կարևոր
3691 դիտում, 4 ամիս առաջ - 2024-07-10 12:05
Քաղաքական

ԼԵՄ անդամը միշտ պատնէշի վրայ է՝ ծառայելու ամբողջական պատրաստակամութեամբ

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի խօսքը՝ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 50-ամեակի ձեռնարկին.

Կը շնորհաւորենք ԼԵՄ-ը իր յիսնամեակին առթիւ` արդարօրէն գնահատելով, որ ան իր բարձրութեան վրայ կը մնայ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ եւ ծառայելու պատրաստակամութեամբ:

1970-ականները յատուկ իմաստ ունեցան Լիբանանի հայ երիտասարդութեան համար: Միջազգային բեմը հրկիզուած էր գաղափարական պայքարներով, ժողովուրդներու ազատագրումը կþարձանագրէր մեծ առաջընթաց, ազատութեան, հաւասարութեան եւ արդարութեան տարածումը դարձած էր հրամայական, եւ այդ ֆոնին վրայ անհրաժեշտ էր այլեւս հայ ու մանաւանդ դաշնակցական երիտասարդութեան տալ նոր առաքելութիւն եւ պինդ կազմակերպուածութիւն:

Արդ, այդ օրերու ՀՅԴ Բիւրոն ի գործ դրաւ 1972-ի ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի որոշումը եւ մեզ հաւաքեց (ու այս սրահին մէջ կը տեսնեմ հիմնադիր սերունդի շարք մը գործընկերներս) կեանքի կոչելու համար այդ նոր միութիւնը, որուն առաքելութիւնը սահմանուած էր գաղափարապաշտ հայ երիտասարդութիւնը համախմբելու, հայ երիտասարդին միտքն ու հոգին նուիրումի եւ նպատակասլացութեան տեսլականով թրծելու, Հայ դատի զինուորագրեալներ եւ ապագայի կուսակցականներ պատրաստելու եւ առհասարակ կենդանի գործի մղելու մէջ. մէկ խօսքով՝ ԼԵՄ-ը պարտէր դառնալ թէ՛ գաղափարական դպրոց, հնոց եւ թէ՛ խօսքը գործի վերածող միջավայր:

Ճիշդ է, որ ՀՅԴ աշխարհատարած կազմակերպութեան մէջ տասնամեակներէ ի վեր կը գործէին երիտասարդական միաւորներ Միջին Արեւելքէն դուրս, ինչպէս՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւնը (AYF), կամ Ֆրանսայի ՀՅԴ «Նոր սերունդ»-ը, սակայն անոնց առաքելութիւնը առաւելաբար հայապահպանման ու գաղափարական դասիտարակութեան, երբեմն ալ հայ դպրոցի բացակայութեան պայմաններուն մէջ՝ իր անդամներուն ազգային գիտելիքներու ջամբման մէջ կը կայանար: Անհրաժեշտ էր ուսումնասիրել անոնց փորձը, կառուցային իւրայատկութիւնները, անցած ճանապարհը եւ միաժամանակ ստեղծել պայմաններ՝ կամրջելու այդ միութիւնները եւ անոնց տալու առաւել քաղաքական ու յեղափոխական սլացք:

Արդ, ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու համար մշակուեցաւ կեդրոնական կանոնագիր, որմէ ներշնչուեցան արդէն իսկ գործող ու նորաստեղծ միութիւնները. անոնք մեր կազմակերպական կանոններու եւ աւանդին համաձայն, ունեցան ապակեդրոն բնոյթ եւ մնացին շրջաններու բարձրագոյն մարմիններու ենթակայութեան տակ. իսկ Բիւրոն ստեղծեց երիտասարդական կեդրոնական գրասենեակ՝ համադրելու համար համահայկական տարողութեամբ աշխատանքները, կեդրոնական կապը հանդիսանալու միութիւններուն հետ եւ սատար հանդիսանալու համակուսակցական դաստիարակչական եւ այլ աշխատանքներու:

ԼԵՄ-ի եւ առհասարակ ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու համար սահմանուեցան ու գործադրուեցան հետեւեալ սկզբունքները.

1.- Երիտասարդականի ինքնավար կառոյց. վարիչներով եւ նշանակովի գործադիրով ղեկավարութիւնը փոխարինուեցաւ ինքնակազմակերպումով, ընտրեալ վարչութիւններով եւ պատգամաւորական ժողովներով. հաստատուեցաւ մասնաճիւղային դրութիւն, որուն համադրումը վստահուեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան:

2.- Ընկերուհիներու ներառում. Լիբանանի (եւ առհասարակ Միջին Արեւելքի) մէջ երիտասարդական ու պատանեկան կառոյցները դարձան երկսեռ՝ յաղթահարելով նաեւ այդ մարտահրաւէրը, որովհետեւ անընդունելի էր բացառել երիտասարդ ընկերուհիներու անդամակցութիւնը եւ չգնահատել անոնց էական դերը կազմակերպական կեանքին մէջ:

3.- Համախմբում եւ յախուռն նկարագիր. Այդ օրերու ՀՅԴ ղեկավարութիւնը եւ երիտասարդ հիմնադիր սերունդս քաջ գիտակցեցանք, որ մեծաթիւ երիտասարդութիւն համախմբելու, խանդավառելու եւ գործի լծելու համար կարեւոր է երիտասարդին շնորհել ազատ շարժելու, նոյնիսկ սխալելու իրաւունք, պայմանաւ որ այդ սխալներէն դասեր քաղելու հմտութիւնը զարգացնէ. ասոնց կողքին, անհրաժեշտ էր քաջալերել՝ քննադատական մտածողութիւնը, վերլուծական մօտեցումը, նորարարութիւնը եւ անվախ փորձի ձեռքբերումը:

4.- Յեղափոխական սլացք եւ քաղաքական միտք. ԼԵՄ-ը երիտասարդական լոկ հաւաքավայր պիտի չտրամադրէր. այդ հնոցը պիտի կերտէր երիտասարդին յեղափոխական նկարագիրը բառին ամբողջական առումով եւ զարգացնէր քաղաքական առողջ մտածողութիւնը՝ լաւապէս մասնակցելու համար Հայ դատի մեր երկարաժամկէտ պայքարին:

5.- Տիպար կուսակցականներու պատրաստութիւն. Նորաստեղծ ԼԵՄ-ի առաքելութեան հիմնական կէտերէն էր ապագայ կուսակցականներ պատրաստելու պարտականութիւնը. երիտասարդին ՀՅԴ-ի անդամակցութիւնը պարտէր՝ խարսխուիլ ամրակուռ գիտելիքներու, մաքուր գաղափարականի, ամէն հատուածականութիւն մերժելու, հաւաքական ղեկավարութեան սկզբունքի, անձնական «Ես»-ը ընդհանուրի «Մեր»-ին հպատակեցնելու եւ որոշումներու ենթարկուելու արժէքներուն վրայ: Երիտասարդականը նաեւ հնարաւորութիւն ընծայեց կուսակցական շարքերը անցնող ԼԵՄ-ականին որոշ ժամանակ մը մնալ միութեան մէջ՝ իր փորձը ուրիշներուն փոխանցելու եւ միութեան գործադիր օղակներուն մէջ շարունակել ծառայելու համար: Այդ ժամանակահատուածին հրամայական դարձած էր նաեւ ՀՅԴ շարքերու անյապաղ թարմացումը երիտասարդ նոր աւիշի ներարկումով:

Տարիներու փորձը ցոյց տուաւ նաեւ, որ կարգապահութիւնը, կազմակերպուածութիւնը, գործի նուիրումը եւ ժողովական կեանքի հմտութիւնը հանրային կեանքէն դուրս նպաստեց ԼԵՄ-ականի առօրեային. այսպիսով, եթէ նոյնիսկ ան չմիացաւ կուսակցական շարքերուն, այդ երիտասարդը կարողացաւ լաւապէս կիրարկել միութենական փորձառութիւնը, գիտելիքներն ու ստացած համամարդկային ու ազգային արժէքները իր անձնական կեանքին ու ասպարէզին մէջ:

Այս ընդհանուր նպատակներու կողքին, ԼԵՄ-ին ճակատագրուեցաւ նաեւ առաքելութեան իւրայատուկ դաշտ։ Իր հիմնադրութենէն քանի մը տարի անց ան ստացաւ իր կրակէ մկրտութիւնը, երբ լծուեցաւ լիբանանահայութեան անվտանգութիւնը ապահովելու գործին՝ նուիրականացնելով իր անդամներու գաղափարական մարտիկներ հանդիսանալու հանգամանքը: ԼԵՄ-ի անդամները, հաւատարիմ՝ իրենց ուխտին ու սկզբունքներուն, անսակարկ ծառայեցին ժողովուրդին եւ իրենց կեանքի իսկ գնով պաշտպանեցին լիբանանահայութիւնը քաղաքացիական պատերազմի երկար տարիներուն ընթացքին: ԼԵՄ-ը ոչ միայն լիբանանահայութեան պաշտպանութեան առաջատար դիրքերու վրայ գտնուեցաւ, այլ գրաւականը հանդիսացաւ այս համայնքին համահայկական առաքելութեան, մանաւանդ՝ մարդուժի հայթայթման տեսանկիւնէն:

Առաւել, այդ երիտասարդներէն շատեր ամենասուրբ զոհաբերութեամբ սատարեցին Հայ դատի ուժական պայքարին եւ հասան նաեւ հայրենիքի օգնութեան՝ մասնակցելով Հայաստանի վերանկախացման, հայրենիքի մէջ ՀՅԴ-ի վերընձիւղման, Արցախի ազատագրութեան ու հայրենի ժողովուրդին մօտ ազգային արժէքներու եւ գաղափարախօսութեան տարածման սուրբ գործին: Անոնք ենթարկուեցան ահաւոր զրկանքներու, դարձան քաղաքական բանտարկեալներ եւ հանդիսացան նահատակներ՝ իրենց կեանքը զոհաբերելով ի սպաս Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ միջազգային լռութեան պատի քանդումին, կամ ալ հայրենիքի ազատագրութեան ընթացքին:

ԼԵՄ-ը նաեւ հասցուց սերունդներ, որոնք պատնէշի վրայ են ամէնուրեք՝ հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին. անոնցմէ շատեր հանդիսացան ու այսօր ալ են կուսակցական, ազգային, միութենական ղեկավարներ, Հայ դատի գործիչներ, խմբագիրներ, կրթական մշակներ, գաղափարի մարտիկներ. եւ ոչ միայն հայկական առումով, որովհետեւ ԼԵՄ-ը տուաւ նաեւ ներկայացուցիչներ, որոնք օտար երկիրներու, երբեմն ալ համաշխարհային մակարդակի կազմակերպութիւններու մէջ դարձան ղեկավարներ, նորարարներ եւ փայլատակող աստղեր:

Բնականաբար ԼԵՄ-ը, ինչպէս շատ մը երիտասարդական միաւորներ, ունեցած է իր վերիվայրումները, իր մեծ ձեռքբերումներու կողքին՝ անյաջողութիւններ եւս. որոշ նօսրացում ապրած է իր շարքերու թիւը, սակայն իր էութիւնը չէ կրած նահանջ: Ոչ մէկ զիջում արձանագրած է ԼԵՄ-ականին իտէալը, ԼԵՄ-ականը հիմա ալ կու գայ կամաւոր կերպով եւ իր բոլոր ուժերով լծուելու Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան գործին։
ԼԵՄ-ի անդամը միշտ պատնէշի վրայ է՝ ծառայելու ամբողջական պատրաստակամութեամբ։ ԼԵՄ-ի մեր իւրաքանչիւր ընկերուհիին ու ընկերոջ աչքերուն մէջ այսօր ալ կը տեսնենք՝ բոցկլտացող արիութիւն, ամուր գաղափարապաշտութիւն, անվհատ կամք, գործի պատրաստակամութիւն եւ մանաւանդ՝ անսասան հաւատք հայրենիքի ու հայութեան նկատմամբ:

Իր երկրորդ յիսնամեակի շեմին՝ բարի երթ մեր սիրելի ԼԵՄ-ին. հայրենի ներկայ տխուր իրավիճակին, Արցախի վերականգնումին եւ սփիւռքի վերաշխուժացման համար տակաւին մեծ գործ կայ կատարելիք, եւ հոն յատուկ տեղ է վերապահուած մեր երիտասարդական թեւին. անկասկած ԼԵՄ-ը այս անգամ եւս պիտի իրագործէ, նոյնիսկ գերազանցէ իր կուսակցութեան ու ժողովուրդին ակնկալութիւնները:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան
5 յուլիս, 2024թ
Լիբանան