կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-04-27 12:12
Սփյուռք

Հայկական ցեղասպանութեան ոգեկոչումը Կիպրոսի մէջ

Հայկական ցեղասպանութեան ոգեկոչումը Կիպրոսի մէջ

Այս տարի, Հայկական Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցը, քորոնա ժահրի համաճարակի պատճառած իրավիճակին պատճառով ոգեկոչուեցաւ աննախընթաց կերպով։

Երէկ, առաւօտուն, Նիկոսիոյ Սուրբ Աստուածածին՝ Առաջնորդանիստ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ անմահ Պատարագ առանց հաւատացեալ ժողովուրդի ներկայութեան, որ կենդանի կերպով սփռուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի դիմատետրի էջին վրայ։ Պատարագին հանդիսապետեց Կիպրահայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տէր Խորէն Արքեպիսկոպոս Տողրամաճեան։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Նիկոսիոյ Հոգեւոր Հովիւ Տէր Մոմիկ Քահանայ Հապէշեան, Լառնաքայի Հոգեւոր Հովիւ Տէր Մաշտոց քահանայ Աշգարեան, ինչպէս նաեւ՝ դպրաց դասի փոքրաթիւ անդամներ։ Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Տէր Խորէն փոխանցեց օրուայ պատգամը։
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում, եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ կանգնող՝ Հայկական Ցեղասպանութեան Յուշակոթողին առջեւ, որու մասնակցեցան Կաթողիկոսական Փոխանորդը, որ կը ներկայացնէր Ազգային Իշխանութիւնը, Կրօնական Խմբակցութիւններու՝ Նախագահական Յանձնակատար Ֆոտիս Ֆոտիու, որ կը ներկայացնէր Հանրապետութեան Նախագահ Նիկոս Անաստասիատիսը, ինչպէս նաեւ՝ Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը, որ կը ներկայացնէր կիպրահայ համայնքը։ Մահտեսեան զետեղեց նաեւ ծաղկեպսակ մը, Խորհրդարանի Նախագահ Տիմիթրիս Սիլլուրիսի անունով։

Ժամը 13:00ին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին, ՀՅԴաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Սիմոն Այնէճեան եւ յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀԵՄ-ՀՄԸՄի կողմէ ընկեր Նարեկ Դաւիթեան, ՀՕՄի Կիպրոսի Սօսէ մասնաճիւղի կողմէ՝ ընկերուհի Լենա Պահատուրեան եւ Համազգայինի Կիպրոսի Օշական մասնաճիւղի կողմէ՝ ընկեր Կարօ Գոչունեան:

Ընկեր Սիմոն Այնէճեան իր կարճ խօսքին մէջ, ուղղուած միութիւններուն ներկայացուցիչներուն, ըսաւ թէ «յիշատակի եւ պայքարի այս օրը ոչինչով կը տարբերի տարուայ մնացած օրերէն, որովհետեւ մենք եւ մեր միութիւնները, տարին մէկ չէ որ ձեռք ձեռքի տալով յառաջ կը տանինք հայապահպանումի, գաղութաշինութեան եւ հայ դատի պայքարը. ան մեր ամենօրեայ կեանքի ընթացքն է եւ մեր կոչումը, որու իրականացման համար զինուորագրուած ենք բոլորս, ամէն մէկը իր բնագաւառէն ներս։

Այս մասին տեղեկանում ենք Արձագանք Կիպրոսի ֆեյսբուքյան էջից։