կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-06-11 22:55
Սփյուռք

Հայաստանի Արտահերթ Ընտրութիւններու Սեմին` Հարցազրոյց ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Բենիամին Պչաքճեանին Հետ

Հայաստանի Արտահերթ Ընտրութիւններու Սեմին` Հարցազրոյց ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Բենիամին Պչաքճեանին Հետ

«Հայաստան 20 յունիսի ընտրութիւններու սեմին» խորագիրով «Վանայ ձայն»-էն կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին օրուան հիւրը ` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան խօսեցաւ Հայաստանի մէջ տիրող քաղաքական ընդհանուր պատկերին, ընտրութիւններու կարեւորութեան եւ անոնց հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ Դաշնակցութեան ուղեգիծին մասին: Հարցազրոյցը վարեց «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան:

«ՀԱՐՑՈՒՄ».- Արցախեան վերջին պատերազմէն 7 ամիս ետք առաջին անգամ ըլլալով մեր դիմաց կը պարզուի պարտուողական կացութենէն դուրս գալու կարելիութիւն մը, հայ մարդոց մէջ կը ծնի յոյս մը, թէ կարելի է իրավիճակը յեղաշրջել եւ դարձեալ ոտքի կանգնիլ շնորհիւ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն: Խօսինք այս մասին եւ անդրադառնանք այն երեւոյթին, թէ ինչո՞ւ արտահերթ ընտրութիւններ պիտի կատարուին:

ԲԵՆԻԱՄԻՆ ՊՉԱՔՃԵԱՆ.- Բոլորիդ ծանօթ է, որ երեք տարիէ ի վեր այս իշխանութիւնները ի՛նչ աւեր գործեցին: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կանխատեսելով այս բոլորը, 2019-ի մայիսին, Օփերայի հրապարակը հաւաքուելով առաջին բողոքի ալիքը բարձրացուց, իշխանութիւններուն դեղին քարտ ցոյց տուինք` ըսելու համար, որ լրջանալու պահը եկած է, անհրաժեշտ է, որ երկրին մէջ բարեփոխումները օրինական ու սահմանադրական ձեւով կատարուին եւ Ղարաբաղի հարցով կեցուածքը յստակացուի: Դժբախտաբար, դէպքերու հոլովոյթը, ցոյց տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը ճիշդ էր. արդարեւ, այս իշխանութիւնները ո՛չ միայն չլրջացան, այլեւ անոնք ցոյց տուին, որ անկարող են երկիրը ղեկավարելու, չունին տեսլական, չունին յստակ ծրագիր Ղարաբաղի հարցի լուծման գծով, ընդհակառակն` իրենք ազգակործան գործընթացի մը գործակատարը դարձան, եւ այդ ընթացքը մեզ հասցուց հոն, ուր որ ենք այսօր: Պարտուողական յայտարարութեան ստորագրութենէն ետք ՀՅԴ-ն յաջողեցաւ համախմբել 17 ընդդիմադիր կուսակցութիւններ, որոնք ձեւաւորեցին Հայրենիքի փրկութեան շարժումը` նպատակ ունենալով Արցախի պատերազմէն ու խայտառակ պարտութենէն ետք նոր կառավարութեան մը ձեւաւորումով հասարակութեան տարի մը առիթ տալ` կացութիւնը կայունացնելու, ցնցուած մթնոլորտէն դուրս գալով աւելի առողջ մթնոլորտի մէջ արտահերթ ընտրութիւններ կազմակերպելու: Սակայն ատիկա տեղի չունեցաւ, այլ, իշխանութիւնները անմիջապէս դիմեցին արտահերթ ընտրութիւններու տարբերակին: Այս ընտրութիւնները, արտահերթ ըլլալով հանդերձ, իրենց էութեամբ արտակարգ են, որովհետեւ կը գտնուինք մեր անկախութենէն ի վեր նախադէպը չունեցող կացութեան մը առջեւ: 90-ականներուն սկիզբը ծայր առած արցախեան պայքարը յաջողեցաւ ապահովել Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումը, Արցախի Հանրապետութեան կայացումը: Երեսուն տարիներ շարունակ կարողացանք յաջողութիւններ ապահովել, պահպանել, աճեցնել ու զարգացնել մեր հայրենիքը, սակայն այս իշխանութիւնները 44 օրուան ընթացքին չէզոքացուցին այդ յաջողութիւնները: Այսօր Արցախը կորսնցուցած է իր տարածքէն 11.000 քառակուսի քմ, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը, կարգավիճակը լրջօրէն խնդրոյ առարկայ են: Լուրջ տագնապի մէջ է Հայաստանի տնտեսութիւնը, վտանգուած են սահմաններն ու սահմանակից համայնքներու բնակչութիւնը, հասարակութիւնը երկփեղկուած է ու ատելութիւնը համատարած: Պէտք է անյապաղ ձերբազատիլ այս իշխանութիւններէն, թօթափել պարտուածի հոգեվիճակը եւ անցնիլ կառուցողական աշխատանքի:

Հ.- Ներկայ իշխանութիւնները կը պատրուակեն, թէ նախկին իշխանութիւնները չարտօնեցին, որ աշխատին` անոնց ունեցած լծակներուն պատճառով, բայց երեք տարիները բաւարար չէի՞ն, որ իրենք բան մը ներկայացնէին մեր ժողովուրդին:

Բ. Պ.- Ճիշդ չէ ըսել, որ այս երեք տարուան ընթացքին առիթ չտրուեցաւ ներկայ իշխանութեան, ընդհակառակն` անոնք ժողովրդային լայն յենարանը ունէին, սակայն այդ յենարանը իրենք մսխեցին: Հասարակութիւնը մեծ յոյսեր կապած էր ու կ՛ակնկալէր, որ այս իշխանութեան օրօք աւելի արդար ու ապահով պայմաններ կը ստեղծուին, երկիրը տնտեսական վերելք կ՛ապրի, բանակը կը հզօրանայ եւ ինք խաղաղ ու բարօր կեանք մը կ՛ապրի: Սակայն հակառակը պատահեցաւ, կազմակերպուած ձեւով պետական կառոյցներու կազմաքանդումը տեղի ունեցաւ, ժողովրդավարական հիմնական սկզբունքները ոտնակոխելով դատարաններու ու Ազգային ժողովի գործունէութիւնը խափանուեցան, սահմանադրութեան անտեսումով նշանակումներ, գործէ արձակումներ ու որոշումներ կայացուեցան, առանց դատական հետապնդումներու վճիռներ արձակուեցան, ազատ միտքն ու կարծիքը հալածուեցան: Մէկ խօսքով` միապետութիւն հաստատուեցաւ, մէկ մարդու մէջ կեդրոնացան գործադիր, օրէնսդիր ու դատական համակարգերը: Որդեգրուեցաւ հայ իրականութեան աւանդութիւններուն ու արժէքներուն խոտոր «Բաց հասարակութեան» պետականաշինութեան ծրագիրը, ուր համամարդկային սկզբունքներու կարգախօսներուն ներքեւ, վարկաբեկուեցան ազգային արժէքները, պատմութիւնը, հաւատքը, հերոսները: Իրողութիւնը տարբեր չէր նաեւ արտաքին ճակատի վրայ: Հայաստանը կորսնցուց իր երբեմնի բարեկամներն ու դաշնակիցները: Այս իշխանութիւնները ճիգ չխնայեցին մեր ռազմավարական դաշնակից Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ յարաբերութիւնները զերոյացնելու:

Փոխվարչապետի, Ազգային անվտանգութեան քարտուղարի, Ազգային ժողովի նախագահի եւ այլ հիմնական պաշտօններու նշանակուեցան իրենց հակառուսական շեշտուած կեցուածքներով յայտնի անձեր:

Միջազգային ատեաններուն մէջ բազմիցս Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներ թեր քուէարկեցին հակառուսական որոշումներու: Հակառակ ռուս պաշտօնատարներու զգուշացումին, անհիմն մեղադրանքներով ամբաստանուեցաւ ու դատի կանչուեցաւ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար հայ զօրավար Եուրի Խաչատուրովը: Այս բոլորէն ետք ակնկալել բնական յարաբերութիւններ բարեկամի, ուր մնաց ռազմավարական դաշնակիցի հետ, անտրամաբանական է: Սակայն հակառակ այս բոլորին, վերջերս բացայայտուեցաւ, որ արցախեան վերջին պատերազմի օրերուն բազմիցս եւ վերջինը 20 հոկտեմբերին, երբ տակաւին Հատրութի մէկ մասը ու Շուշին կը գտնուէին հայկական վերահսկողութեան տակ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին առաջարկած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին պատերազմը կանգնեցնել, սակայն վարչապետը յարմար չէ գտած այս առաջարկի մասին առ ի քննարկում տեղեկացնել երկրի պատասխանատու մարմիններուն` Գլխաւոր շտապին, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետին եւ այլոց, այլ որոշած է պատերազմը շարունակել հազարաւոր յաւելեալ զոհեր տալու ու տարածքներ կորսնցնելու գնով:

Ճիշդ չէ ձախողութիւնները բարդել նախկիններուն կամ այլոց վրայ, այս իշխանութիւնները փաստեցին երկիր ղեկավարելու իրենց անկարողութիւնն ու ապիկարութիւնը, հետեւաբար անյապաղ պէտք է հեռանան եւ առիթը տան վստահելի փորձառու հայրենանուէր ղեկավարութեան մը ձեւաւորման:

Հ.- Այս ընտրութիւնները ամբողջովին կը տարբերին այլ ընտրութիւններէ, որովհետեւ այսօր կան բազմաթիւ հարցեր, որոնք բխած են արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն: Հարցերէն մէկը պետութեան լինելիութեան հարցն է. ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք վերականգնումը, նախկին վիճակին վերադարձը կամ աւելի հզօր պետութեան մը կերտումը այս պայմաններուն մէջ:

Բ. Պ.- 30 տարին կարճ ժամանակ է պետութեան մը կայացման համար, բայց եւ այնպէս այս տարիներուն պետականաշինութեան հիմնական հիմքերը դրուեցան: Սահմանադրութեան զանազան փոփոխութիւններով ժողովրդավարական սկզբունքներ որդեգրուեցան, եւ աւելի եւս մօտեցանք եւրոպական չափանիշներուն ու արժէքներուն: Անջատ ջոկատներէ կազմուեցաւ հզօր բանակ, պետական համակարգը կազմակերպուեցաւ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարք մը միջազգային կառոյցներու անդամակցեցաւ, Հայաստան – սփիւռք յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը, թէեւ ոչ բաւարար չափով, սակայն հունի մէջ մտաւ:

Այս իշխանութիւնները եկան գործելու ամբողջովին հակառակ ուղղութեամբ, այն երեք կռուանները, որոնք ժողովրդավարութեան հիմքը կը կազմեն` գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական համակարգերը, փորձեցին ամբողջութեամբ ձեռք առնել: Դատական թէ օրէնսդրական մարմիններու մօտ գործադիր իշխանութեան կոպիտ միջամտութիւններով, հարուածեցին ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքները, խարխլեցին պետականութեան հիմքերը: Չէզոքացուցին կարեւոր նախարարութիւններ, ինչպիսիք էին գիւղատնտեսութեան եւ սփիւռքի նախարարութիւնները, իսկ այլ նախարարութիւններ միացնելով, ինչպիսին էր կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան, նուազեցուցին անոնց կարեւորութիւնը:

Պատմութիւնը ցոյց պիտի տայ` եղածը ապիկարութեա՞ն հետեւանք էր, թէ՞ դիտումնաւոր եւ ծրագրուած քաղաքականութիւն: Անձնական տեսակէտս այն է, որ ապիկարութեան հարց չէր, այլ դիտումնաւոր գործընթաց մը` պետականութիւնը քայքայելու: Գունաւոր յեղափոխութիւններու լոյսին տակ ծագած գործընթաց մըն է ասիկա, որ հասաւ եւ գործադրուեցաւ Հայաստանի մէջ ալ` պետական կառոյցները քանդելու, պետական խորհրդանիշները արժեզրկելու, ազգային արժէքները ոտնակոխելու, ապազգային սերունդներ կազմաւորելու նպատակով կրթութեան մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու: Այս գործընթացը կ՛առաջնորդէ միայն ու միայն աւերուածութեան, տարածքային կորուստներու, ներքին թշնամանքի, հասարակութեան երկբեւեռացման: Ուստի, այսօր մենք շատ լուրջ փուլի դէմ յանդիման ենք, մենք պէտք է վերականգնենք հայուն ինքնուրոյն տեսակը, վերականգնենք պետականութիւնը, պէտք է կարենանք կազմակերպուիլ, համերաշխութեան մթնոլորտ տարածել մեր ժողովուրդին մէջ ու լծուիլ աշխատանքի: Ինչքան ալ խոր ըլլան տեսակէտներու տարբերութիւնները կամ տարակարծութիւնները, այս բեւեռացումը, ատելութեան, ոխի մթնոլորտը միայն ու միայն քանդիչ է:

Հ.- Արտայայտուեցաք տարածքային կորուստի մասին. այսօր ժողովուրդը հետաքրքրուած է գիտնալու, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ Սիւնիքի սահմաններուն վրայ, ինչո՞ւ սահմանագծում, սահմանազատում, 30 տարուան գերիշխան երկիր ենք, օրին մէկը այս հարցը օրակարգի վրայ չէ դրուած, ինչպէ՞ս կրնայ Հայաստանի մէջ գտնուող տարածքներու մասին նման խօսք ըլլալ, ի՞նչ քարտէսներու հիման վրայ կը կատարուին այս բոլորը եւ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդեն:

Բ. Պ.- Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան, սահմանային կամ տարածքային որեւէ փոփոխութիւն պէտք է հանրաքուէի ենթարկուի. ինչպէս նաեւ միջպետական որեւէ լուրջ համաձայնագիր եւս պէտք է ենթարկուի հանրաքուէի: Հրաժարեալ իշխանութիւնը, վարչապետը, որ ժամանակաւոր պաշտօնակատար է, իրաւունք չունի այդպիսի բանակցութիւններ վարելու, գալիք սերունդներուն հաշուոյն զիջումներ կատարելու, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնելու ® Սա շարունակութիւնն է անցնող 3 տարուան գործունէութեան, եւ Փաշինեան կը փորձէ իշխանութեան վերջին օրերն ալ օգտագործել` գալիք սերունդներուն կացութիւններ պարտադրելու եւ հիմնականին մէջ Արցախի հարցը ամբողջութեամբ անջատելու Հայաստանի օրակարգէն: Ասիկա լրիւ անընդունելի է:

Սահմանազատման հարց կրնայ գոյութիւն ունենալ, կրնայ բանակցութիւններու արդիւնք ըլլալ, սակայն այսօր, այս պայմաններուն տակ կարելի չէ խօսիլ տարածքներ յանձնելու մասին, մանաւանդ երբ Հայաստան տիրութիւն չ՛ըներ իր սահմաններուն, եւ չէ յստակացած Արցախի հարցի լուծման ընթացքը: Անընդունելի ու աններելի են իշխանութեան կարգ մը ներկայացուցիչներուն արտայայտութիւնները, թէ «բանակի պարտականութիւնը այդ ամայի տարածքները պաշտպանելը չէ» կամ «ամբողջ տարին սարերը ձիւնով ծածկուած են, մեր բանակը հոն ի՞նչ գործ ունի»: Իւրաքանչիւր պետական պաշտօնեայ եւ ի մասնաւորի երկրի թիւ մէկ պատասխանատուն պարտաւոր են հաւատարիմ մնալ իրենց երդմնակալութեան խոստումին` պահպանելու Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը եւ պաշտպանելու սահմանադրութիւնը:

Հ.-  Օրինականօրէն այդ սահմանագծումի հասկացողութիւնը եղա՞ծ է ասկէ առաջ:

Բ. Պ.- Խորհրդային Միութեան ժամանակ հանրապետութիւններու միջեւ ներքին սահմանները միջազգայնօրէն ճանչցուած  չէին, եւ ասիկա լուրջ հարց է, ներքին կարգով սահմանագծում եղած է Խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Ազրպէյճանի միջեւ, սակայն միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններ չեն ասոնք: Սահմանային այս բոլոր հարցերը լուծելի հարցեր են, սակայն այս պայմաններուն տակ, երբ տակաւին ամէնէն հիմնականները` Արցախի կարգավիճակը, ինքնորոշման իրաւունքի պարագան չեն եզրակացուած, կարելի չէ ճշդել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանը. այլապէս կը նշանակէ, որ սահմանէն անդին Ազրպէյճան է, եւ Արցախի հարցը կը վերածուի Ազրպէյճանի ներքին հարցի, ինչ որ ամբողջութեամբ  մերժելի է մեզի համար: Մինսքի խմբակի համանախագահները, Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Փութին, թէ մենք բոլորս կը հաստատենք, որ Արցախի կարգավիճակի ճշդումը տակաւին սեղանի վրայ է, հարկ է երաշխաւորել արցախահայութեան անվտանգութիւնը, ապահովել զարգացման ու ինքնիշխան ապրելու կենսունակ միջավայրը:

Հ.- 9 նոյեմբերի յայտարարութիւնը կը խօսէր նաեւ սահմաններու ապաշրջափակման մասին, բայց եւ այնպէս, անկէ ետք Ալիեւ յաճախ արտայայտուեցաւ Զանգեզուրի միջանցքին մասին: Այս նիւթն ալ քննարկման տաք օրակարգ է այս օրերուն` միջանցք կա՞յ, միջանցք չկա՞յ, եւ ասիկա Հայաստանը ի՞նչ վիճակի կը մատնէ յառաջիկայ օրերուն:

Բ. Պ.- Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագիրին մէջ միջանցքի մասին խօսք չկայ, այլ` խօսքը կը վերաբերի տարածաշրջանի ապաշրջափակման: Պէտք է զգուշ ըլլանք մեր բառամթերքին մէջ, միջանցք բառը չօգտագործենք, որովհետեւ այդ մէկը ամբողջովին այլ բան է: Անշուշտ բոլորիս փափաքն է, որ տարածաշրջանի ապաշրջափակումը տեղի ունենայ, մանաւանդ որ անիկա պարտադրուած է Թուրքիոյ կողմէ: Սակայն շատ կարեւոր է, որ մենք պատրաստ ըլլանք ապաշրջափակման` ապահովական, տնտեսական, ընկերային եւ այլ առումներով, այսինքն` Հայաստանը պէտք է ունենայ համապատասխան օրէնքներ, որպէսզի ապաշրջափակման պարագային օտար գիւղատնտեսական թէ այլ տեսակի արտադրութիւնները չողողեն հայկական շուկան ու չչէզոքացնեն տեղական արտադրութիւնները. պէտք է լաւապէս պաշտպանել հայկական արդիւնաբերութիւնը, կարգաւորել օտար ներդրումներու սահմանները,  այլապէս ապաշրջափակումը Հայաստանի տնտեսութեան ու զարգացման համար աղէտաբեր հետեւանքներ կ՛ունենայ: Հայաստանը կը գտնուի Հիւսիս–հարաւ եւ Արեւելք-արեւմուտք խաչմերուկի վրայ: Հայաստան այն միջանցքն է, ուրկէ պարսկական արտադրութիւնները Եւրասիական միութիւն մուտք կը գործեն եւ փոխադարձաբար: Ասիկա լուրջ խաղաքարտ մըն է Հայաստանի համար, եւ հարկ է զայն լիարժէք ձեւով օգտագործել:

Հ.- Վերադառնանք ընտրութիւններուն. անցնող 7 ամիսներուն բողոքի տարբեր ելոյթներով` ցոյցերով, հաւաքներով պահանջուեցաւ այս իշխանութեան հրաժարականը, հեռացումը, սակայն ատիկա չիրագործուեցաւ: Կը  կարծէ՞ք, թէ այս ընտրութիւններով կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ այդ նպատակին, եւ ինչ որ փողոցը չկրցաւ ընել, քուէատուփերը պիտի կարենան ընել: 

Բ. Պ.- Փողոքի հանրահաւաքները պարտադրեցին վարչապետին հրաժարական ներկայացնել. եթէ կը յիշէք, պատերազմէն անմիջապէս ետք Փաշինեան 6 ամսուան ճամբու քարտէս մը ներկայացուց, որ ի միջի այլոց չիրագործեց` ակնկալելով, որ պիտի մնայ իշխանութեան գլուխը, սակայն անել վիճակի մէջ յայտնուելով պարտաւորուեցաւ հրաժարական ներկայացնել: Նկատի ունեցէք, որ մայրաքաղաքին մէջ ազատ շրջագայութեան դժուարութիւն ունէր, ու ստիպուած էր օրական դրութեամբ հարիւրաւոր ոստիկաններ զօրաշարժի ենթարկել` ապահովելու համար կառավարութեան մէկ շէնքէն միւսը իր տեղափոխումը:

Հիմա այս ընտրութիւններէն ետք ի՞նչ կրնայ պատահիլ: Նախ յստակ է, որ, ինչպէս հարցախոյզերը ցոյց կու տան, ոեւէ կուսակցութիւն պիտի չկարենայ 50+1 տոկոսը ապահովել այս ընտրութիւններուն: Այս ընտրութիւններուն մասնակցող դաշինքներուն եւ կուսակցութիւններուն թիւը բաւական մեծ է` 26 (4 դաշինք + 22 կուսակցութիւն): Այն հաւանական հիմնական ուժերը (կուսակցութիւններու պարագային 5 առ հարիւրը, իսկ դաշինքներու` 7 առ հարիւրը) որոնք  անցողիկ շեմը կը յաղթահարեն, բոլորը առանց բացառութեան («Հայաստան» դաշինք, «Պատիւ Ունեմ» դաշինք, ԲՀԿ, ԼՀԿ, ՀԱԿ) յայտարարեցին, որ ընտրութիւններէն ետք պիտի չգործակցին Նիկոլ Փաշինեանի կուսակցութեան հետ: Ասիկա լուրջ յաջողութիւն է:

Հ.- Այս կուսակցութիւններուն յենարանը ի՞նչ է, որո՞նք քուէ պիտի տան անոնց եւ ինչո՞ւ:

Բ. Պ.- Անցնող երեք տարուան ընթացքին այս իշխանութիւնները յաջողեցան մարդկային վատ բնազդներն ու բնաւորութիւնները դրսեւորել եւ ընդունուած նորմի վերածել: Այսպէս, օրինակ` ստախօսութիւնը, արժէքներու հանդէպ հեգնանքը, անհիմն ամբաստանութիւնները, հայհոյանքը, ատելութիւնը, մաղձը,  աժան ամբոխավարութիւնը դարձան չափանիշ: Թէեւ այս բոլորը մեր ժողովուրդի կրթութեան, մշակոյթին, հաւատքին ու կենցաղին խոտոր համեմատող նկարագրային գիծեր են, սակայն, դժբախտաբար, իշխանաւորները կարողացան ժողովրդային որոշ զանգուածի մը մէջ ներմուծել զանոնք` խեղաթիւրելով անոր ինքնութիւնը:

Դժբախտաբար յատկապէս գիւղական շրջաններուն մէջ, ուր հիմնականօրէն պետական լրատուամիջոցներն են հասանելի, մարդիկ համոզուեցան, որ իրենց հարցերուն, դժուարութիւններուն եւ դժբախտութեան պատասխանատուն նախկին իշխանութիւններն են` առանց անդրադառնալու, որ այս իշխանութիւնները, բացի ամբոխավարութենէն, ո՛չ միայն ոչինչ կատարած են, այլեւ անդառնալի կորուստներու պատճառ դարձած : Բայց եւ այնպէս, այս իրողութիւնը սկսած է փոխուիլ, ընտրութիւններուն առիթով կատարուած հարցախոյզները ցոյց կու տան, որ ներկայ իշխանութեան վարկանիշը անկումի մէջ է:

Հ.- Վերջին տուեալներով, եթէ 6 յունիսին տեղի ունենային Հայաստանի արտահերթ ընտրութիւնները, Փաշինեանի քաղաքական ուժը պիտի ստանար 22,4 տոկոս, «Հայաստան» դաշինքը 20,6 տոկոս, ինչ որ կը նշանակէ, թէ 4 ամսուան մէջ Փաշինեանի ժողովրդականութիւնը նահանջած է 10,7 տոկոսով, մինչդեռ «Հայաստան» դաշինքինը աւելցած է 14,5 տոկոսով: Հաւանականութիւններ ալ կան, որ յառաջիկայ օրերուն այս թիւերը աւելի ամրապնդուին:

Բ. Պ.-  Հաւանականութիւններ կան, մանաւանդ որ մարդիկ սկսան անդրադառնալ, որ ներկայ իշխանութիւնը իսկապէս ապիկար է ու անկարող. 9 նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան ստորագրութենէն ետք, խաղաղ պայմաններու մէջ Ազրպէյճան մեծ թիւով հայ զինուորներ գերեվարեց եւ, հակառակ ստորագրուած համաձայնութեան, չվերադարձուց զանոնք, ան ո՛չ միայն չյարգեց «Բոլորը բոլորին դիմաց» սկզբունքը եւ չվերադարձուց պատերազմի պայմաններուն մէջ գերի ինկած մեր զինուորներն ու քաղաքացիները, այլեւ նորերը առեւանգեց: Բոլորս տեսանք ահաւոր եւ անընդունելի պատկերը մեր հերոս նահատակ զինուորներու դիակներուն` անխնամ կերպով նետուած հիւանդանոցի նկուղներուն մէջ: Այս բոլորը բացայայտօրէն ցոյց կու տան, որ այս իշխանութիւնները անկարող են երկիրը ղեկավարելու ու լուծումներ բերելու: Միւս կողմէ, «Հայաստան» դաշինքը ինքնավստահ ձեւով ու հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն պատրաստակամութիւն ցոյց կու տայ ամբողջութեամբ ստանձնելու պատասխանատուութիւնը եւ իր նախընտրական ծրագիրով բնորոշուած գործնական լուծումներ առաջադրելու:

Հ.- Խօսինք նաեւ այն հակասական պատկերին մասին, որ կը պարզուի այսօր, մեծ է թիւը մասնակից ուժերուն եւ անհատներուն, կայ 2620 թեկնածու, որ նախորդ ընտրութիւններէն շուրջ 1200-ով աւելի է, բայց եւ այնպէս, միւս կողմէ, կը խօսուի ժողովուրդին անտարբերութեան մասին, կրաւորականութեան մասին, որովհետեւ ան յուսախաբ է:

Բ. Պ.- Պատերազմէն անմիջապէս ետք, հասարակութիւնը շատ մեծ հարուած ստացած էր ու ցնցուած, կորուստներու տարողութիւնը  եւ կացութեան անորոշութիւնը մղած էին կրաւորականութեան ու անտարբերութեան: Ժամանակի կարիք եղաւ, որպէսզի այս բոլորը ընկալուին, եւ լուծումներու մասին մտածուի. ժողովրդային բողոքի հաւաքներով, անոնց ընթացքին հնչած միտքերով, ժողովուրդը հետզհետէ արթնցաւ եւ իմացաւ, որ ներկայ իշխանութիւնները ամբողջ 44 օրեր խաբած են զինք: Պատերազմէն անմիջապէս ետք հարցախոյզները ցոյց տուին, որ արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցելու պատրաստ քաղաքացիներուն թիւը հազիւ 40 տոկոս էր, իսկ այսօր այդ թիւը բարձրացած է 60-62 տոկոսի, կայ նաեւ 14 տոկոս մըն ալ, որ աւելի շատ հակուած է մասնակցելու:

Ժողովուրդին մօտ վախ կար սահմանային զարգացումներէն, անորոշութենէն, թշնամիէն, ապահովական վիճակէն, ներքին խլրտումներուն ունենալիք հետեւանքներէն: Այսօր մասամբ մեղմացած է այդ վախը, որովետեւ յստակ թուականներ ճշդուած են արդէն, վարչապետը հրաժարած է եւ ընտրութիւններու թուականը` յստակացած: Կ՛ենթադրեմ, որ յառաջիկայ օրերուն, քարոզարշաւի ընթացքին, հասարակութիւնը աւելի եւս իրողութեան իրազեկ դառնալով պիտի կողմնորոշուի:

Հ.- ՀՅ Դաշնակցութիւնը այս ընտրութիւններուն կը մասնակցի «Հայաստան» դաշինքով` գործակցելով Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան հետ: Ինչո՞ւ դաշինքի այս տարազով կը ներկայանայ Դաշնակցութիւնը, ինչպէ՞ս կազմուեցաւ դաշինքը, ճշդուեցան թեկնածուներուն թիւն ու պատկերը:

Բ. Պ.- Անկախութենէն ի վեր Դաշնակցութիւնը ընտրութիւններուն միշտ ուրոյն դիմագիծով ներկայացած է: Սակայն, ինչպէս նախապէս ըսի, այս ընտրութիւնները արտահերթ ըլլալէ անկախ, արտակարգ են, ուստի մեզի համար կարեւոր է այս իշխանութիւններէն ժամ առաջ ձերբազատիլ, եւ ո՛չ միայն Նիկոլ Փաշինեանը, այլ անոր գաղափարախօսութիւնը, ապազգային մօտեցումները, նիկոլիզմը պէտք է ձախողութեան մատնուին: Այդ պատճառով ալ դիմեցինք ուժերու համախմբման քայլին` նկատի ունենալով գործակցութիւնը այն ուժերուն հետ, որոնք մեր գաղափարախօսութեան, մեր տեսակէտներուն, մեր քաղաքական դիրքորոշումներուն ամէնէն մօտն են: Այս պարագային թէ՛ նախկին նախագահ Քոչարեանի եւ թէ՛ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան մօտեցումներն ու դիրքորոշումները կը համընկնին մեր տեսակէտներուն:

Նախկին նախագահ Քոչարեանի հետ մեր աւելի քան տասը տարուան գործակցութիւնը ցոյց տուած է, որ կարողացած ենք երկիրը կառուցել եւ զարգացնել: Թէ՛ Սահմանադրական փոփոխութիւնները, թէ՛ երկքաղաքացիութեան օրէնքի վաւերացումը, թէ՛ սփիւռք- Հայաստան համագործակցութեան ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները, թէ՛ գիւղատնտեսութեան զարկ տալը, թէ՛ տնտեսական աճը եւ օտար ներդրողներու ներգրաւումը, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցութիւններուն նկատմամբ Քոչարեանի հաւասարակշռուած եւ ազգային մօտեցումները լաւագոյն ցուցանիշներն են: Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահին կազմակերպական ձիրքերը, պետական մարդու հանգամանքը, իր ունեցած լաւ յարաբերութիւնները  այսօրուան պայմաններուն անհրաժեշտ յատկանիշներ են:

«Հայաստան» դաշինքին ներկայացուցած նախընտրական ծրագիրը 90 տոկոսով Դաշնակցութեան պատրաստած փլաթֆորմն  է, որ ամբողջութեամբ որդեգրուեցաւ դաշինքին կողմէ ու յաջողութեան պարագային պիտի հանդիսանայ կառավարութեան ծրագիրը:

Նշենք, որ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութիւնն ալ ազգային հիմունքներով կը բաժնէ մեր տեսակէտները, ան թէեւ սահմանափակուած է Սիւնիքի շրջանին մէջ, սակայն իր ցանկին մէջ ներառուած են Սիւնիքի եւ Զանգեզուրի բոլոր քաղաքապետները: Դաշինքի ցանկի կազմութիւնը եղաւ խորհրդակցաբար, հոն կան Դաշնակցութեան ներկայացուցած անունները, նկատի ունենալով, որ, ըստ օրէնքի, ցանկին մէկ երրորդը կիներէ բաղկացած պէտք է ըլլայ, այդ մէկն ալ յարգուած է, իւրաքանչիւր երրորդ թեկնածուն կին է: 153 անուններուն 82-ը Դաշնակցութեան ներկայացուցած անուններն են, որոնց մէջ միայն կուսակցականներ նկատի չեն առնուած, այլ նաեւ համակիրներ, նորարարութիւն է նաեւ, որ  ներառուած են երիտասարդ տարրեր, որոնք անցնող երեք տարուան ընթացքին մեր պայքարին մաս կազմեցին` թէ՛ Ղարաբաղի դիրքերուն վրայ, թէ՛ ցոյցերուն ընթացքին, եւ թէ՛ այլապէս: Ցանկին մէջ կան համալսարանի դասախօսներ, գիտութեան թեկնածուներ, լրագրողներ, իրաւաբաններ եւ բժիշկներ, որոնք պատրաստ են ազգային շահին համապատասխան օրէնքներ մշակելու եւ մասնագիտական աշխատանք տանելու:

Հ.- Այս իշխանութիւնները ժողովուրդը կը փորձեն վախցնել` ըսելով, որ եթէ «Հայաստան» դաշինքը կամ որեւէ այլ ուժ իշխանութեան հասնի, յաջորդ օրը պատերազմ պիտի յայտարարէ Ազրպէյճանի դէմ կամ պիտի պատռէ 9 նոյեմբերի յայտարարութիւնը: Այս առնչութեամբ հետաքրքրուած է նաեւ միջազգային ընտանիքը` գիտնալու, որ նոր ուժեր եթէ իշխանութեան գան, ինչպէ՞ս պիտի վերաբերին 9 նոյեմբերի պայմանագիրին հետ:

Բ. Պ.- 9 նոյեմբերի պայմանագիրը ցանկութիւններու շարք մըն է պարզապէս ու յայտարարութիւն, տակաւին խաղաղութեան բանակցութիւններու փուլին չենք հասած, հետեւաբար ճշդելի ու փոփոխելի շատ բան կայ, ինչպէս` Արցախի կարգավիճակ, ժողովուրդի անվտանգութիւն, սահմանային հարցեր, գերիներու վերադարձ: Մեզ երկար ու լուրջ բանակցութիւններ կը սպասեն` ապահովելու համար այն, ինչ որ կորսնցուցած ենք:

Հ.- Լաւատե՞ս էք ընտրութիւններուն գծով, թէ՞ յոռետես:

Բ. Պ.- Դժուար է ճշդել այդ մէկը, սակայն բացարձակ իրականութիւն է այն, որ այս ընտրութիւնները շատ կարեւոր են, որովհետեւ անոնցմով պիտի ճշդուի հայրենիքի ու պետականութեան ճակատագիրը: Եթէ այս իշխանութիւնը վերարտադրուի, շատ հաւանական է, որ  անվերադարձ կորսնցնենք մեր պետականութիւնը: Առ այդ, պէտք է միանգամընդմիշտ կասեցուի այս սխալ ընթացքը եւ մեր ժողովուրդին կողմէ բացարձակապէս մերժուի նիկոլիզմը: Տակաւին մենք մեծ աշխատանք ունինք տանելիք, որպէսզի կարենանք ժողովուրդին բացատրել, թէ հայութեան որքա՛ն մեծ վնաս հասցուց նիկոլիզմը, ատիկա բաւական ժամանակի կը կարօտի, որովհետեւ տակաւին մարդիկ համոզուած են անով, համոզուած են, որ մենք տկար ազգ ենք, ուստի պէտք է զիջինք: Բայց կայ նաեւ հասարակութեան մէջ ստուար զանգուած մը, որուն մէջ Դաշնակցութիւնը մեծ տեղ ու դեր ունի, որ կը հաւատայ մեր ուժին, բազուկին, սփիւռքի ներուժին, Արցախին ու Հայաստանին` քաջ գիտակցելով, որ այս եռամիասնութեամբ կարողացած ենք անցեալին ու պիտի յաջողինք ապագային յաղթահարել դժուարութիւնները եւ զարգանալ: Մենք այդ ուժին կը հաւատանք, անոր զօրութեան փաստը տուած ենք պատմութեան տարբեր փուլերու եւ կրցած ենք յաղթանակ կերտել, երկիր կառուցել, շէնացնել եւ բարգաւաճեցնել:

Ես կ՛ուզեմ կոչ ուղղել մեր հայրենակիցներուն, մանաւանդ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունեցողներուն, որ անպայման մասնակցին այս ընտրութիւններուն, թող քուէարկեն որո՛ւ որ կ՛ուզեն, մանաւանդ անոնց, որոնք նիկոլիզմը կը մերժեն: Գրանցուած մեր հայրենակիցները, անոնց հարազատները թող մասնակցին այս ընտրութիւններուն, ու քուէարկեն ի նպաստ «Հայաստան» դաշինքին,  թիւ 24 համարին:

aztagdaily.com