Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ Հայկական երեսփոխանական պլոքին, անձամբ իր ու իր ներկայացուցած ժողովրդային զանգուածին անունով շնորհակալական նամակ մը յղեց Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահին եւ խորհրդարանին` Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու իր պատմական որոշումին առիթով:
«Այս որոշումը խօսուն արտայայտութիւն է երկու ժողովուրդներուն` հայոց եւ սուրիացիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական խոր յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ այն ճշմարտութեան, որ դուք կը զօրակցիք մարդկային արդարութեան, իր իրաւունքներուն համար պայքարող իրաւազրկուած ժողովուրդներուն դատին», յայտնեց Յ. Բագրատունի: Շնորհակալական իր նամակին մէջ երեսփոխան Բագրատունի դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ հողերը հայութեան արեամբ շաղախուած են` Ա. Աշխարհամարտին ընթացքին, երբ Թուրքիա գործեց Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ծրագրեց ու բռնագաղթի ենթարկեց հարիւր հազարաւոր հայեր, որոնք Սուրիոյ մէջ գտան իրենց ապաստանն ու հայրենիքը:
«Կը վերահաստատենք մեր խոր երախտագիտութիւնը այս ողջունելի քայլին համար եւ ձեզի յաջողութիւն ու քաջութիւն կը մաղթենք` յուսալով, որ կը շարունակէք դիմակայել ամէն տեսակի ահաբեկչութիւն, բռնատիրութիւն եւ երկիրն ու ժողովուրդը թիրախ դարձնող հարուած», եզրափակեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
aztagdaily.com