կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-06-08 18:54
Մշակույթ

Ամփոփ տպաւորութիւններ 90-ամեակի մը սեմին

Ամփոփ տպաւորութիւններ 90-ամեակի մը սեմին

Տարիները կ’անցնին, տասնամեակները կը կուտակուին մեր ետին. դէմքեր, դէպքեր, պահեր կը ջնջուին կամ կ’աղօտին: Բայց ուրիշներ՝ կը մնան վառ, նոյնիսկ կը դառնան աւելի կենդանի:

Տասնամեակ մը կեանքէս՝ Ճեմարանի աշակերտութեան եւ անմիջապէս հետեւող գրեթէ պատանի ուսուցիչի առաջին տարիներս, կը կազմեն ինծի համար այդպիսի թանկագին պահեստ մը, որուն յաճախ կ’այցելեմ, խոր հաճոյքով:

Այդ տասնամեակի երկրորդ կէսէն է, միջնակարգի ութերորդէն սկսած՝ մանաւանդ լսարանական տարիներէն, որ ունիմ ջերմ յիշատակներ, նախորդող՝ նախակրթարանի քիչ մը մշուշոտ դասարաններէն ետք, երեւի անոնցմով քիչ-քիչ նախապատրաստուած:

Հարուստ տպաւորութիւններու ստեղծման առաջին, անմիջական ազդակը անշուշտ մեր ուսուցիչներն էին - Կարօ Սասունի, Եոլանտ Աճեմեան, Գրիգոր Շահինեան,  Մուշեղ Իշխան, Հրաչ Տասնապետեան: Եւ ի հարկէ՝ տնօրէն Սիմոն Վրացեան, որ ստուերային, բայց ազդեցիկ իր ներկայութեամբ, Ճեմարանի բարձր պատշգամէն մինչեւ սրահին աջի՝ խորքի իր տեսչարանը, կը հովանաւորէր մեզ: Ուսուցիչներէն՝ Կարօ Սասունիի մօտ հերոսական անցեալի մը պատկառելի, բայց ջերմագին շուքը, Մ. Իշխանի մեղմութիւնը, տիկին Աճեմեանի շեշտուած անհատականութիւնն ու անսահման կորովը, Գրիգոր Շահինեանի այնքան թելադրական ատակութիւնը մեթոտիկ աշխատանքի - այս բոլորը կը համակէին մեզ անզգալի, բայց ապահով ամբարումով: Տնօրէն պր. Վրացեանի կողքին, հոգեղէն ներկայութեամբ՝ նոյնքա՛ն համակող էին հիմնադիրներ Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի կերպարները: Եթէ անձնապէս բախտը ունեցեր եմ Սիմոն Վրացեանի հետ մօտէն շփուելու, ամառնային արձակուրդներու ամիսներուն՝ իր հարուստ «Կեանքի ուղիներով» շարքի խմբագրման մէջ ամէնօրեայ գործակցութեամբ իր հետ,- Շանթի եւ Աղբալեանի պարագային, իրենց գործին հետ շփումն է, թերեւս քիչ մը կանխահասօրէն, որ անջնջելի դրոշմ ձգած է ներաշխարհիս վրայ:

Բայց այս բոլորի կողքին ու աւելի առաջ, արտադասարանային գործունէութիւնն էր, որ մեզ կը բեւեռէր, կը լիցքաւորէր մշակոյթի հանդէպ. հայերէն ու հայ մշակոյթ՝ ընդելուզուած դէպի ընդհանրական մշակոյթ անկաշկանդ ձգտումի մը հետ: Գիրի, գրականութեան, գրաւոր մշակոյթի ձգտում, ուր արդէն, դեռ ուրուագծային ձեւով՝ կը ջանայինք միաձուլել բեւեռները. միասնաբար առաջ տանիլ հայեցին ու ընդհանրականը: Ճիգ, որուն մէջ մեզի դաշնակից ունէինք մեր ուսուցիչները - անո՛նք յատկապէս, որոնք չէին հակադրեր այդ երկու բեւեռները...

Եւ մշակոյթի այս ձգտումը, թէեւ խարխափուն, կը գտնէր իր գործնական դրսեւորումը լսարանական մեր աշխատանքներուն մէջ - աշխատանքի խմբակներու, բայց եւ մանաւանդ «Ջահակիր»-ի: Հիմա ժպիտով կը յիշեմ, ներողամտութեամբ, բայց դեռ խանդավառ, այն հսկայ լրջութիւնը, որով «Ջահակիր» խմբագրեր ենք քանի մը տարի շարունակ: Հետագային ալ, իբր խորհրդատու ուսուցիչ կապ պիտի պահէի լսարանական թերթին հետ, բայց իբր աշակերտ-խմբագիրներ մեր տարած աշխատանքը, ինծի ինչպէս գործակից քանի մը ընկերներու համար, պիտի դառնար անփոխարինելի փորձառութիւն մշակոյթով թաթախումի, խմբական եւ անհատական միանգամայն: Պիտի դառնար կեանքի ոճ: Փորձառութիւն, ուր նոյնպէս պիտի օգտուէի՛նք ուսուցիչներու թելադրանքներէն եւ ուղղորդումէն, թէեւ երբեմն զանոնք անտեսելու, զանցելու պայմանով - ծնող մեր անհատականութիւններու շեշտումին համար այլապէս օգտակար զանցումով մը...

Այս բոլորը կը մնային անբաժանելի մասերը մեր Ճեմարանին, կ’ըլլային անով, իրենք կը կազմէին, կը կայացնէին զայն: Եւ այս բոլորի քաշողութեամբ է, որ աւելի ետք՝ կեանքի եւ մշակութային գործունէութեան սեփական ոլորտ ստեղծելով հանդերձ՝ մեզմէ իւրաքանչիւրը պարբերաբար պիտի գար, վերադառնար՝ շնչելու հարազատութեան այդ մթնոլորտը: Որ սերունդէ սերունդ անցումով եւ ինքնանորոգումով, ու հակառակ իրադրութիւններու բերած վերիվայրումներուն, կը մնայ մշակութային առողջ մթնոլորտ, հայեցի, բայց «օտար հովերէ» չվախցող, զանոնք դրականօրէն դիմագրաւող մթնոլորտ:

Եւ դարձեալ ատոր համար է, որ տարուէ տարի անխափան այցերովս, իմ կարգիս գոհունակութեամբ հաստատեր եմ եւ կը հաստատեմ ինքնանորոգումի ատակութիւնը մեր մայր հաստատութեան, որ այսօր, ի հեճուկս ամենատեսակ դժուարութիւններու, պարտինք պահել անսասան՝ պահպանելով իր ուրոյն նկարագիրը  -  միանգամայն աւանդական եւ նորարարական:

Յ. ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ