կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-03-26 11:09
Սփյուռք

Հայ Դատը «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարելու Համար Հայաստանին Յաւելեալ Գումար Տրամադրելու Կոչ Կ՛ընէ

Հայ Դատը «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարելու Համար Հայաստանին Յաւելեալ Գումար Տրամադրելու Կոչ Կ՛ընէ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիի յղած նամակով Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան կոչ ըրաւ Հայաստանին յաւելալ եւ անմիջական աջակցութիւն տրամադրելու՝ նպաստելու համար «Քորոնա» ժահրին դէմ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ մղուող պայքարին, որուն կ՛աջակցին նաեւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը եւ ՀՕՄը։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ կը շարունակէ իր ջանքերը Միացեալ Նահանգներու 2021ի ամավարկին մէջ Հայատանի եւ Արցախի համար յատկանշական օժանդակութիւններ ապահովելու համար։

asbarez.com