Տէր Յարութիւնեանին վրայ կատարուած յարձակումը:
aztagdaily.com