Թեհրանի մէջ «Քորոնա» վարակի առաջին զոհը գրանցուեցաւ։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Թեհրանի իր աղբիւրէն։
«Արեւելք»-ի աղբիւրին համաձայն՝ մահացողը հայուհի մըն է ՝ Էլսիկ Մասիհի անունով. ան 85 տարեկան է, եւ շաբաթ մը առաջ փոխադրուած է հիւանդանոց։
Կը նշուի նաեւ, որ հայուհին շուրջ շաբաթ մը առաջ փոխադրուած էր Թեհրանի «Մասիհ Դանեշւար» հիւանդանոց, որ կը համարուի «Քորոնա» վարակէն բուժուելու գլխաւոր հիւանդանոցներէն մին։