Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ժամանակին հօրս փափաքին ընդառաջելով, առիթներով միտքերս կ՚ամփոփէի եւ կը գրէի կարծիքներս։ Ցաւօք ըսեմ, որ շատոնց հայերէն չեմ գրած։
Երբ ինձմէ ալ խնդրուեցաւ Ճեմարանի 90-ամեակի առիթով յօդուած մը գրել, մտածեցի պարզ ըլլալ եւ տեսնել, թէ իմ անմիջական կեանքիս մէջ ո՞ւր է Ճեմարանը այսօր։ Պատասխանը շատ յստակ էր՝ ներկայիս իմ կապս մեր սիրելի դպրոցին հետ, ազգային կեանքի մէջ իմ հետս գործող ճեմարանականներն են։ Ուրեմն հին լուսանկարներ մէջտեղ հանելու փոխարէն, ձեզի ցոյց տամ նոր մը։ Բայց իւրաքանչիւր նկար իր պատմութիւնը ունի․․․
Եւ այսպէս, 2004-ին, համալասարանս աւարտելէ ետք հաստատուեցայ Մոնթրէալ։ Առաջին ամիսներէն իսկ արդէն միացայ Հ.Յ.Դ. Գանատայի Երիտասարդական Միութեան շարքերուն եւ տարիքի բերումով զայն «աւարտելէ» ետք, Ճեմարանի նախկին ուսուցիչիս, այդ օրերուն Հ.Յ.Դ. Մոնթրէալի «Մ. Փափազեան» կոմիտէի հերթապահ՝ Սարօ Տէր Պետրոսեանին (1991-ի շրջանաւարտ) քաջալերանքով, 2008-ին սկսաւ Հայ Դատի գործունէութիւնս: Հոն էր, որ առաջին անգամ ըլլալով ըմբռնեցի, թէ ներկայ իրականութեան մէջ ի՞նչ տարողութեամբ եւ միջոցառումներով տեղի կ՛ունենան Հայ Դատի աշխատանքները՝ 1950-ականներուն սկսած մեր ազգի ամենաբուռն քաղաքական հակամարտութիւնը մեր թշնամիին դէմ։
Նոյն տարիներուն, նաեւ ծանօթացայ Հրակ Տարագճեանին։ Հայրն ու մայրը Ճեմարանական, ան յաճախած էր Ճեմարան մինչև Գանատա հաստատուիլը։ Ինքն ալ հետս զինուորագրուեցաւ Հայ Դատին եւ տարիներ միասին աշխատակցեցանք Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբին մէջ, փոխնիփոխ վարելով նաեւ յանձնախումբին ատենապետութիւնը։
Հրակ Չինչինեանը կը ճանչնայի Լիբանանէն։ Ինձմէ երկու դասարան վար էր, brevet-ին ձգած էր Ճեմարանը եւ Գանատա հաստատուած ընտանեօք։ Բնաւորութեամբ նախաձեռնող, մեզմէ մի քանի տարի ետք միացաւ Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբին, վարելով նաեւ անոր ատենապետութիւնը։
Փակագիծ մը բանամ եւ նշեմ, որ երկու Հրակներն ու Գէորգ Գազանճեանը (2002-ի շրջանաւարտ) 2015 թուականին գլխաւոր 3 կազմակերպիչներն էին, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, Մոնթրէալի մէջ «March for Humanity» թեմայով քայլարշաւին. աննախընթաց երեւոյթ մը, որուն մասնակցեցան աւելի քան 10,000 անձեր եւ տողանցեցին Մոնթրէալ քաղաքի կեդրոնական փողոցներէն ներս։
Օթթաուայի մէջ ձեռնարկի մը ընթացքին հանդիպեցայ ճեմարանական՝ Յակոբ Մելքոն Թորոսեանին, որ քարոզչական աշխատանք կը տանէր ներկաներուն՝ Հայ Դատի գործունէութեան մասին։ Այդ օրերուն Յակոբը ատենապետն էր Թորոնթոյի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ գլխաւոր կազմակերպիչներէն Թորոնթոյի «March for Humanity» թեմայով քայլարշաւին, որուն նաեւ մասնակցեցան աւելի քան 10,000 անձեր, Թորոնթոյի մէջ ։
Երկու Հրակները, Յակոբն ու ես այժմ Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի անդամներ ենք, իսկ Սարօն՝ Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կ. Կոմիտէի Հայ Դատի ներկայացուցիչը։
2012-ին անուանակից դասընկերս, մանկութեան ընկերս՝ Վարանդ Զէյթլեանը փոխադրուեցաւ Գանատա, Թորոնթոյէն քիչ մը արեւմուտք՝ Գէմպրիճ քաղաքը։ Այդ շրջանին մէջ գոյութիւն ունին երեք այլ փոքր հայկական համայնքներ, ուր կայ նաեւ Հայ Դատի կարեւոր գործունէութիւն։ Հոս կ՚արժէ նշել այդ շրջանի պատմական կարեւորութիւնը Գանատայի հայ գաղութին համար, տրուած ըլլալով որ 1923-ին, հոն էր, որ Գանատայի կառավարութիւնը իրագործեց իր առաջին համաշխարհային մարդասիրական ծրագիրը՝ ապաստան տալով ցեղասպանութենէն ճողոպրած 110 հայ որբերու՝ Օնթարիօ նահանգի Ճորճթաուն քաղաքին մէջ, ծանօթ իբրեւ “The Georgetown Boys”։ Ներկայիս՝ Վարանդը Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ է եւ հայ դատի կարեւոր աշխատանք կը տանի այդ շրջանին մէջ։
Իսկ, Գանատայի ծայրագոյն արեւմուտք՝ Վանգուվըր քաղաքը նոր հաստատուած՝ Խաժակ Գույումճեանը (2005-ի շրջանաւարտ) Հայ Դատի Rookie-ն է։ Տարի մը առաջ, Գանատայի վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ընդառաջելով առաջարկիս, խանդավառութեամբ աշխատեցաւ հայ համայնքին կողմէ առաջադրուած թեկնածուի մը ընտրապայքարին։ Վանգուվըրի փոքր բայց բեղուն շրջանին մէջ, ան այսօր մաս կը կազմէ Հայ Դատի փաղանգին։
Այս տարի Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը նուաճեց նոր հանգրուան մը, յատկապէս հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման առիթով վարչապետ Թրիւտոյի արտասանած խօսքին ընդմէջէն, երբ ան, բառերը առանց ծամծելու, յայտնեց ներկայ կառավարութեան դիրքորոշումը հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ։ Պէտք է կարեւորութեամբ նշել, որ Հայ Դատի յանձնախումբի սերտ կապը այս կառավարութեան հետ սկսած է տարիներ առաջ, երբ շրջանի ղեկավար դիրքերու վրայ էին նաեւ ճեմարանականներ՝ Րաֆֆի Տօնապետեանը, Վաչէ Շամլեանը, Վարանդ Պարսամեանը (1988-ի շրջանաւարտ) եւ Ժիրայր Զաքարեանը։ Այդ օրերուն էր, որ վարչապետ Թրիւտօ կատարեց իր պատմական այցելութիւնը դէպի Հայաստան ու Գանատայի ժողովուրդին անունով ծաղկեպսակ զետեղեց իր յարգանքի տուրքը մատուցելով Ծիծեռնակաբերդ։
Եւ վերջապէս, պէտք է յիշեմ Ժան Մկրտիչեանը՝ (1960-ի շրջանաւարտ), Գանատայի անցեալի Հայ Դատի շրջանային յանձնախումբի անդամ եւ ատենապետ, որուն ատենապետութեան շրջանին (2006) Գանատայի կառավարութիւնը ընդունեց 2004-ին, խորհրդարանին վաւերացուցած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը։ Այժմ ամէնէն վեթերան ճեմարանականը Հայ Դատի մեր փաղանգին, ան բառին իսկական առումով ընկալած է այն իրականութիւնը, որ Հայ Դատի աշխատանքներուն կարեւորագոյն մէկ մասը կը տարուի մեր գաղութային կեանքէն ու կեդրոններէն դուրս, տեղական կուսակցութիւններուն մէջ, բարեկամական կապեր հաստատելով քաղաքական դէմքերու հետ։ Յաճախ կը հանդիպիմ իրեն Քէպէքի ազատական կուսակցութան համագումարներուն, ինչպէս նաեւ ընտրապայքարներու ընթացքին, տրուած ըլլալով որ երկուքս դրացի ընտրաշրջաններու ազատական կուսակցութեան գործադիր մարմիններու անդամ ենք։
Հայ Դատի յանձնախումբերու գործունէութեան պրիսմակը լայն է եւ տարիներու ընթացքին կարկինը աւելիով կ՚ընդլայնի։ Ըլլա՛յ Արցախի հիմնահարց, ցեղասպանութեան ճանաչում, հայ գաղութներու շահերու պաշտպանութիւն, թէ՛ Հայաստանի ու Արցախի տնտեսական աճ, բոլորն ալ մաս մը կազմեն մեր օրակարգերուն։
Պէտք է ըսել, որ Հայ Դատի բոլոր զինուորագրեալները ճեմարանականներ չեն, սակայն շատ է ճեմարանականներու թիւը Հայ Դատի եւ այլ կազմակերպութեանց մէջ, օրինակ՝ Համազգայինի կրթական եւ մշակութային միութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Հ.Օ.Մ.ի ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցական եւ կրթական կառոյցներու գործադիր մարմիններու կազմերէն ներս։ Անշուշտ Գանատայի մէջ, մեզմէ առաջ գործած են Հայ Դատի շարք մը այլ ճեմարանական զինուորներ, բայց հոս նշեցի գործի վրայ եղողներէն ոմանք։
Այսօր, մեր իրականութեան մէջ, Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխարհատարած գործունէութիւնը ինծի համար կը հանդիսանայ հայկական ցեղասպանութենէն 105 տարիներ ետք, ամէնէն արդիւնաւէտ եւ ազդեցիկ աշխատանքը, հայկական իրաւունքներու հետապնդման ծիրէն ներս։ Յստակօրէն, սա կը հաստատէ թէ «Հայ Դատի զինուորագրեալները երկրորդ բանակը կը հանդիսանան՝ Հայաստանի ու Արցախի բանակներուն կողքին» խօսքը լոկ լոզունք մը չէ։
1930-ական թուականներուն երբ Ճեմարանը հիմնուեցաւ, Հայ Դատը ներկայ հասկացողութեամբ գոյութիւն չունէր։ Սակայն, 90 տարիներ առաջ, Համազգայինի Ճեմարանի հիմնադիրներու նպատակներէն մէկն էր կերտել հայ յանձնառու եւ վճռակամ երիտասարդներ։ Ապա, մնալով հաւատարիմ իր առաքելութեան, Համազգայինի Ճեմարանը առհասարակ մեր բոլորին տուաւ գերագոյն ազգային դաստիարակութիւն ու պատասխանատուութեան գիտակցութեան զգացում։ Իր աշակերտներուն համար ստեղծեց այն մթնոլորտը, որ ըլլան համարձակ, քաջալերեց, որ ըլլան ազատամիտ եւ ունենան քննական միտք։
Այսօրուան ձեզի ներկայացուցած իմ պատկերովս կրնամ հաստատել, որ փաստօրէն, սփիւռքի մէջ սովորական հայեցի դաստիարակութիւն տալէ անդին, ճեմարանի դերը եղած է յատկապէս՝ պատրաստել պահանջատէր ու գործունեայ առաջնորդներ՝ հայ ազգին նուիրուած զինուորագրեալներ։ Վստահ եմ որ վաղն ալ եւս, մեծ թիւով ճեմարանականներ պիտի անցնին այսօրուան գրասեղաններէն, շարունակելու այս «Սուրբ գործ»ը, փայփայելով իրենց ազգային նուիրումն ու կոչումը, որպէս տիպար Ճեմարանականներ, աշխարհի չորս ծագերուն։
90 տարին անց, ճեմարականներ միշտ պատնէշի վրայ, ուր ալ որ ըլլան անոնք՝ իրենց գործով կ՚ապացուցեն, որ Շանթի ու Աղբալեանի շունչով կայծ առած ջահը դեռ կը մնայ վառ։
Վարանդ Եափուճեան