Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Գանատայի ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Փիէռ Փոլիէվր Մոնթրէալի Հայ Բարեգործական Ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցաւ Մոնթրէալի եւ Լաւալի հայ համայնքի քաղաքական, մշակութային, կրօնական եւ այլ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն հետ: ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցիչ Պարոն Շահէ Թանաշեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Լեւոն Աֆէեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան: Խօսք առաւ պարոն Յակոբ Էվերէքլեան, որ Մոնթրէալի քաղաքապետ Ժերալտ Թրէմպլիի աշխատակազմի ղեկավարն էր, նաեւ եղած է Ներգաղթի եւ Բազմամշակոյթի նախարար Ճէյսըն Քէննի աշխատակազմին ղեկավար, իսկ 2008-ին եւ 2011-ին դաշնակցային ընտրութիւններուն մասնակցած որպէս թեկնածու: Էվերեքլեան շեշտեց, թէ Փիէռ Փոլիէվրի մէջ նոյն արժանիքները կը տեսնէ եւ թէ չի կասկածիր, որ ան պիտի ըլլայ Գանատայի յաջորդ վարչապետը:
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Հրակ Տարագճեան, որ անդրադարձաւ հայկական հարցերուն, ինչպիսիք են Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումն ու Ատրպէյճանի հայատեաց վերաբերմունքի կասեցումը, եւ այս նշեալ հարցերուն հանդէպ Պահպանողական կուսակցութեան սկզբունքային դիրքորոշման: Ան բարձր գնահատեց Փոլիէվրի այս ուղղութեամբ առ այսօր տարած աշխատանքը, հակառակ արտաքին ճնշումներուն, եւ կոչ ուղղեց, որ շարունակէ իր այս ընթացքը, յատկապէս երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօրուան աշխարհաքաքաղաքական կացութեամբ լուրջ վտանգի տակ է:
Ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Փիէռ Փոլիէվր իր խօսքը սկսաւ հայ ժողովուրդ ին եւ Պահպանողական կուսակցութեան բաժնեկցած համատեղ արժանիքներու անդրադարձով, որոնք են՝ հաւատքը, ընտանիքն ու ազատութիւնը, ապա նշեց, թէ հայ համայնքին հետ ունեցած է վաղեմի կապեր՝ 2003-ին, երբ Գանատայի Խորհրդարանի ընդդիմութեան առաջնորդ Սթոքվէլ Տէյի օգնական եղած ժամանակներէն, երբ վերջինս կը պայքարէր Խորհրդարանի դահլիճներուն մէջ յանուն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, եւ որոնց ընթացքին օրուան կառավարութիւնն ու ընդդիմադիրները կը հակազդէին անոր՝ թրքական հակաքարոզչութենէն մղուած, ապա երբ Պահպանողական կառավարութեան ղեկավար վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի օրօք, 25 Ապրիլ 2004-ին Գանատայի Խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ ընդունեց:
Որպէս Խորհրդարանի անդամ, ան յայտնեց, թէ իր կապերը, առ այսօր, նոյնքան ամուր մնացած են հայ համայնքին հետ: Ան անդրադարձաւ նաեւ Գանատայի Ծերակոյտի անդամ Լէօ Հուսաքոսի մասին, որ Գանատայի կառավարութեան կոչ ուղղած է պատժամիջոցներ սահմանելու Ատրպէյճանի կառավարութեան դէմ: Ան նաեւ դատապարտեց Գանատայի կառավարութեան մեղսակցութիւնը՝ թոյլ տալով զէնք ուղարկելու ատրպէյճանական կողմին:
Անդրադառնալով Գանատայի մէջ կեանքի բարօրութեան պայմաններուն յայտնեց, թէ անոնք Ազատական կուսակցութեան օրօք բարեկեցութեան չափանիշներուն չեն համընկնիր: Այսօր աշխատանքը արդարօրէն չի վարձատրուիր, բնակարանային ծախսերը կրկնապատկուած են, յանցագործութիւնները, օրինազանցութիւններն ու թմրամոլութիւնը սովորական երեւոյթ դարձած են ամէնուր: Ան նշեց նաեւ, որ սննդական նպաստներէն օգտուողներուն թիւը բարձրացած է 32 առ հարիւր տոկոսով եւ թէ 2 միլիոն անհատ դիմած է սննդական նպաստ ստանալու ընդամէնը մէկ ամսուան ընթացքին: Ան շեշտեց. «Գանատան այսպիսին չէր Ճասթըն Թրիւտոյի ղեկավարութենէն առաջ եւ այդպիսին պիտի չըլլայ անոր հեռանալէն ետք»:
Աւարտին հարց պատասխանի առիթ տրուեցաւ ներկաներուն, որուն ընթացքին «Հորիզոն»ի այն հարցին, թէ Արցախի ինքնորոշման հարցով ի՛նչ է կուսակցութեան դիրքորոշումը, ղեկավարը պատասխանեց, որ իրենք կ’աջակցին բոլոր ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքներուն:
Աղբյուրը՝ horizonweekly.ca-ի