կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-04-01 15:33
Սփյուռք

«Քորոնա» Ժահրը Եւ Համաշխարհային Համակարգի Անզօրութիւնը

«Քորոնա» Ժահրը Եւ Համաշխարհային Համակարգի Անզօրութիւնը

Առաջին հերթին, բնականաբար, մեր բոլորին մտածումները եւ ցաւակցական խօսքերը կ’երթան համաշխարհային մակարդակով տարածուող եւ մեծ աւերներ գործող «Քորոնա» ժահրին իբրեւ հետեւանք ցարդ արձանագրուած տասնեակ հազարներով զոհերուն պարագաներուն եւ նոյն համաճարակէն վարակակիրներուն` վերջիններուն մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում:

Ինչպէս նաեւ պէտք է խոնարհիլ բոլոր երկիրներու եւ պետութիւններու առողջապահական համակարգին սպասարկող իւրաքանչիւր նուիրեալի առջեւ, որ մէկ շունչով կը պայքարի «Քորոնա» ժահրին դէմ: Յարգա՛նք ու գնահատանք բոլոր գիտնականներուն, փրո?ֆ?եսէօրներուն եւ յատկապէս բժիշկներուն ու անոնց օգնականներուն` անոնց ցուցաբերած գերմարդկային ճիգին, անձնազոհութեան համար. արդարեւ, իրենց սրբազան առաքելութեան սկզբունքին հաւատարիմ, անոնք, խնդրոյ առարկայ դարձնելով անձնական առողջութիւնը, կը փորձեն ամէնուրեք եւ ամէն օր կեանքեր փրկել:

Անկասկած, այսօր բոլոր երկիրներու, պետութիւններու եւ քաղաքական իշխանութիւններու թիւ մէկ հրամայականը, նպատակը համապետական եւ համամարդկային կարողականութիւնները զօրաշարժի ենթարկել է` ի խնդիր տուեալ երկիրներու քաղաքացիներու առողջութեան ապահովման, օժանդակութեան եւ բոլոր անհրաժեշտ ու կենսական սննդական կարիքներու ապահովման, ինչպէս նաեւ ժամանակաւորապէս քաղաքացիները զերծ պահելու ամէն տեսակի պետական տուրքերէ: Անոնք կը միտին ականջալուր ըլլալ աշխատանքէ արձակուած անհատներուն դիմագրաւած խնդիրներուն եւ ընձեռել պետական վարկային այնպիսի քաղաքականութիւն մը, որպէսզի անհատներ, ընտանիքներ, ընկերութիւններ եւ ժողովրդային որոշ շերտեր կարենան տոկալ եւ դիմակայել ներկայ առողջապահական, ընկերային եւ սուր տնտեսական ճգնաժամը:

Ի դէպ, Լիբանանի պարագային ՀՅ Դաշնակցութեան  լիբանանեան կառոյցը բոլոր ժողովուրդներուն ողբերգութիւնը հանդիսացող «Քորոնա» ժահրի երեւոյթի ծագման առաջին օրերէն Շտապ մը կազմաւորեց իր կարողութեան համեստ պայմաններուն մէջ կարելի եղած չափով օժանդակելու գաղութի բոլոր կարիքաւոր զաւակներուն անխտիր, կացութիւնը մեղմացնելու եւ մանաւանդ համաճարակի սպառնալիքը հեռացնելու նպատակով առարկաներ բաշխելու աշխատանքի մը դիմեց` նախապատրաստուելով երկրորդ փուլով կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութիւններ տրամադրելու եւ նպաստաբաշխումի աշխատանքներուն:

Այսօր իրապէս ժամանակն է նուիրաբերելու, իւրաքանչիւր անհատ իր կարողութեան սահմաններուն մէջ պէտք է մասնակից դառնայ, ոմանք` նիւթական, ուրիշներ` ?ֆիզիքական եւ կազմակերպչական, այլոք` բժշկական եւ մասնագիտական, որպէսզի միասնականութեամբ եւ հաւաքական ուժերով կարենանք յաղթահարել այս դժուար փուլը:

Այսուհանդերձ, պէտք է արձանագրել, որ, թէեւ այսօրուան հրամայականը աշխարհով մէկ «Քորոնա» ժահրին դէմ համընդհանուր պայքարն է, բայց եւ այնպէս պէտք է այսօրուընէ մտածել այնպիսի վաղուան մը մասին, յատկապէս աշխարհի  «մեծերը», որ բնաւ չնմանի համաշխարհային տարողութեամբ այսօրուան երկիրներու եւ պետութիւններու կաթուածահար իրողութեան, երկիրներու առողջապահական համակարգի դժուարութիւններուն, ընկերային եւ տնտեսական ահաւոր իրավիճակներուն:

Փաստօրէն, պէտք է նաեւ արձանագրել, որ «Քորոնա» ժահրի առկայութիւնը եւ համաշխարհային տարողութեամբ տարածումը փաստեց դրամատիրական համակարգի ձախողութիւնը, ներկայ համաշխարհային պետական համակարգի եւ քաղաքական իշխանութիւններու փլուզումը: Արդարեւ, անոնք բնաւ պատրաստ չէին, հակառակ բազմապիսի եւ բազմատեսակ գիտական նուաճումներուն, դիմակայելու «Քորոնա»-ի կամ այլ տեսակի համաճարակի մը սպառնալիքին ստեղծած խուճապային իրավիճակներուն, բնաւ պատրաստ չէին կանխելու զոհերու եւ վարակակիրներու թիւերու ահաւորութիւնը կամ մեղմելու առհասարակ քաղաքացիներու իրավիճակը:

Արդարեւ, անհերքելի իրողութիւն է, որ գերպետութիւնները, ճարտարարուեստականացած երկիրները, հզօրագոյն ժողովրդավարութիւնները, Եւրոպական Միութիւնը եւ այլ միջազգային հաստատութիւններ ու կազմակերպութիւններ փաստացի անորոշութեան եւ անկարողութեան առջեւ յայտնուեցան: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ վերջին յիսուն տարուան ընթացքին աշխարհի «մեծերու» որդեգրած քաղաքական վարդապետութիւնները եւ ռազմավարութիւնները ստորադասեցին մարդը, կրթութիւնը, գիտութիւնը, մշակոյթը, կլիման, առողջապահութիւնը, ընկերային արդարութիւնը եւ գերադասեցին դրամատիրութեան անտառի օրէնքը, նիւթը, շահը, առարկան, չոր ու վայրի տնտեսութիւնը, անհաւասար եւ անարդար մրցակցութիւնը, զինուորական ճարտարարուեստը եւ այլոց տարածքները նուա?ճելու վարքագիծը:

Արդարեւ, այսօր, «Քորոնա» ժահրի յայտնութեամբ եւ սարսափելի տարածումով անհրաժեշտութիւնը փաստուեցաւ միանշանակ վերատեսութեան ենթարկելու համաշխարհային ամբողջ համակարգը, միջազգային ընտանիքի արժեհամակարգը, միջպետական յարաբերութիւններու ձեւաչափը եւ այլն®

Սակայն, մինչ այդ, պէտք չէ մտահան ընել, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ համընդհանուր պայքարին մէջ իւրաքանչիւր անհատ իր մասնակցութիւնը ունի` կարգապահութեամբ հետեւելու պետական բոլոր սահմանափակումներուն, թելադրանքներուն եւ ցուցմունքներուն` նուազագոյն շփումներ ունենալ, բնակարաններէն դուրս չելլել, նախազգուշական բոլոր անհրաժեշտ միջոցառումներէն չհրաժարիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ նուազագոյն չարիքով եւ զոհերով յաղթահարել ժողովուրդներու այժմու ողբերգութիւնը հանդիսացող «Քորոնա» ժահրին սպառնալիքը եւ յաղթական դուրս գալ անոր դէմ մղուած պայքարէն:

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ