կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-05-07 23:08
Քաղաքական

Հայաստան. Ներիշխանական Եւ Ներքաղաքական Ճգնաժամ

Հայաստան. Ներիշխանական Եւ Ներքաղաքական Ճգնաժամ

Հակառակ տակաւին «Քորոնա» ժահրի առողջապահական սպառնալիքի առկայութեան, վարակման եւ նոր մահերու արձանագրութեան փաստին, որմէ դժբախատաբար  անմասն չի մնար նաեւ Հայաստանը, սակայն որոշ երկիրներ յատուկ ռազմավարութեամբ եւ պատշաճ գործիքակազմով կը պատրաստուին հետզհետէ մեղմացնել հաստատուած արտակարգ դրութեան եւ սահմանափակումներու կարգը եւ հանգրուանային ձեւով վերադառնալ` «կը յուսանք», դէպի բնականոն կեանք, գործ, դպրոց, շուկայ եւ այլն…

Բայց եւ այնպէս, ամէնուրեք անվիճելիօրէն առկայ է համատարած անորոշութիւն, որովհետեւ փաստօրէն կը խօսինք նոր տեսակի աշխարհի եւ կեանքի մասին, ուստի անորոշութեան եւ անապահովութեան զգացում, «Քորոնա» ժահրի տարածման հետեւանքներուն բերումով խորացած թշուառութիւն, աղքատութիւն, գործազրկութիւն, ընկերային անարդարութիւն ու ընկերային բարդ խնդիրներ, եւ վերջապէս՝ տնտեսական համակարգերու փլուզում:

Ի դէպ, Հայաստանի եւ Արցախի պարագային վերոնշեալ խնդիրներու առկայութեան փաստին զուգահեռ պէտք է առաւել արձանագրել հետեւեալ սպառնալիքները` երկրի անկայունութիւն, անվտանգութիւն եւ պատերազմի սպառնալիք:

Այդ իսկ պատճառով կ՛ակնկալուէր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ վարչակազմը, գէթ «Քորոնա» ժահրին ստեղծած եւ պատճառած մարդկային կորուստներուն եւ ընկերային-տնտեսական մակարդակի վրայ գործած աւերին ի տես, ճիգ չխնայեր ստեղծելու անհրաժեշտ բոլոր ենթակայական եւ առարկայական պայմանները՝ ապահովելու համար ներազգային համախմբուածութիւն, հասարակութեան համերաշխութիւն, քաղաքական եւ հասարակական բոլոր ուժերու միասնականութեան եւ երկրի ամբողջ ներուժի հաւաքագրում, ի խնդիր մէկ կողմէ «Քորոնա» ժահրի ստեղծած եւ պատճառած աննախընթաց խնդիրներու հարթման, իսկ միւս կողմէ` յետքորոնա ժամանակներուն յայտնուելիք կենցաղային եւ ընկերային-տնտեսական բարդութիւներու դիմակայման:

Իրապէս կ՛ակնկալուէր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ վարչակազմը առողջապահական եւ ընկերային-տնտեսական հաւաքական սպառնալիքի այս փուլին մէկ կողմ դնէր հատուածական նեղ հաշիւները, վրէժխնդրական եւ ամբոխավարական մօտեցումները, վերջ դնէր կործանարար ներքաղաքական բանավէճերուն, ցեխարձակումներուն, եկեղեցւոյ դէմ արշաւին, դատաիրաւական համակարգին վերաբերող վէճերուն, հասարակութիւնը պառակտող կեցուածքներուն եւ ելոյթներուն…

Կ՛ակնկալուէր, որ վարչապետ Փաշինեանի յաճախակի լայվերը աւելի պատշաճ, մատչելի, առարկայական եւ գործնական ըլլային, քան զգայացունց, յարափոփոխ եւ յաճախ հակասական: Մէկ խօսքով՝ տեսակ մը քաղաքական զինադադար յայտարարուէր, եւ ազգովին պայքարէինք «Քորոնա» ժահրին դէմ: Որովհետեւ այդ իմաստով կ՛ենթադրենք, որ ըսուելիք շատ բան կայ արտակարգ դրութեան կարգի պահպանման, սահմանափակումներու քաղաքականութեան, հակաճգնաժամային ծրագիրի բաղադրիչներու իրականացման եւ պետական օժանդակութիւններու մասին. մէկ կողմէ առկայ է  անմխիթար խաւի համայնքային ծախսերու (ջուր, ելեկտրականութիւն եւ այլն) վճարման գծով ստեղծուած անհեթեթ աղմուկը, իսկ միւս կողմէ՝ ճգնաժամային այս օրերուն անարդարութեան արգասիքը հանդիսացող եւ շարունակուող պետական պարգեւավճարումները, որոնք առ այսօր կը գերազանցեն 185 միլիոն ամ. տոլարը , եւ ընդհանրապէս «Քորոնա» ժահրի երեւոյթին դէմ իշխանութիւններու նախնական շրջանի անլուրջ ընդհանուր պահուածքը:

Հաւաքական սպառնալիքի այս փուլին Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ վարչակազմէն իրողապէս կ՛ակնկալուէր, որ վերատեսութեան ենթարկէր նախորդ երկու տարիները յատկանշող՝ երկիրը առանձին ղեկավարելու ոճը, եղանակը, տղայական բառապաշարը, ատելութեան, այլամերժութեան, կողմնակալութեան ու ամբոխավարական քաղաքականութեան վարքագիծը եւ համագործակցութեան ձեռք երկարէր բոլորին անխտիր:

Ի դէպ, պէտք է ընդգծել որ ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինը` «Քորոնա» ժահրի սպառնալիքի յայտնութեան առաջին իսկ փուլին, ընկալելով տուեալ օրակարգի լրջութիւնը եւ ունենալիք ծանրակշիռ ենթակայական ու առարկայական հետեւանքները, 50 կէտերէ բաղկացած թղթածրար մը ներկայացուց իշխանութիւններուն, սակայն, ինչպէս միշտ, այս առաջարկները Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ «ամենագէտ» վարչակազմին կողմէ անարձագանգ մնացին:

Անվիճելի իրողութիւն է, որ աշխարհով մէկ կ՛ապրինք արտահերթ միջպետական նոր յարաբերութիւններու, առողջապահական, ընկերային-տնտեսական եւ քաղաքական պայմաններու մէջ, իսկ ազգովին կ՛ապրինք արտակարգ առողջապահական, ընկերային-տնտեսական, քաղաքական ճգնաժամ, առաւել` ներազգային, դատաիրաւական, ռազմաքաղաքական, անվտանգութեան, Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից Ռուսիոյ հետ փոխյարաբերութեան լուրջ տագնապ եւ արցախեան բանակցութեանց ընդհանուր խնդիրներու անապահով փուլ մը, ուր օր առաջ անվիճելի անհրաժեշտութիւն է տուեալ օրակարգերուն շուրջ ներկայ իշխանութիւններու ռազմավարութեան մօտեցումներու ըստ էութեան հրապարակայնացումը:

Այս դիտարկումները կամ արձանագրութիւնները ինքնանպատակ չենք կատարեր՝ ներկայ իշխանութեանց հասցէին քաղաքական կէտ արձանագրելու համար:

Սոյն դիտարկումները չենք կատարեր` ներկայ իշխանութիւնները հեղինակազրկելու, վարկաբեկելու կամ անոնց ժողովրդականութեան հարուած հասցնելու համար:

Մենք այդ արհեստագիտութեամբ չենք զբաղիր: Մենք ընկերային ցանցերու վրայ ‎ֆէյքերու բանակներ չունինք, որպէսզի անոնց միջոցով ապատեղեկատուութեամբ եւ ձեռնածութեամբ զբաղինք: Առանց այդ ալ, ներկայ իշխանութիւնները այսուհետեւ իրենց հեղինակութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն վստահութիւնը վայելելու համար պէտք ունին առերեսուելու հանրութեան հետ եւ յստակացումներ կատարելու:

Յստակացումներ կատարել առնուազն վերջին քանի մը շաբաթներու իրադարձութիւններուն եւ ընդհանրապէս Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական եւ ներիշխանական զարգացումներուն կապակցաբար, սկսած` Գաւառի մէջ ապահովական խախտումէն, Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեանի փողոցային ծեծուըռտուքէն, մինչեւ պետական բարձր պաշտօնեաներու միջեւ քրէական գործով փոխադարձ ամբաստանութիւններու, նեղ իշխանական խումբերու միջեւ անհեթեթ մրցակցութիւններու, քաղաքական նոյն խումբի անդամներուն միջեւ ակնյայտ անհամաձայնութիւններու եւ Փաշինեանի եւ Ավինեանի միջեւ առնուազն լարուածութեան մասին լուրերը, նոյնիսկ եթէ վերջինիս կողմէ հերքուեցաւ հրաժարականի տարածուած լուրը:

Յստակացումներ կատարել նաեւ որոշ նախարարներու, տնօրէններու եւ օգնականներու գործէ արձակումի ու նորերու նշանակման մասին. այս իմաստով ամէնէն բարացուցականը կամ ուշագրաւը վերջերս Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մէջ տիրող իրավիճակն է վերջին նշանակումներու լոյսին տակ։ Եւ վերջապէս՝ ամէնէն էականն ու ճակատագրականը, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի՝ արցախեան բանակցութիւններու «փուլային» տարբերակին վերաբերեալ տխրահռչակ յայտարարութեան առիթով ի յայտ եկած՝ Փաշինեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի յայտարարութիւններուն եւ մօտեցումներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող անջրպետին մասին, գէթ յայտարարողական մակարդակի վրայ, երբ 4 մայիսին Ազգային ժողովին մէջ Մնացականեան` ի տարբերութիւն Փաշինեանի պնդումներուն, իր խօսքին մէջ չբացառեց Արցախի խնդիրի լուծման փուլային տարբերակի մասնակի պայմաններու առկայութիւնը եւ փաստօրէն հաստատեց, որ տեղի ունեցածը, դարձեալ ի տարբերութիւն Փաշինեանի պնդումներուն, բանակցութիւն է: Բառացիօրէն մէջբերենք պրն. Մնացականեանի խօսքերը. «Ես հակուած եմ այս ամէնը կոչել բանակցութիւն»:

Արդարեւ, հակասութիւններ, անորոշութիւններ, մշուշոտ արտաքին քաղաքականութիւն եւ ներպալատական կռիւներ, որոնք ըստ էութեան չեն նպաստեր, այլ` ուղիղ կը հարուածեն  արցախեան բանակցութիւններու հոլովոյթին, պետականաշինութեան, կայունութեան եւ հայկական զոյգ հանրապետութեանց անվտանգութեան:

Սոյն դիտարկումները չենք կատարեր, որպէսզի ներքաղաքական մթնոլորտ կամ քաղաքական իրավիճակներ ստեղծենք, մենք մեզի ատոր իրաւունքը չենք տար մանաւանդ այսօր, երբ առկայ են «Քորոնա» ժահրի սպառնալիքը, արտաքին ճնշումները եւ պատերազմի սպառնալիքը:

Սոյն դիտարկումները կը կատարենք անգամ մը եւս յուշելու Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւններուն, որ այս ոճով երկիրը ղեկավարելը ճակատագրական սխալ է: Այսպէս չի կրնար շարունակուիլ:

Սոյն դիտարկումները կը կատարենք ըսելու համար, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւնները պէտք է դադրին վհուկներու որսէն, պէտք է դադրին «նախկինները» կամ «հիները» հրէշի կերպարին մէջ ներկայացնելու ամբոխավարական քաղաքականութենէն, պէտք է դադրին տեւաբար անցեալով արդարացնելու այսօրուան բացթողումները, սխալները եւ անկարողութիւնները` պետական գործը գլուխ հանելու առումով, պէտք է դադրին անցեալին մէջ երկիրը պահելու, ապրեցնելու եւ անցեալի հոգեկերտուածքով հայրենիքը ղեկավարելու վարքագիծը:

Արդարեւ, պէտք է դադրին Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու՝ Արցախի Հանրապետութեան հարցի լուծման գծով ներքին թէ արտաքին հարթակներու վրայ յարափոփոխ, հակասական կեցուածքները եւ յայտարարութիւնները, մանաւանդ` Փաշինեանի վերելակային, խուսափողական եւ այլ տեսակի բանակցային յղացքներու մօտեցումները, որոնք, ըստ էութեան, յանգեցուցին Լաւրովի կողմէ բանակցութիւններու փուլային տարբերակի մասին յայտարարութեան, որ կտրուկ կերպով չհերքուեցաւ Հայաստանի բարձրագոյն իշխանութիւններուն կողմէ՝ վերադարձնելով արցախեան բանակցութիւնները եւ հայկական կողմը 1995-1996 թուականներու անբարենպաստ միջազգային պայմաններու սպառնալիքի հետեւանքներուն, վերյիշեցնելով Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական իրավիճակը, երբ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութիւններու պարտուողական եւ մշուշոտ արտաքին քաղաքականութեան բերումով, Հայաստանը եւ Արցախը Լիզպոնի վեհաժողովին միջազգային ինքնամեկուսացման կացութեան մատնեցին:

Այդ իսկ պատճառով, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը տուեալ մարտահրաւէրներուն եւ հարցադրումներուն կապակցաբար պարտաւոր է սպառիչ եւ գործնական պատասխաններով հանդէս գալ եւ, ոչ թէ հերթական անգամ քաղաքական, ընկերային-տնտեսական եւ դատաիրաւական կարգախօսներով իրականութիւնները խեղաթիւրելով եւ աղաւաղելով ամբոխավարական ճառեր արտասանել, ինչպիսին է անոր խօսքը Ազգային Ժողովի 6 մայիսի վերջին նիստին, ուր անոր կողմէ բոլորովին անտեղի եւ անբացատրելի կիրքով ակնարկուեցաւ օրուան հրատապ հրամայականներէն դուրս Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական կայուն երկիր ըլլալու փաստին եւ որ ոչ ոք ի վիճակի է խաթարել այդ իրականութիւնը: Կարծես թէ Հայաստանի կայուն ժողովրդավար երկիր ըլլալու փաստը հաստատումի կը կարօտէր այսօր: Դարձեալ անյաջող ճիգ` քաղաքացիները յուզող հիմնախնդիրներէն խուսափողական վերաբերում…

Արդարեւ, քաղաքացիներուն կողմէ, ըստ էութեան անկիւնադարձային եւ ճգնաժամային այս օրերուն, իբրեւ երկրի թիւ մէկ պատասխանատու վարչապետ Փաշինեանէն կ՛ակնկալուէր որոշ յստակացումներ կատարել, թէ ինչպիսի՛ն եւ իրենց պատկերացումները կամ ճամբու քարտէսը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած լրջագոյն մարտահրաւէրները դիմակայելու առնչութեամբ: Ինչ կը վերաբերի երկրի ճակատագիրին եւ ապագային, արցախեան բանակցութիւններուն, ընկերային եւ տնտեսական ճգնաժամին, «Քորոնա» ժահրի առողջապահական սպառնալիքին, պետական գործիքակազմի արդիւնաւէտութեան, հայ-ռուսական ըստ էութեան չափազանց վնասուած յարաբերութիւններուն եւ բազմաթիւ այլ հարցերու, որոնք միանշանակ կը կարօտին Փաշինեանի յստակացումներուն:

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ