կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2019-11-29 13:03
Սփյուռք

Բագրատունի Ընդունեց ՌԱԿ-ի Ատենապետ Սեւակ Յակոբեանը

Բագրատունի Ընդունեց ՌԱԿ-ի Ատենապետ Սեւակ Յակոբեանը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական Երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի երեսփոխանական գրասենեակին մէջ ընդունեց Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեւակ Յակոբեանը:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու վերջին ժամանակաշրջանին Լիբանանի մէջ կատարուող անցուդարձերը` շեշտելով ժողովրդային պահանջներու արդարացիութիւնը եւ արագօրէն ծանրացող խնդիրներուն լուծում գտնելու անհրաժեշտութիւնը:

Արծարծուեցան նաեւ Լիբանանի հայութեան տագնապները ու ներկայ փուլին մեր ժողովուրդին միասնութիւնը պահպանելու հրամայականը:

aztagdaily.com