Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Թրամփի վարչակազմին կողմէ Ատրպէյճանին 101.5 միլիոն տոլարի ռազմական աջակցութիւն տրամադրելու որոշումը մեծ մասմամբ պայմանաւորուած է Իրանի դէմ քայլերով, սակայն կասկած չկայ, որ այդ աջակցութիւնը նաեւ վտանգաւոր կը դարձնէ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւններ սպառնացող Ալիեւի վարչակազմը, կը գրէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեան, Ներկայացուցիչներու տան Յատկացումներու յանձնախումբին յանձնուած տեղեկագիրին մէջ։
Երիմեան կը նշէ, թէ Ատրպէյճանին այս գումարէն որեւէ մասի յանձնումէն առաջ, Ուաշինկթըն պէտք է հաստատ երաշխիքներ ստանայ Պաքուէն, որ անոնք Հայաստանի եւ Արցախի դէմ յարձակողական նպատակներով պիտի չօգտագործուին եւ կ՛աւելցնէ, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութեան հաւասարակշռութիւնը պէտք է պահպանել։
Երիմեան նաեւ կը շեշտէ Արցախի մէջ զինադադարի պահպանման նպատակով քոնկրեսականներ Ռոյսի եւ Էնկըլզի առաջարկներուն՝ Արցախի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները եւ ճամբորդութիւնները բնականոնեցնելու նպատակով թիւ 452 բանաձեւին վաւերացման կարեւորութիւնը։
Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ղեկավարներ Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր եւ Էտըմ Շիֆ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին յղած էին նամակներ, մտահոգութիւն յայտնելով Հայաստանին ու Ատրպէյճանին տրամադրուելիք ռազմական օգնութեան անհամաչափ ըլլալու իրողութեան նկատմամբ:
Քոնկրեսականները կ՛ընդգծեն, որ համաձայն չեն արտաքին գործոց նախարարութեան այն պնդումին, որ Ատրպէյճանին տրամադրուող մօտաւորապէս 102 միլիոն տոլարի ռազմական օգնութիւնը չի խաթարեր Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը եւ որեւէ կերպով Հայաստանին դէմ պիտի չ՛օգտագործուի:
«Կասկած չկայ, որ Ատրպէյճանին յատկացուող ռազմական օգնութեան աճը անհաւասարակշռութիւն կը ստեղծէ տարածաշրջանին մէջ եւ կ՛անտեսէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան մէջ քսանամեայ նախադէպը», նշած էին քոնկրեսականները՝ շեշտելով, որ ռազմական օգնութեան համաչափ տրամադրումը միակ ճանապարհն է, որով Ամերիկա կրնայ պահպանել տարածաշրջանային գերտերութեան հեղինակութիւնը, եւ կրնայ հաշտեցնել Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը:
Երիմեան տեղեկագիրին մէջ յատուկ տեղ տրամադրած է նաեւ Արցախի ականազերծման աշխատանքները իրենց լրումին հասցնելու եւ վերականգնողական ծրագիրներուն զօրակցելու նպատակով ամերիկեան աջակցութեան շարունակութեան, ինչպէս նաեւ կը շեշտէ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առեւտուրը եւ տնտեսական կապերը զարգացնելու նպատակով նոր համաձայնագիրի մը գոյացման կարեւորութիւնը։
asbarez.com