կարևոր
2755 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-11-25 18:03
Քաղաքական

Փրովիտենսի Մէջ Հ․Յ․Դ․ 133-ամեակ․- 40 հազար Տոլար Ի Նպաստ Արցախահայութեան

Փրովիտենսի Մէջ Հ․Յ․Դ․ 133-ամեակ․- 40 հազար Տոլար Ի Նպաստ Արցախահայութեան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 18-ին, Փրովիտենսի Սուրբ Սահակ Եւ Սահակ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, նշուեցաւ Հ․Յ․Դ․-ի 133-ամեակը։

Ա․Մ․Ն․-ի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն եւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի սկաուտական կազմի տողանցքէն ետք, կատարուեցաւ տէրունական աղօթք։

Օրուան հանդիսավարն էր Նարեկ Մկրտիչեանը, որ շեշտեց, թէ պայքարը կը շարունակուի եւ Հ․Յ․Դաշնակցութիւնը պիտի ամէն ճիգ պիտի թափէ, որպէսզի արցախահայութիւնը վերադառնայ եւ վերստին ծածանի Արցախի դրօշը։

Ապա խօսք առին շրջանի «Քրիստափոր» կոմիտէութեան հերթապահ Հրակ Առաքելեան եւ Հ․Օ․Մ․-Ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ՝ Թալին Մկրտիչեան, որոնք նմանապէս շեշտեցին, թէ այսօրուայ հաւաքը, յատկապէս նուիրուած է արցախահայութեան։

Օրուան բանախօսն էր Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան, որ հայորդին պէտք չէ ընդունի Հ․Հ․ ներկայ ղեկավարութեան պարտուողակն քաղաքականութիւնը։

Այս հաւաքին, կարելի եղաւ հաւաքել 40 հազար տոլարի շուրջ գումար մը, որ պիտի տրամադրուի արցախահայութեան։

Գեղարուսետական յայտագրով ելոյթ ունեցան Դրօ Գրիգորեան եւ Արա Տապանճեան։

 

Աղբյուրը՝ Hairenikweekly.com